ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հայրապետական եռօրեայ ուղեւորութեամբ այցելեց Արցախ։ Վեհափառ Հայրապետին հետ է նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան։ Հայրապետական շքախումբն ու ՀԲԸՄ-ի պատուիրակութիւնը երէկ Արցախ ուղեւորուեցան Հայաստանի Սիւնիքի մարզի վրայով, ուր օր մը առաջ շփումներ ունեցած էին։ Որպէս օրհնութեան եւ մխիթարութեան աղբիւր բարեպաշտ ժողովուրդին համար՝ Վեհափառ Հայրապետը Արցախ տարած է Հայոց հաւատքի հայր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքները, որոնք կը պահուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։  

Նորին Սրբութիւնը Արցախի սահմանին վրայ դիմաւորուեցաւ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեանի եւ թեմի եկեղեցականներուն, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի խաղաղարար զօրքերու փոխ-հրամանատար գնդերէց Պորիս Քհնյ. Կրիշինի կողմէ։ Դիմաւորումէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը ուղեւորուեցաւ Ստեփանակերտ, ուր այցելեց եղբայրական գերեզմաննոց։ Ան յուշարձանին մօտ ծաղկեպսակ զետեղեց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ կառավարութեան անդամներու հետ։ Նորին Սրբութիւնը հոգեւոր դասուն հետ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած Արցախի երկրորդ պատերազմին զոհուած հայ քաջորդիներու հոգւոց հանգստութեան համար։ Արցախի վաստակեալ նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ հոգեւոր դասու ուղեկցութեամբ՝ Վեհափառ Հայրապետը այցելեց նաեւ Ամարասի վանքը։ Սուրբ Գրիգորիսի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հրաշափառի արարողութիւն եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Օրհնութեան խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. 

«Հայրական սիրոյ ջերմ զգացումներով ուղեւորուած ենք դէպի ձեզ՝ առ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակներդ, տագնապալի օրերէ յետոյ իրարմով գօտեպնդուելու, զօրանալու խօսքով մեր Տիրոջ, որ կը խոստանայ՝ ըսելով. «Քանի որ պահեցիր Իմ համբերութեան խօսքը, ես ալ քեզ պիտի պահեմ քու փորձութեան ժամուն…»։ Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի այս խոստումը, որ մեզ կը կոչէ համբերութեան եւ հաւատարմութեան, պիտի օգնէ յառաջ ընթանալու եւ յառնած դժուարութիւններն ու նեղութիւնները, ցաւն ու վիշտը յաղթահարելու։ Ծանր փորձութիւնը, որու միջով անցանք եւ հիմնախնդիրները, որոնք մեր առջեւ են, չեն կրնար յուսալքութեան մատնել մեզ, այլ ընդհակառակն՝ առաւել պիտի համախմբեն ու ամրացնեն մեզ, առաւել պիտի իմաստացնեն մեզ՝ դասեր քաղելու սխալներէն եւ սթափ գնահատելու իրավիճակները։ Փորձութեան ու նեղութեան ժամուն յատկապէս առաւել անհրաժեշտ է, որ մենք ըլլանք համախմբուած, հաւատարիմ մնանք մեր հայրերու հաւատքին, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին, դարեր շարունակ մեր ժողովուրդի արիւն քրտինքով սրբացած մեր հայրենիքին՝ անխախտ հաւատով, թէ Տէրը մեզի հետ է նաեւ մեր փորձութեան ժամուն եւ կը պարգեւէ մեզի վեր յառնելու զօրութիւնը։  

«Դուք, Արցախի քաջազուն զաւակներ, այսօր արի հոգիով ու հաւատարիմ կանգնած կը մնաք հայրենի հողին, որու իւրաքանչիւր թիզը վկան է մեր պատմութեան, քրիստոնէական մեր ինքնութեան, մեր ստեղծարար կեանքի եւ խաղաղութեան ու արդարութեան մեր ազնիւ ձգտումներու։ Արցախը, որ նուիրական մասն է մեր բնօրրան հայրենիքի, բնօրրան է նաեւ քրիստոնէութեան։ Արցախի մէջ քարոզած են Ս. Թադէոս առաքեալի Դադի եւ Եղիշա աշակերտները, Արցախի մէջ քրիստոնէական լոյսը տարածած եւ ծաղկուն տարիքի մէջ նահատակուած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի թոռը՝ Սուրբ Գրիգորիս Հայրապետը, Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Արցախի մէջ բացած է առաջին դպրանոցներէն մին, Արցախի մէջ են մեր հազարաւոր նահատակներու մասունքները եւ անոնց վրայ բարձրացած վանքերն ու եկեղեցիները։  

