ԳՀԽ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ԲԵՐՁՈՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻՆ ՄԷՋ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒՄԸ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ սկսած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) նստաշրջանի օրակարգին վրայ կը գտնուին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ հարցեր։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ ժողովի ընթացքին ԳՀԽ տեղեկացած է Բերձորի միջանցքին մէջ հայ երիտասարդներու առեւանգման դէպքին։ Ուստի, ԳՀԽ խստօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կազմակերպած հերթական բռնութիւնն ու սադրիչ գործողութիւնը։ Խորհուրդը սա նկատեց Ատրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան շարունակական թշնամական դրսեւորումներէն մին։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2023