Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՏԱՄԱՏԵԱՆ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԻՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՄՈՆՐԷԱԼԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ ներկայիս կը գտնուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմէն ներս, Ծաղկազարդի տօնին առթիւ պատարագեց Մոնրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Տօնակատարութիւններուն նախագահեց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Դաւիթ Քհնյ. Մարգարեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան տեղւոյն Կոմիտաս երգչախումբի անդամներուն կողմէ։

Տէրունական աղօթքէն առաջ օրհնուեցան ձիթենիի ճիւղերը, որոնք բաժնուեցան հաւատացեալներուն։ Պատարագիչ հայր սուրբը խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ մանուկներու օրհնութեան կարգ։ Պատանի հաւատացեալները Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի մասնակցութեամբ կազմեցին թափօր մը։

Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ, Առաջնորդարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հոգեւոր հայրերու մասնակցութեամբ Պահքի սիրոյ սեղան մը։  Այս փուլին ալ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ՝ մասնաւորապէս նախկին պոլսահայ հաւատացեալներու կողմէ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2023