ՀՈՎԻՒՆԵՐ ՃՇՄԱՐԻՏ ՀՈՎԻՒԻՆ ՄՕՏ

Այսօր հովուացն տեսեալ զարդարութեան արեգակն.
Եւ ընդ հրեշտակս երգէին փառք ի բարձունս Աստուծոյ։

(Շարական Աստուածայայտնութեան)

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Նոր տարի մը եւս դիմաւորելու, ամանորեան ուրախութեան շնորհքին արժանացածներու ապրած երջանկութեան պահերէն անմիջապէս յետոյ, նոյն շաբթուան մէջ կը տօնենք Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։ Ըլլալով տարւոյն առաջին շաբթուան մէջ տօնելի տաղաւար, ան կը ներկայանայ Սուրբ Ընտանիքի շրջանակէն ներս պատահած ծննդաբերութեան մը յիշատակութեամբ եւ տօնակատարութեամբ։ Պատմութեան մէջ առաջին անգամ չէր որ նորածին մանուկ մը աշխարհ գալով կ՚ուրախացնէր ընտանիք մը։ Սակայն, Բեթղեհէմի մէջ իրականացած այս ծննդաբերութեան արձանագրութիւնը տիեզերքի տարեգրութեանց մէջ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի փայլէր որպէս եզակի ծնունդ, պահելով նաեւ իր անկրկնելի ըլլալու հանգամանքը։ Այս ծննդաբերութիւնը եզակի էր, որովհետեւ աշխարհ եկած ընտանիքը ի տարբերութիւն այլ ընտանիքներու պիտի ճանչցուէր որպէս «Սուրբ Ընտանիք»։ Եզակի էր, որովհետեւ նորածինի աշխարհ գալը կարելի չէր բացատրել բնութեան օրէնքներով, ըլլալով «Մեծ եւ սքանչելի խորհուրդ մը»։ Եզակի էր, որովհետեւ առթած ուրախութիւնը ընտանիքի մը սահմանները անդրանցելով, պիտի ըլլար՝ «ամբողջ ժողովուրդին» (Ղուկաս, 2.11)։

Մեր ժողովուրդի ընկերային կեանքէն ներս էր երբեմն կ՚ապրուէր գեղեցիկ աւանդութիւն մը։ Յատկապէս հայահոծ թաղերու մէջ մանուկներ, իրենց բնակած շրջանակի մերազն ընտանիքներու բնակարաններուն առջեւ հաւաքուելով կանթեղ ի ձեռին կ՚երգէին «Մեծ եւ սքանչելի խորհուրդի յայտնութեան» աւետիսը։ Մանուկներու այս այցելութիւնները իսկութեան մէջ իմաստալից ու խորհրդանշական պատկերացումն էր Սուրբ Ընտանիքի մօտ հովիւներու տուած այցելութեան։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը իրականացումն էր Հին ուխտի մարգարէութեանց։ Սրբազան շարականագիրը իր գրիչը կը շարժէ արձանացնելով Մաղաքիա մարգարէի մարգարէութիւնը. «Բայց ձեզի՝ իմ անունէս վախցողներուդ՝ Արդարութեան արեգակը պիտի ծագի» (Մաղաքիայ, 4.2)։ Ակնարկուած «արդարութեան արեգակ»ի ծագումը, նոյնինքն Աստուծոյ Միածին Որդւոյն յայտնութիւնն էր։ Նիւթական արեգակը ոչ միայն կը լուսաւորէր աշխարհը, այլ նաեւ կը ջերմացնէր զայն։ Նիւթական արեգակը կեանքի աղբիւրն է, առանց որուն կարելի չէ երեւակայել, թէ կեանքը կրնայ գոյատեւել։ Եթէ նիւթական արեգակի կարեւորութիւնը անուրանալի է, որքան առաւել եւս կարեւոր է Արդարութեան Արեգակը՝ Քրիստոս, որ Հօր Աստուծոյ արարչագործ Խօսքին մարմնացումն է եւ «Ճշմարիտ լոյսը, որ կը լուսաւորէ խաւարին մէջ…, կը լուսաւորէ ամէն մարդ, որ աշխարհ պիտի գայ» (Յովհաննէս, 1.5,9)։ Արդարութեան Արեգակի ծննդեան մասին մարգարէացաւ նաեւ Միքիա ըսելով. «Դուն, ով Բեթլեհէմ, տուն Եփրաթայի, թէեւ փոքր ես Յուդայի գիւղերուն մէջ, սակայն քեզմէ պիտի ելնէ Իսրայէլի իշխանը, որուն ծագումը կ՚երթայ մինչեւ սկիզբն աշխարհի» (Միքիա, 5.2)։

