ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԻ ՊԱՅԹՈՒՄԻ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Լիբանանի մէջ վաղը պիտի նշուի Պէյրութի նաւահանգիստի մեծ պայթումի առաջին տարելիցը։ Այս կապակցութեամբ սահմռկեցուցիչ դէպքի տարելիցին ընդառաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան պայթումի զոհերուն հոգւոցն ի հանգիստ Անթիլիասի մէջ կազմակերպուած հոգեհանգստեան պաշտօնին նախագահելու առընթեր, տարելիցի առթիւ ըսաւ. «Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն տարի մը յետոյ արդարութիւնը կը շարունակէ մնալ անտեսուած»։

Ըստ Նորին Սրբութեան, արդարութիւնը չի կրնար քաղաքական նկրտումներու եւ անձնական հաշիւներու զոհ դառնալ։ Ինչ որ պատահեցաւ տարի մը առաջ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ, չի կրնար հաշուետուութենէ զերծ մնալ։ «Պատասխանատուները ժողովուրդին հաշիւ պէտք է տան՝ իրենց անպատասխանատու վերաբերմունքին համար։ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը ոչ միայն պատճառ դարձաւ յսկայ քանդումներու ու բազմաթիւ զոհերու, այլեւ յստակօրէն պարզեց կարգ մը պետական պատասխանատուներու անփոյթ ու անխիղճ վերաբերմունքը՝ իրենց վստահուած պաշտօններուն դէմ։ Ժողովուրդը հաշուետուութիւն եւ արդարութիւն կը պահանջէ», ըսաւ ան։

Հարկ է նշել, որ այս չորեքշաբթի լիբանանահայութիւնը հրապարակային ձեռնարկով մը պիտի նշէ պայթումի տարելիցը, նաեւ նոյն օրը պիտի մասնակցի նաւահանգիստին մէջ նախատեսուած հաւաքական աղօթքին։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 3, 2021