ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Հնդկաստանի դեսպան Նիլաքշի Սահա Սինհայը։ Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց նորանշանակ դեսպանը եւ անոր արդիւնաշատ առաքելութիւն մաղթեց Հայաստանի մէջ։ Ան գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ երկու երկիրներու սերտ համագործակցութիւնը պայմանաւորուած է հայ եւ հնդիկ ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեամբ։ Այս շրջանակին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Հնդկաստանէ ներս եկեղեցական կառոյցներու, մասնաւորապէս՝ Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի գործունէութեան։ Ի դէմս դեսպանի, Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց իր գնահատանքը Հնդկաստանի իշխանութիւններուն՝ այս կրթական հաստատութեան նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութեան համար։

Իր կարգին, դեսպան Նիլաքշի Սահա Սինհայն ալ անդրադարձաւ իր երկրէն ներս հայոց պատմական ներկայութեան եւ հայ-հնդկական յարաբերութիւններուն, նաեւ ներկայ համագործակցութեան։ Դեսպանը տեղեկացուց Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարան կատարած այցելութեան մասին՝ նկատելով, որ այդ մէկը իւրօրինակ կամուրջ մըն է երկու երկիրներու մշակութային կապերու զարգացման առումով։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Հնդկաստանէ ներս հայ համայնքի կեանքին ու հայկական եկեղեցիներու բարւոք վիճակին։ Խօսուեցաւ նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած լրջագոյն անվտանգային մարտահրաւէրներուն, Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս հայկական հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրներուն մասին։

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2023