Փառաւոր յայտնութեան աւետիսը առաջին անգամ ստացան հովիւներ, որոնք իրենց օրապահիկը ճարելու համար կ՚աշխատէին, տէր կանգնելով իրենց պահպանութեան յանձնուած ոչխարներու հօտին, մանաւանդ պահպանելով վայրի անասուններու յարձակումներէն։ Հովիւներ, ընկերութեան մէջ կը գտնուէին արհամարհելի մակարդակի մը վրայ, հակառակ անոր որ իրենք ոչ արհամարհելի գործ մը կը կատարէին։ Չենք գիտեր, աստուածային նախախնամութեան տնօրինո՞ւմն էր արդեօք, որ մեծ եւ սքանչելի խորհուրդի յայտնութիւնը հրեշտակէն նախ եւ առաջ աւետուեցաւ իրենց, հակառակ անոր որ կային մեծատուններ, բարձր դիրքի հասած եւ պալատանման ապարանքներու մէջ բնակողներ։ Պօղոս առաքեալ ապագային պիտի գրէր, ընդգծելու համար իրաւ իմաստութիւնը եւ զօրութիւնը, որոնք յաչս Աստուծոյ արժէք կը ստանային. «ըստ մարմնի՝ ոչ շատ իմաստուններ, ոչ շատ հզօրներ եւ ոչ ալ շատ ազնուականներ կանչուեցան. Բայց Աստուած ընտրեց այս աշխարհի յիմարները, որպէսզի ամչցնէ իմաստունները. եւ Աստուած ընտրեց այս աշխարհի տկարները, որպէսզի ամչցնէ զօրաւորները. Եւ Աստուած ընտրեց աշխարհի ոչ-տոհմիկները եւ արհամարհուածներն ու ոչինչները, որպէսզի բան մը կարծուածները ոչինչի վերածէ» (Ա. Կորնթացիս, 1.27-29)։ Հովիւներ սաստիկ վախցան, երբ Տիրոջ հրեշտակին անսպասելի երեւումին առընթեր յանակնկալս Տիրոջ փառքը ծագեցաւ անոնց վրայ։ Հրեշտակի աւետիսին մէջ կը ներկայացուէր նորածին մանուկին Փրկիչ, Օծեալ եւ Տէր ըլլալու հանգամանքները։ Շարականի բառերով «Ոչ մեկնելով ի Հօրէ ի սուրբ այրին բազմած» Քրիստոս աշխարհ եկաւ Դաւիթի քաղաքին մէջ։ Կը յիշենք, թէ Յեսսէի ամենակրտսեր զաւակը Դաւիթ, որ հովուութիւն կ՚ընէր Բեթղեհէմի մէջ, ինչպէս արժանացած էր Աստուծոյ ընտրեալ ըլլալու պատիւին եւ թագաւոր օծուած՝ Սամուէլի ձեռամբ (Ա. Թագաւորութեանց, 16.13)։ Բեթղեհէմ, այս անգամ ծնունդ կու տար «Ճշմարիտ Հովիւին», որուն առաքելութիւնը կը կայանար կորսուածը փնտռելու եւ զայն գտնելու առաջադրութեան հիման վրայ, ցուցաբերելի զոհաբերութեամբ։ Եւ այս առաքելութեամբ օժտուած «Ճշմարիտ Հովիւ»ի յայտնութեան ամենամեծ աւետիսը կը տրուէր պարզակենցաղ հովիւներուն։ Եւ այս հովիւները իրենց մատնուած երկիւղալի հոգեվիճակէն կրցան դուրս գալ զօրութիւն զգենալով, երբ լսեցին աւետիսին յաջորդող հրեշտակային օրհներգը. «Փառք Աստուծոյն բարձունքներու մէջ, եւ խաղաղութիւն երկրի վրայ ու հաշտութիւն մարդոց միջեւ»։ Երբ հրեշտակները երկինք բարձրանալով հեռացան, հովիւները մնացին միայնակ եւ իրենց պահպանութեան պաշտօնին հետ գլուխ գլխի։ Սակայն այլեւս անոնք թօթափած էին երկիւղը։ Եւ փոխանակ երկիւղի, անոնք ցուցաբերեցին քաջութիւն հրեշտակէն ընկալուած աւետիսին ուղղութեամբ ընթանալու։ Եւ գացին ու տեսան խանձարուրի մէջ փաթթուած նորածին Մանուկը, որ էր «Աշխարհի Լոյսը», «Բարի եւ անձնդիր Հովիւը», «Ճանապարհը», «Ճշմարտութիւնը» եւ «Կեանքը»։ Որքա՜ն տպաւորիչ է այս այցելութեան տեսարանը. փոքրիկ հովիւ Դաւիթի քաղաքին մէջ աշխարհ եկած Ճշմարիտ Հովիւին առաջին այցելողները կ՚ըլլային հովիւներ։ Անոնք այս այցելութենէն յետոյ նախ Աստուծոյ փառք տուին իրենց տեսած եւ ապրած պահերուն համար եւ յետոյ որպէս առաջին լուսաւորուածներ, եղան քարոզողները այս սքանչելի յայտնութեան։ Այս երեւոյթը ճշմարտութիւն էր, թէ «Վառուած ճրագը գրուանի տակ չէր դրուած, այլ՝ աշտանակի վրայ, որպէսզի լոյս տար բոլոր անոնց՝ որոնք տան մէջ կը գտնուին» (Մատթէոս, 5.15)։ Անոնց մէջ լռելեայն կը յայտնուէր Սուրբգրային ճշմարտութիւն մը, ըստ որում «ով որ Տիրոջ անունը կանչէր պիտի ապրէր», որուն շարունակութեանը կը հանդիպինք հարցումներու շղթայի մը. «Բայց ինչպէ՞ս կանչեն զայն, երբ չհաւատացին անոր. կամ ինչպէ՞ս հաւատան, երբ չլսեցին զայն. կամ ինչպէ՞ս լսեն, երբ մէկը չէ քարոզած իրենց. եւ կամ ինչպէ՞ս քարոզեն, երբ առաքուած չեն» (Հռովմայեցիս,10.13-15)։ Հովիւները ընդոծին շարժմամբ վարուեցան, քանի որ իրենց հաղորդուած երկնատուր աւետիսին ուղղութեամբ ընթանալով տեսան ու հաւատացին իրենց տեսածին, ու այդ հաւատքը իրենց պարգեւեց ուրախութիւն եւ այդ ուրախութիւնը բաժնեցին այլոց հետ։

