ՄԵՐ ՆԵՐԿԱՅ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Մեծ Պահքի 12-րդ օրն է:

Անոնք, որոնք ի վիճակի չեն կերակուրի պահեցողութիւն ընելու կամ հոգեկան որեւէ շահ չեն գտներ ատոնց մէջ, անոնց համար կը յանձնարարուին հետեւեալ բարոյական պահեցողութիւնները.

1. Մոլեկան սովորութիւններէն հրաժարիլ: Անշուշտ, մոլութիւններէն հրաժարելու համար Մեծ պահքին պէտք չէ սպասել, որովհետեւ ատոնցմէ ազատելու ճիգ ընելը իւրաքանչիւր մարդու բոլոր ժամանակներուն պարտքն է: Մոլորութիւնները, բացի մեր քսակին վնասելէ, կը խանգարեն նաեւ մեր հոգիին ու միտքին հաւասարակշռութիւնը: Ծնողներուն մոլութիւնները անմեղ եւ խոստմնալից զաւակներուն ապագան կը խորտակեն: Անթիւ ընտանիքներ կը կործանեն: Ծանր մոլութիւններով ախտահարուածները՝ թմրեցուցիչներուն եւ անբնական սեռական ախորժակներուն գերի դարձածները, դժբախտաբար, արդէն իսկ պահեցողութեան մասին մտածելու ի վիճակի չեն: Բայց անոնք, որոնք պահեցողութեան արժէք տալու չափ՝ իրենց բանականութեան ու հաւատքին տէր մնացած են, բայց միւս կողմէ թղթախաղի, ոգելից ըմպելիքի, ձիարշաւի եւ այլ տեսակի «ղումարներու» մոլի են, ասոնց համար, Նոր տարուան որոշումներէն աւելի (որոնք առհասարակ չեն պահուիր), Մեծ պահքի քառասնօրեայ շրջանը սքանչելի առիթ է այս մոլութիւններուն դէմ Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ Եկեղեցւոյ օժանդակութեամբ լրջօրէն պայքարելու: Ծխելէն կամ միւս մոլութիւններէն հրաժարելու հետ կապուած տանջանքը արդարեւ ինքնազրկանքի սքանչելի կերպ մըն է: Այս տեսակ ապաշխարութիւնն ու պահեցողութիւնը աւելի ընդունելի են Աստուծոյ եւ մարդուն համար՝ օգտակար: Մեծ պահքի ընթացքին խաղաթուղթի սեղանին մօտ չնստիլը կրօնական տեսակէտէ աւելի արժէք ունի, քան խնջոյքի՝ մսեղէններով սեղաններէն հրաժարիլը: Եւ երբ այսպէս 40 օրեր շարունակուի, մոլութեան ենթական հաւանաբար ամբողջ տարուան համար կը բուժուի խաղաթուղթի մոլութենէն, եւ բարոյական պահեցողութիւնը, իսկական ապաշխարութիւն ըլլալէ բացի, գոնէ այս կերպով գործնական նպատակի ալ կը ծառայէ:

2. Հրաժարիլ լեզուի հիւանդութիւններէն՝ շատախօսութենէ, ստախօսութենէ, հայհոյանքէ եւ ամէն տեսակի լեզուագարութիւններէ, որոնք դէմ են մարդկային արժանապատուութեան եւ խոր կերպով կը խոցեն մեր նմաններուն սիրտը: Հրաժարիլ գանգատներէ, տրտունջներէ, դառն ու յուսահատ արտայայտութիւններէ, որոնք մեր հոգեկան կենսունակութիւնը կը մեռցնեն եւ վնասակար մանրէի նման նաեւ ուրիշները կը վարակեն: Հրաժարիլ գոռում-գոչիւններէն, վիճաբանութիւններէն, կռուազանութիւններէն, որոնք կը խանգարեն մեր եւ մեր շուրջ եղողներուն խաղաղութիւնը: Աւելի ծանր եւ վտանգաւոր հոգեվիճակներու չենք անդրադառնար՝ դառն ատելութեան, սեւ նախանձին, նենգութիւններուն, դաւադրութիւններուն եւ նման լուրջ ախտերուն, որոնցմէ ազատելու համար ենթական յարատեւ եւ աւելի հետեւողական ճիգերու ու աստուածային մասնաւոր օժանդակութեան կարօտ է:

3. Ասոնք, սակայն, ժխտական թելադրութիւններ են ժխտական հոգեվիճակներէ ազատագրուելու համար: Ինչո՞ւ ճիգ չթափել արծարծելու նաեւ դրական հոգեվիճակներ՝ դրական գործեր կատարելով, այսինքն՝ պահքի նպատակը իրագործել աւելի կարճ ու գործնական ճանապարհներով: Հետեւաբար, բարոյական ապաշխարութիւններու կարգին կրնանք յատկապէս յանձնարարել բարիք գործելը: Ստոյգ է, որ բարիք գործելը բոլոր ժամանակներու ընթացքին սիրոյ մեր պարտականութիւնն է, եւ ոչ՝ ապաշխարութիւն, բայց անոնք, որոնք տարուան միւս օրերուն մարդկային այս հիմնական առաքինութեան մէջ թերացած են, մասնաւոր ճիգ պէտք է ընեն եւ գէթ Մեծ պահքի ընթացքին իրենք զիրենք նիւթական մասնաւոր զոհողութեան ենթարկեն:

4. Նիւթական օժադնակութիւններուն զուգահեռ, կամ եթէ ի վիճակի չենք նիւթական օգնութիւն ցոյց տալու, կրնանք ժամանակ տրամադրել ազնիւ նպատակներու՝ ծառայութեան մեր բաժինը բերելով՝ ուր ատոր պահանջը կայ: Հիւանդներուն եւ բանտարկեալներուն այցելել: Որբանոցներ եւ ծերանոցներ այցելել: Տունը մինակ մնացած անձերուն այցելել: Սուգ ու ցաւ ունեցողներուն մօտենալ եւ անոնց տրամադրութիւնը բարձրացնել՝ համեստ, անկեղծ եւ մարդկային զրոյցով բաժնեկցելով անոնց սուգն ու ցաւը:

Մանաւանդ Մեծ պահքի ընթացքին բոլոր մարդոց նկատմամբ բարեացակամութեամբ լեցուած ըլլալ, փողոցին մէջ՝ փափկանկատութեամբ, փոխադրական միջոցներուն մէջ՝ միւսներուն տեղ զիջելով եւ տակաւին բազմաթիւ այլ կերպերով արտայայտել մեր բարեացակամութիւնը իւրաքանչիւր մարդու հանդէպ՝ յաճախ մեր փոքր առաւելութիւններէն ու իրաւունքներէն մեզ զրկելով եւ միշտ մեր եսասէր տրամադրութիւնները մասնաւոր ճիգով զոհելով:

Երբ ասոնք առանց յաւակնութեան կատարուին, մենք այն համոզումը ունինք, թէ աւելի՛ կը ծառայեն պահեցողութեան ոգիին եւ նպատակին, միաժամանակ զուգահեռ կ՚ընթանան մեր ժամանակներու գործնական մտածողութեան, ինչպէս եւ առողջ ու դրական այնպիսի կրօնի, ինչպիսին քրիստոնէութիւնն է, հիմնական սկզբունքներուն եւ պահանջներուն:

Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան
Հատուածներ՝ «Մեծ պահքի կիրակիներու ոսկէ շղթան, գունագեղ կիրակիներ եւ Հոգեգալուստ» գիրքէն

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 2 եւ վերջ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Մարտ 3, 2023