ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Հայաստանի վարչապետ վերանշանակուելուն կապակցութեամբ շնորհաւորական մը ուղարկեց Նիկոլ Փաշինեանին։

«Խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պատասխանատու պաշտօնին նշանակուելու առիթով կը յղենք ձեզի արդիւնաւէտ աշխատանքի մեր մաղթանքները։ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ մեր երկրի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը այսօր հրամայական կը դարձնէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու անվտանգութեան ապահովումը, Արցախի կարգավիճակի յստակեցումը եւ մեր հայրենիքէն ներս ընկերատնտեսական խնդիրներու լուծումը։ Առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ հայրենական ապահով բարօր կեանքի կերտման աստուածահաճոյ ուղին ներքաղաքական լարուածութեան լիցքաթափումն է, ազգային անդաստանէ ներս համերաշխութեան ու միաբանութեան մթնոլորտի հաստատումը։ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին՝ հաւատարիմ իր կոչման, պիտի շարունակէ իր աջակցութիւնը բերել մեր պետականութեան զօրացման՝ իր կարողութիւնները ի սպաս դնելով նաեւ հայրենիք-սփիւռք կապերու առաւել արդիւնաւորման, աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի ազգային ինքնութեան գիտակցութեան ամրապնդման եւ հոգեւոր կեանքի յառաջընթացին։

«Թող Երկնաւոր Տէրը իր օրհնութեան ներքեւ խաղաղ ու անվտանգ պահէ Հայաստան ու Արցախ մեր հայրենին, բարեշէն կեանք շնորհէ մեր ժողովուրդին եւ ձեզի՝ հայրենաշահ ձեռքբերումներ», նշուած է Վեհափառ Հայրապետի շնորհաւորականին մէջ, որ երէկ հրապարակուեցաւ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմին կողմէ։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան 8-րդ գումարման Ազգային ժողովի անդրանիկ նիստին ժամանակ հետեւեալ ելոյթով հանդէս եկաւ խորհրդարանի ամպիոնէն։

*

Մեծարգոյ նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան,

Յարգելի նախագահող,

Յարգելի պատգամաւորներ եւ ներկաներ,

Հայրապետական մեր օրհնութիւնը կը բերենք ձեզի Ազգային ժողովի 8-րդ գումարման անդրանիկ նիստի առիթով եւ կը շնորհաւորենք նորընտիր պատգամաւորները։

Այսօր մեր հայրենիք Հայաստանն ու Արցախը կը դիմակայեն արտաքին եւ ներքին լուրջ մարտահրաւէրներու՝ Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող բռնութեան ու ծաւալապաշտական նկրտումներու դէմ յանդիման։ Հայրենական կեանքի մէջ ծառացած հիմնախնդիրները յաղթահարելու համար հրամայական է պետական, քաղաքական գործիչներու եւ ամբողջ հասարակութեան համախմբումը, քաղաքացիական պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւնը, համընդհանուր զգաստութիւնն ու բարեխղճութիւնը։ Բոլորիս փափաքն ու ձգտումն է մեր հայրենիքի անվտանգութիւնն ու յառաջընթացը, խաղաղ ու բարեկեցիկ կեանքի կերտումը, ինչ որ մեծապէս պայմանաւորուած է նաեւ օրէնսդիր մարմնի եւ ձեւաւորուելիք կառավարութեան գործունէութեամբ։

Այսօր դուք կը ստանձնէք ձեր պարտականութիւնները՝ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններով կարեւոր ներդրում բերելու տնտեսութեան շարունակական զարգացման, գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի յառաջընթացի գործին մէջ, պաշտպանելու անխաթարութիւնը մեր ինքնութեան ու արժէքներու եւ հաստատուն պահելու արդարութիւնն ու իրաւունքը։ «Երանի անոնց, որոնք իրաւունքը կը պահեն եւ ամէն ժամ արդարութիւն կը գործեն», կ՚ըսէ Սուրբ Գիրքը (Սաղմ. 105.3)՝ վկայելով, որ արդարութիւնն ու օրինապահութիւնն են գրաւականը երկրի եւ ժողովուրդի բարօրութեան եւ յարընթաց բարգաւաճման։ Օրէնսդրական ձեր գործունէութիւնը՝ արդարութեան եւ իրաւունքի գերակայութեամբ, միտուած պէտք է ըլլայ ձեւաւորելու անհրաժեշտ միջավայր ու հնարաւորութիւններ մեր պետութեան հզօրութեան եւ ապահովութեան, մեր երկրի արժանապատիւ կեանքի համար։ Այս նուիրական դարաւոր իղձը իրականութիւն դարձնելու ուղին մեր հայրերու պատգամի իրագործումն է։ Անոնք ըստ Աւետարանի ուսուցանած են, որ օրէնքը մարդու համար է եւ ոչ թէ մարդը՝ օրէնքի (հմմտ. Մարկ. 2.27)։

