ՏԻՐՈՋ ՕՐԻՆԱԿՈՎ…

Աւագ շաբթուան ներկայ խորհրդաւոր օրերուն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատացեալները երէկ հոգեւոր անբացատրելի ապրումներ ունեցան։ Աւագ հինգշաբթի եւ Աւագ ուրբաթ օրերու աւանդական արարողութիւնները արդէն հաւատացեալները կ՚առաջնորդեն Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին։ Երէկ առաւօտ մատուցուած ընթրեաց Ս. Պատարագը, յետմիջօրէի Ոտնլուան, երեկոյեան Խաւարման կարգը եւ այսօրուան Խաչելութեան ու Թաղման կարգերը… Տէր Յիսուսի կեանքի առանցքային հանգրուանները, որոնք քրիստոնէական ամբողջ փիլիսոփայութիւնը կը պայմանաւորեն եւ հաւատացեալ ժողովուրդը կը կանչեն ամրապնդուելու իր հաւատքին մէջ։ Սա հայոց հայրերու լոյս հաւատքն է, որով դարերու հոլովոյթին մէջ միշտ կենսունակ ու արծարծուած պահպանուած է յոյսը՝ յարութեան յոյսը։

Տիրոջ օրինակով ընթանալու եւ Տիրոջ յարութիւնով հրճուելու, վերանորոգուելու եւ իրարու հետ յարութեան աւետիսը բաժնելով վերանորոգուելու ճանապարհին Աւագ շաբթուան արարողութիւններու նշանակութիւնը ծիսակատարութենէ շատ աւելին է։

Մինչ այդ, երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կատարեց Ոտնլուայի կարգը։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, Ս. Տրդատի բաց խորանին առջեւ Վեհափառ Հայրապետը Տէր Յիսուսի օրինակին հետեւելով լուաց միաբաններու, աշակերտներու եւ զինուորականներու ոտքերը։ Սա հեզութեան, խոնարհութեան եւ ծառայասիրութեան խորհրդանշական դրսեւորումն էր։ Այդ բոլորը հայ քրիստոնեայ հաւատացեալը միշտ կ՚ամրապնդեն իր հաւատքին մէջ եւ կ՚ապահովեն տոգորուիլ յոյսով, առաջնորդուիլ լաւատեսութեամբ եւ իրարու հետ ողջագուրուիլ սիրով ու եղբայրական տրամադրութիւններով։

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024