Քրիստոսի ծննդեան առաջին վկաներու որդեգրած կեցուածքը այսօր եւս ունի իր կարեւոր պատգամը, որ անանց է եւ յաւիտենական, ըլլալով բոլոր ժամանակահատուածներու մէջ ի զօրու. Աստուծմէ եկած պատգամը ընկալել հաւատքով եւ սիրով, ու ազատ կամքով ընթացք տալ, որպէսզի կեանքի վերածուի։ Այսօր եւս քիչ չեն թիւը անոնց, որոնք ակնկոր կը նային Աստուծոյ Խօսքին, Սուրբ Եկեղեցւոյ կանչերուն եւ զանոնք լսելու եւ հասկնալու համար առանց դոյզն իսկ ճիգ մը վատնելու, կ՚ընտրեն դիւրագոյնը, որ է մերժել զանոնք եւ կամ հեռու կենալ անոնցմէ։ Դժբախտութիւնը այն է, թէ հասուն տարիքի անձինք իրենց սխալ կեցուածքով դուռ կը բանան, որ մեր մատղաշ սերունդի զաւակները եւս զրկուին Աստուածապարգեւ շնորհները վայելելու հոգեւոր ուրախութենէն։ Դաւիթ մարգարէ, այդ սխալ կեցուածքը որդեգրողներուն կը խօսի ըսելով. «Ճաշակեցէք եւ տեսէք որ Տէրը բարի է» (Սաղմոսք, 34.8)։ Չնմանինք այն անձերուն, որոնք առանց սանի կափարիչը բանալու եւ համտեսելու պատրաստուած ճաշը, առաջին առթիւ կը մերժեն ճաշակել, ըսելով, թէ սեղան բերուած ճաշը անկարելի է ուտել։ Պետրոս առաքեալ եւս ունի թելադրութիւն մը, որ հրաւէր է մօտենալու Աստուծոյ Խօսքին. «Ուրեմն մէկդի՛ նետելով ամէն չարութիւն, ամէն նենգութիւն, կեղծաւորութիւններ, նախանձ եւ ամէն չարախօսութիւն, իբրեւ նորածին մանուկներ միշտ փափաքեցէք բանական ու անխարդախ կաթին, որպէսզի անոր միջոցաւ աճիք փրկութեան համար, եթէ արդէն ճաշակած էք թէ քաղցր է Տէրը» (Ա. Պետրոս, 2.1-3)։

