ՆՈՐԱՕԾ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը նորաօծ քահանայ հայրեր, որոնք ձեռնադրուած էին անցեալ հոկտեմբերի 7-ին։ Այս եօթ նորաօծ քահանայ հայրերը, աւարտած ըլլալով իրենց ապաշխարութեան շրջանը, ներկայացան Վեհափառ Հայրապետին եւ ստացան իր օրհնութիւնները, նաեւ հայրական թելադրութիւնները իրենց յետագայ ծառայութեան վերաբերեալ։ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ յանձնառութեամբ անձնդիր ծառայութիւն մատուցանել ժողովուրդին եւ Եկեղեցիին։ Ան նորաօծ եկեղեցականներուն հաւաստիացուց, թէ անսակարկ ու նուիրեալ սպասաւորութեամբ միայն կարելի է արժանանալ ժողովուրդի սիրոյն, յարգանքին եւ ուշադրութեան՝ բարձրացնելով նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը։

Նորին Սրբութեան հայրապետական տնօրինութեամբ քահանաները ստացան նոր նշանակումներ եւ յառաջիկայ օրերուն կը մեկնին իրենց հովուական ծառայութեան վայրերը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2018