ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՌԱԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի Մարոնիտ եկեղեցւոյ Ռաի Պատրիարքին հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Լիբանանի Մարոնիտ եկեղեցւոյ կեդրոնատեղիին՝ Պըքերքէի մէջ։ Արամ Կաթողիկոսին ընկերացաւ Լիբանանի խորհրդարանի հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի։

Երկար ժամանակէ ի վեր Լիբանան մատնուած է տագնապալի կացութեան, ինչ որ սուր դրսեւորումներ կ՚ունենայ թէ՛ քաղաքական եւ թէ տնտեսական գետնի վրայ։ Բացարձակ փակուղիի մատնուած է երկրին քաղաքական կեանքը եւ այս իրավիճակին մէջ պէտք է նախագահական ընտրութիւն կազմակերպուի։ Ուստի, երկրին հոգեւոր առաջնորդները շարժման անցած են այս տագնապի յաղթահարման ճանապարհին իրենց նպաստը բերելու համար՝ մանաւանդ, որ Լիբանան կը կառավարուի համայնքներու դրութեամբ։ Այս շրջանակին մէջ, յատկապէս վերջին երեք ամիսներուն նախագահական ընտրութեան շուրջ քննարկումներ եւ խորհրդակցութիւններ կը ծաւալուին։ Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Ռաի Պատրիարքի տեսակցութիւնն ալ տեղի ունեցաւ այս նոյն ծիրէն ներս։

Վերջին օրերուն, այս հանդիպումէն անմիջապէս առաջ, Անթիլիաս այցելած էր «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան ներկայացուցիչը, որ նոյնպէս Նորին Սրբութեան կարծիքը շօշափած էր նախագահական ընտրութեան հարցին շուրջ։

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2023