ԽՐԱԽՈՒՍԵԼ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆԸ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած «Ֆրեսքօ» արդի արուեստի եւ հոգեւոր ժապաւէններու միջազգային փառատօնը այս օրերուն անմիջական ուշադրութեան կ՚արժանանայ իր ճոխ յայտագրով։ Այս փառատօնի մասնակից հիւրերը, կազմակերպիչներն ու կամաւորները նախընթաց օր Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ հիւրընկալուեցան Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։

Փառատօնի համահիմնադիր Աննա Կարապետեան այս առթիւ անդրադարձաւ «Ֆրեսքօ»ի շրջանակին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկներուն եւ անոնց դրական արձագանգին։ Ապա ան ներկայացուց փառատօնի պատուոյ հիւրերն եւ մասնակիցները՝ շեշտելով, որ կամաւորական աշխատանքներուն այս տարի ներգրաւուած են բազում երիտասարդներ։ Փառատօնի աշխատանքներուն անդրադարձաւ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդական միաւորման պատասխանատու Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեան։

Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը ներկաներուն հետ բաժնեց իր օրհնութիւնը։ Ան մասնաւոր ուրախութիւն յայտնեց, որ փառատօնը ամէն տարի աւելի մեծ ճանաչում եւ ընդգրկում ձեռք կը բերէ՝ գրաւելով երիտասարդներու հետաքրքրութիւնը, ընդլայնելով անոնց մասնակցութիւնը կազմակերպչական աշխատանքներուն։ Նորին Սրբութիւնը ցաւով մատնանշեց, որ ներկայ ժամանակներուն մարդկութեան առջեւ ծառացած զանազան մարտահրաւէրներու հետեւանքով հոգեւոր արժէքները երբեմն կ՚ապրին նահանջ։ Ուստի, առաւել կարեւոր եւ արդիական կը դառնան բարոյական, հոգեւոր արժէքներու տարածման ուղղեալ նման նախաձեռնութիւնները։ Նորին Սրբութիւնը այս առումով կարեւորեց «Ֆրեսքօ» փառատօնի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեւ գոյացած համագործակցութիւնը։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ այս փառատօնը պիտի շարունակէ իր աստուածահաճոյ գործունէութիւնը եւ դրական արձագանգներու պիտի արժանանայ թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ անոր սահմաններէն դուրս։

Իր խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց քոյր եկեղեցիներու կողմէ ուղարկուած ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը այս փառատօնին։

Ուրբաթ, Օգոստոս 30, 2019