Անդրադառնանք նաեւ, որ Տիրոջ ներկայութեան քաղցրութեան առընթեր, մեր պապերէն ժառանգած սրբութիւնները եւ աւանդութիւնները, մեր կրօնա-մշակութային արժէքները եւս ունին իրենց քաղցրութիւնը, եթէ լաւագոյնս թափանցենք անոնց կարեւորութեան։ Մեր պապերուն թանկագին թողօնը ունի իր զօրութիւնը եւ անոնց անաղարտ պահպանման օրհնութիւնը կու գայ տարածուիլ մեր վրայ, մեզ պահելով այդ թողօնի հովանիին ներքեւ, որմէ անբաժան է որդեգրելի բարեպաշտական կեցուածքի օրինակը հանդէպ Արարչին։

Աստուածայայտնութեան տաղաւարին ընդգրկելով հովիւներու օրինակը որոշենք մեր քայլերը ուղղել դէպի «Արդարութեան Արեգակ»ը տանող ճանապարհը, ըսելով. «Եկէք մինչեւ Բեթղեհէմ երթանք» վայելելու համար Աստուածային ողորմութեան եւ օրհնութեան քաղցրութիւնը։ Աղօթենք Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի բառերով, որոնց ընդմէջէն կը թափանցենք «Արդարութեան Արեգակ»ի նկատմամբ եղած հաւատքով լի արտայայտութիւններուն. «Կրակ անմահական, Քրիստոս, բորբոքէ մէջս հուրը քու սիրոյդ՝ որ երկիր ձգեցիր, որպէսզի այրէ աղտը հոգիիս եւ մաքրագործէ խղճմտանքը սրտիս, որպէսզի ջնջէ մեղքերը մարմինիս, եւ սրտիս մէջ՝ գիտութեանդ լոյսը վառէ»։ (թրգ. Տաճատ Ծայրագոյն Վարդապետ Եարտըմեան)

Աստուածայայտնութեան տաղաւարին, խնդրենք Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ բոլոր սուրբերուն բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեր կեանքի ճանապարհորդութիւնը վերածուի հաւատքով իրականանալի ուխտագնացութեան։ Յատկապէս կը խնդրենք Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի բարեխօսութիւնը, որուն վախճանման 850-ամեակը կը նշուի համազգային տարողութեամբ։ Հայ Եկեղեցւոյ այս երախտաշատ հայրապետի շարականները եւ աղօթքները թարգման կը հանդիսանան իր աղօթանուէր վարքին։

Հակառակ մերօրեայ աշխարհի մէջ ապրուած դժբախտութեանց, պատերազմներու, բախումներու, մենք կը մնանք յոյսով ու հաւատքով ակնկալել խաղաղ կեանքի պայմաններու վերահաստատումը։ Երբ կը տօնենք Աստուծոյ Միածին Որդւոյն յայտնութիւնը, մեր աղօթքը այն ըլլայ, որ հրեշտակներու օրհներգը կեանքի կոչուի եւ մենք երկրի վրայ միանանք սրբասաց սերովբէներու երկնային անդադար սրբաբանութեան եւ ընդմիշտ շարունակենք երգել Աստուծոյ փառքը ըսելով. «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն։»

Աղօթենք, որ պատերազմները լռեն եւ աշխարհի մէջ հաստատուի սէր եւ արդարութիւն։ Աղօթենք, որ Աստուծոյ Միածին Որդին միաբանէ առաքեալներու եւ մարգարէներու հիման վրայ հաստատուած իր Սուրբ Եկեղեցին եւ անարատ պահէ զայն մինչեւ իր գալստեան օրը, որուն համար կը խնդրենք Եկեղեցւոյ միութեան կարեւորութեան ջերմ հաւատացողին՝ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի բարեխօսութիւնը։

Աստուածայայտնութեան տաղաւարի տօնակատարութեան օրհնութեամբը, զիրար ողջունենք աւանդական շնորհաւորականով.

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:

Աստուածայայտնութեան օրհնութիւնը եղիցի ընդ մեզ, յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Գնալը կղզի

Ուրբաթ, Յունուար 5, 2024