«Այսօր սրբազան այս հողի վրայ ձեր ներկայութիւնը, սիրելիներ, դժուարութիւնները յաղթահարելու ձեր յանձնառութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը կ՚ոգեշնչեն համայն մեր ժողովուրդը աշխարհի բոլոր կողմերուն։ Արցախը, այո, կը շարունակէ մնալ մեր ժողովուրդի հաւատքի եւ հայրենասիրութեան խորհրդանշանը եւ կը շարունակէ միաւորել մեր ժողովուրդը ազգային իղձերու շուրջ։ Աննուազ է մեր ժողովուրդի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու աջակցութիւնը Արցախին եւ ջանքեր ներդնելու՝ ի խնդիր այստեղ ապրող մեր զաւակներուդ իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Կարեւոր է ազգի ուժերու համախմբումը Արցախի մէջ ծանր պատերազմի հետեւանքով աւերուած տուներու, դպրոցներու, հիւանդանոցներու վերականգնման, սրբատեղիներու պահպանութեան գործին մէջ»։ 

Վեհափառ Հայրապետը ապա արցախցիներուն եւ համայն հայ ժողովուրդին պատգամեց, որպէսզի Աստուծոյ ապաւինած, յոյսով ու լաւատեսութեամբ իւրաքանչիւրը իր տեղը, իւրաքանչիւրը իր չափով նպաստէ Արցախի, մեր ժողովուրդի կեանքի վերազարթօնքին եւ իր հայրենի հողին վրայ ազատ ու անկախ ապրելու արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան։ «Միասնաբար տոկալով եւ համբերելով նեղութիւններուն, զոհողութիւններ յանձն առնելով, անվերապահ նուիրումով եւ յանձնառութիւններով արժանի պիտի ըլլանք մեր խիզախ զաւակներուն, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին հայրենիքին՝ պաշտպանելով Արցախն ու Հայաստանը», ըսաւ ան եւ Աստուծոյ շնորհները, օրհնութիւնն ու պահպանութիւնը մաղթեց արցախցիներուն՝ Ամարասի նուիրական սրբավայրին մէջ հայցելով բարեխօսութիւնը Սուրբ Գրիգորիս Հայրապետի եւ աղօթելով, որ Աստուած երկնային բարձունքներուն խաղաղութեան մէջ հանգչեցնէ հոգիները հայրենիքի պաշտպանութեան մարտերուն զոհուած հայորդիներու, ապաքինութիւն պարգեւէ վիրաւորեալներուն, շուտափոյթ դարձ՝ գերիներուն եւ կորսուածներուն, մխիթարութիւն՝ հարազատներ կորսնցուցած ընտանիքներուն։ Վեհափառ Հայրապետը հայցեց, որ Աստուած օրհնէ հայ ժողովուրդի ջանքերը յանուն հայրենիքի եւ յանուն ազգային իղձերու իրագործման։  

Օրհնութեան խօսքէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը իր խոնարհումը բերաւ Ս. Գրիգորիս Հայրապետի շիրիմին առջեւ, ապա ծանօթացաւ Ամարասի վանքի հիմնանորոգման աշխատանքներուն։ Այնուհետեւ հայրապետական պատուիրակութիւնը ուղեւորուեցաւ դէպի Մաճկալաշէն համայնքը, ուր Նորին Սրբութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ վերջին պատերազմի ընթացքին նահատակուած հայորդիներու ընտանիքներուն հետ՝ բերելով իր մխիթարութիւնն ու օրհնութիւնները։  

Վեհափառ Հայրապետը այս շաբաթավերջը կ՚անցընէ Արցախի մէջ։ Նախատեսուած է նաեւ իր այցելութիւնը Գանձասարի վանական համալիր։ Վաղը առաւօտ Ստեփանակերտի Ս. Աստուածամօտ Հովանիի Մայր տաճարին մէջ կը մատուցուի հայրապետական Ս. Պատարագ։ Ծրագրին վրայ նախատեսուած է նաեւ պաշտօնական հանդիպում մը Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։

Շաբաթ, Յունիս 5, 2021