ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԱՒՍՏՐԱԼԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Մելպուռնի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Խաչեր Քհնյ. Յարութիւնեանի կողմէ գլխաւորուած ուխտաւորները հոգեւոր մեծ հրճուանք ապրեցան ստանալով Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւնը եւ հաղորդ դառնալով անոր պատգամին։ Աւստրալահայ ուխտաւորները Հայաստան մեկնելէ առաջ այցելած էին նաեւ Ս. Երուսաղէմ։

Ջերմ զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը փոխանցեց իր օրհնութիւնը ուխտաւորներուն ու վերյիշեց ներկայ տարեսկիզբին Աւստրալիա կատարած իր հովուապետական այցելութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց իր վկայութիւնը աւստը-րալահայութեան հայաշունչ եւ եկեղեցասէր կեանքին մասին։ Ան ընդգծեց, որ Մելպուռնի հայ համայնքը համախմբուած է իր հոգեւոր հովիւին շուրջ եւ հոգեւորականի այդքան սիրուած ըլլալը երաշխիք մըն է համայնքի պայծառութեան եւ հայկական ինքնութեան պահպանման։ Զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց երիտասարդներու ներգրաւումը ազգային-եկեղեցական կեանքին եւ այս նպատակին միտուած բազմապիսի ծրագրերու իրականացումը։ Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց, թէ ներկայ ուխտագնացութիւնը առաւել կը զօրացնէ հայորդիները իրենց հաւատքին մէջ։

Հանդիպման աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, որ Աստուած նորոգէ ուխտաւորներուն ուխտը՝ մշտապէս զանոնք պահելով իր սիրոյ եւ խնամքին ներքեւ։  

Ուրբաթ, Յունիս 28, 2019