Մեր երկրէն ներս տիրող ներկայ ծանր իրավիճակին մէջ եւ տարածքաշրջանէ ներս առկայ բարդ ու դժուարին հանգամանքներու մէջ մենք կենսականօրէն պէտք ունինք միասնութեան, հանդարտութեան, յուզումներու ու լարուածութեան թօթափման՝ ատելութեան, վրէժխնդրութեան ու պառակտումներու փոխարէն։ Մենք բոլորս պէտք է քաջ գիտակցինք, որ ազգային եւ հասարակական համերաշխութեան այլընտրանք չկայ։ Առաջնահերթօրէն եւ այս խորհրդարանէն, կառավարական համակարգէն պէտք է սերմանուի սէրը, փոխհասկացողութիւնը, բարի կամեցողութիւնը հասարակութեան մէջ։ Խորհրդարանական գործունէութեան ընթացքին քննադատութիւնները թող հնչեն միայն կառուցելու եւ սխալները շտկելու նպատակով, բանավէճերը թող ծաւալուին ճշմարտութիւնը գտնելու, ճշմարտութեան հոգիով առաջնորդուելու եւ այդ ճշմարտութեան վրայ խարսխելու օրինայարգ հանրային կեանքը եւ պետութեան կենսագործունէութիւնը։

Հայրապետական մեր յորդորը կը բերենք ձեզի, որպէսզի քաղաքական հայեացքներու եւ տեսակէտներու բազմակարծութիւնով հանդերձ, մեր հայրենիքի եւ ժողովուրդի լուսաւոր ապագայի կերտման նոյն ձգտումով աշխատինք համախումբ՝ մեր պետութեան անսասանութեան, ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներու յաղթահարման, արտագաղթի կանխման, սփիւռքի հետ կապերու ու գործադրութեան առաւել արդիւնաւորման ջանքերով։ Ամուր պահեցէք հաւատարմութիւնը մեր հոգեւոր եւ ազգային արժէքներուն, հայրենիքի գերագոյն շահերուն, մեր սուրբ նախնեաց եւ հայրենեաց պաշտպան նահատակ զաւակներու հաւատին ու նուիրական տեսիլքին, որպէսզի ազգովին ունենանք շնորհն ու զօրութիւնը կերտելու մեր պետութեան եւ հայրենական կեանքի զարթօնքը։

Մեր Սուրբ Եկեղեցին բոլոր ժամանակներուն առաջնորդած է մեր ժողովուրդը հոգիի փրկութեան, մտքի լուսաւորութեան, ազգային կեանքի վերելքի, նաեւ օրհնած ազատագրական պայքարները, սատարած պետականութեան վերահաստատման մաքառումներուն։ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին այս տեսլականով միշտ իր ձայնը բարձրացուցած է հայրենիքի համար վտանգաւոր ընթացքներու, ազգային ինքնութեան սպառնալիքներու, մեր ժողովուրդի իրաւունքներու ու արժէքներու ոտնահարման դէմ։ Հաւատարիմ իր կոչման՝ մեր Սուրբ Եկեղեցին պիտի շարունակէ տէրունապատուէր իր առաքելութիւնը՝ զօրակից ու օգտակար ըլլալով հայրենաշէն ու ազգաշահ բոլոր ջանքերուն՝ ի սէր մեր ժողովուրդի եւ պետութեան։

Կ՚աղօթենք, որ Աստուած իմաստութիւն պարգեւէ եւ աջակից ըլլայ ձեզի ձեր գործունէութեան մէջ, որպէսզի Ազգային ժողովի առաքելութիւնը արգասաւորուի ցանկալի արդիւնքներով՝ յանուն հայրենիքի յառաջընթացի, մեր ժողովուրդի խաղաղ, ապահով ու արժանապատիւ կեանքի։ Բարի եւ օրհնեալ ընթացք Ազգային ժողովի 8-րդ գումարման աշխատանքներուն։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 3, 2021