ՎԱԽՆԱԼ ԱՍՏՈՒԾՄԷ

Մեծ Պահքի 40-րդ օրն է:

Մեծ պահոց այս խորհրդածութիւններուն երբ սկսանք, առիթով մը անդրադաձանք Աստուծմէ վախնալու հասկացողութեան, եւ բացատրեցինք, թէ քրիստոնէական հասկացողութեամբ Աստուծմէ վախնալ կը նշանակէ Անոր նկատմամբ երկիւղ ունենալ, եւ ո՛չ թէ սոսկ վախնալ:

Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Սիրելինե՛ր, ձեզի կ՚ըսեմ.- Մի՛ վախնաք անոնցմէ որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ ապա ուրիշ բան չեն կրնար ընել: Ըսեմ թէ որմէ՛ վախնաք: Վախցէք Աստուծմէ, որ ձեզ սպաննելէ ետք իշխանութիւն ունի դժոխք նետելու: Այո՛, կ՚ըսեմ ձեզի, Անկէ վախցէք» (Ղկ 12.4-5):

Այստեղ Տէր Յիսուս մեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ դէպի մեր հոգին, ըսել ուզելով որ վախնանք մեր հոգիին մահէն, քան թէ ֆիզիքական մահէն, որ ժամանակաւոր է եւ յատուկ այս աշխարհին, մինչ հոգիին մահը՝ յաւիտենական է, եւ իրեն ընկերակից ունի չվերջացող տանջանքներն ու նեղութիւնները: Արդարեւ, անոնք որոնք մարմինը կը սպաննեն՝ մարդու ֆիզիքականին է, որ վնաս կը պատճառեն, այլ խօսքով վերջ կու տան անոր ֆիզիքական կեանքին, մինչ մեր հոգիին ապրած մեղսալից կեանքը եւ Աստուծմէ չվախնալու ու չակնածելու մեր ընթացքը՝ մեր հոգիին է, որ կը վնասեն, եւ այն ալ՝ անդարմանելի վնասով. այդ պատճառով է, որ մեր Տէրը կը թելադրէ մեզի Աստուծմէ վախնալ. վախնալ ո՛չ թէ բառացի ընկալումով, այլ՝ վախնալ մեր հոգին յաւիտենական կործանումէն ու մահէն ազատելու համար: Սուրբ Ամպրոսիոս այս մասին կը գրէ. «Պէտք է հոգիին չարչարանքներէն վախնանք եւ ո՛չ թէ մարմինի սպանութենէն: Արդարեւ, մահը բնական աւարտն է մարմնական տանջանքներուն, սակայն պատիժին աւարտը չէ, որովհետեւ ան վերջ կը դնէ մարմինի (ժամանակաւոր) տանջանքներուն, իսկ հոգիին պատիժը՝ յաւիտենական է, որով պէտք է միայն Աստուծմէ վախնանք»:

Իսահակ Ասորին կը գրէ. «Սուրբերէն մէկը ըսած է. մարմինը փորձութիւններէն վախնալով -որպէսզի նեղութիւն չկրէ եւ կամ իր կեանքը կորսնցնէ- մեղքին ընկեր կը դառնայ, ու այդ պատճառով է որ Սուրբ Հոգին կը ստիպէ իրեն մեռնիլ, որովհետեւ եթէ չմեռնի՝ չի՛ կրնար մեղքին յաղթել:

Եթէ ոեւէ մէկը փափաքի Աստուծոյ բնակարան ըլլալ, ապա պէտք է ճնշէ իր մարմինը ու Տիրոջ ծառայէ, կատարէ Հոգիին պատուիրանները, եւ իր մարմինը պահէ մարմինի գործերէն, որոնց մասին Առաքեալը գրած է: Մեղքով շաղախուած մարմինը՝ մարմինի գործերով կը հանգստանայ, իսկ անոր պտուղները՝ զԱստուած չե՛ն հանգստացներ…:

Այստեղ կը մահանամ, որպէսզի հոգիին իրական մահը, այսինքն՝ Աստուծմէ բաժանումը չտեսնեմ: Աւելի լաւ է ինծի համար այստեղ մեռնիլ ապականութեան համար, քան թէ վատ կեանքով ապրիմ: Այս մահը ընտրեցի ազատ կամքովս՝ մեղքերուս համար»:

Հետեւաբար, վախնա՛նք Աստուծմէ, այսինքն՝ մեր հոգիին Անկէ բաժնուելէն, որովհետեւ ո՛վ որ Աստուծմէ կը վախնայ, այսինքն՝ կը վախնայ որ իր հոգիին Աստուծմէ բաժնուի, աւելիով կը սիրէ զԱստուած, կը կառչի Անկէ եւ կը հնազանդի Անոր կամքին, գործադրելով Անոր պատուիրանները եւ հաւատարիմ մնալով Անոր պատկերին ու նմանութեան:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2023