ՔԷՕԼՆԻ ՄԷՋ ԱՐՑԱԽԻ ՇՈՒՐՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ միջազգային համաժողով մը, որ կազմակերպուած է՝ «Արցախի վտանգուած քրիստոնէական մշակոյթը» նիւթին շուրջ։ Այս համաժողովի կազմակերպիչներն էին Գերմանիոյ Կաթողիկէ եպիսկոպոսաց ժողովը, Գերմանիոյ Աւետարանական եկեղեցին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմը։ Հայաստանէն, Գերմանիայէն եւ այլ երկիրներէն մասնագէտներ հրաւիրուած էին այս համաժողովին, զոր վարեց Գերմանիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարարներէն Մարքուս Մեքել։

Համաժողովին մասնակցեցան Գերմանահայոց թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գրասենեակի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան, Հայաստանի Մարդու իրաւանց նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան եւ յուշարձանագէտ Համլէթ Պետրոսեան։

Համաժողովի ծրագիրը բաղկացած էր երկու մասէ։ Առաջին օրը տեղի ունեցան մասնագիտական-աշխատանքային փակ քննարկումներ, որոնց ընթացքին հայ եւ օտար մասնագէտներ ներկայացուցին Արցախի հայկական-քրիստոնէական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան կարեւորութիւնը, Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային իրաւունքի ոտնահարումները, հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման փաստերը, Արցախը միջազգային պաշտպանութեան տակ առնելու հնարաւորութիւնները։ Համաժողովի երկրորդ օրը բաց էր նաեւ այցելուներու համար։ Այս փուլի սկիզբին Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան ընթերցեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին օրհնութեան խօսքը։ Ապա բանախօսութիւնով հանդէս եկաւ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։ Այլ ատենախօսներ ալ անդրադարձան միջազգային իրաւունքի տեսակէտէ հայ-քրիստոնէական մշակոյթի փրկութեան ուղիներուն եւ քրիստոնեայ ժողովուրդներու մշակութային ժառանգութեան ընդհանուր տեսքին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2023