Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ. «ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ Ս. ԿԻՐԱԿՈՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՄՔՈՎ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՆԱԼ ՄԵՐ ՊԱՊԵՐՈՒ ԼՈՅՍ ՀԱՒԱՏՔԻ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ»

Երեւանի «progressarmenia.com» կայքէջը վերջերս հարցազրոյց մը հրապարակեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։ Կարինէ Սարգսեանի կողմէ Նորին Սրբազնութեան ուղղուած հարցումները առաւել չափով վերաբերած են Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ, որ վերջերս օծուելով բացուած է պաշտամունքի։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այս հարցազրոյցին սղագրութիւնը։

*

-Սրբազան Հայր, կրնա՞ք մեզի տեղեկութիւններ տալ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ բուն հիմնարկութեան թուականի մասին:

-Այս եկեղեցին կը գտնուի Տիգրանակերտի հին քաղաքին մէջ՝ պատմական պարիսպներէն ներս (Սուր իչի)։ Սա մեր կոչած ձեւով քրիստոնեաներու թաղամասն է (Կեաւուր Մահալլէսի): Այս եկեղեցին Միջին Արեւելքի մեծագոյն եկեղեցին է, որու տարողութիւնը նոյնաժամանակ աւելի քան հազար անձի պաշտամունք կատարելուն հնարաւորութիւն կու տայ: Հիմնադրութեան բուն թուականը յայտնի չէ։ Բայց եկեղեցւոյ նուիրուած հին ձեռագիրի մը յիշատակարանին մէջ կը հանդիպինք 1304 թուականին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ այս եկեղեցին շատ աւելի առաջ հիմնուած է:

-Եթէ եկեղեցին Միջին Արեւելքի մեծագոյն եկեղեցին է, եկեղեցւոյ շէնքին մասին ալ տեղեկութիւններ կրնա՞ք փոխանցել:

-Եկեղեցին ունի 5 դուռ։ Մէջտեղինը կը խորհրդանշէ Քրիստոսը, իսկ միւս 4 դռները կը խորհրդանշեն 4 Աւետարանիչները: Եկեղեցին ունի մէկ շարքի վրայ 5 խորան։ Մէջտեղինը Ս. Մարիամ Աստուածածնին ձօնուած է, իսկ միւսները՝ 4 Աւետարանիչներուն: Բացի այս 5 խորաններէն, երկրորդ յարկի վրայ աջ ու ձախ անկիւններուն կան մէկական խորաններ։ Ընդհանուր թիւով այս 7 խորանները կը խորհրդանշեն Քրիստոսի եկեղեցւոյ 7 խորհուրդները:

Սիմէոն Դպիր Լեհացի 17-րդ դարուն այլ քաղաքներու կարգին կ՚այցելէ նաեւ Տիգրանակերտ։ Իր ուղեգրութեան մէջ կ՚արձանագրէ, որ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ հինգ սեղանի վրայ Սուրբ Պատարագ կը մատուցուէր, որովհետեւ մէկ շարքի վրայ հինգ խորան ունէր։ Եկեղեցւոյ մէջ կը պաշտօնավարէին 23 երէցներ, ինչպէս նաեւ վարդապետներ, աբեղաներ եւ եպիսկոպոսներ։ Կը գովէ եկեղեցւոյ մէջ տիրող կանոնաւորութիւնը, կարգապահութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքի ժողովուրդին բարեպաշտութիւնը, Աստուածսիրութիւնը, հիւրասիրութիւնը։ Մասնաւորապէս կ՚ընդգծէ՝ կիրակի եւ տօնական օրերու նկատմամբ քաղաքի հայոց կողմէ ցուցաբերուած նախանձախնդրութիւնը, որովհետեւ անոնք այդ օրերուն կը փակէին իրենց խանութները։

-Որքան գիտենք, եկեղեցին փլատակ վիճակի էր. ինչպէ՞ս կարողացաք վերակառուցել:

-Հոգելոյս Պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան փափաքած էր, որ այս պատմական եկեղեցին վերանորոգուելով վերստին ընծայուէր Աստուծոյ փառքին։ Ան էր, որ առաջին անգամ նուաստիս պաշտօն յանձնեց՝ հետաքրքրուիլ եկեղեցւոյ վերաշինութեան ու բարեզարդման անյետաձգելի գործով։ Անշուշտ, դիւրին չէր հսկայ եկեղեցի մը նորոգել իր մեծ համալիրով, որովհետեւ հսկայ ծախսի կը կարօտէր: Մեր գլխաւորութեամբ, այդ ժամանակուայ նորընտիր թաղային խորհուրդին հետ սկսանք նուիրահաւաքումի մը: Տեղւոյն քաղաքապետարանն ալ ընդհանուր ծախսին մօտաւորապէս մէկ երրորդը դիմագրաւեց։ Մնացեալ գումարը հանգանակեցինք նուիրատու հաւատացեալներէ եւ այսպէսով կարողացանք իրականացնել այդ նորոգութիւնը: Եկեղեցւոյ օծումը եւ պաշտամունքի վերաբացումը կատարուեցաւ մեր կողմէ: Այդ պատմական արարողութեան մասնակցած էր աւելի քան երեք հազար հաւատացեալ:

-Սրբազան Հայր, ին՞չ պատահեցաւ, որ երկրորդ անգամ վերանորոգութիւն կատարուեցաւ եւ այս տարի օծուեցաւ:

-2015 թուականին եկեղեցւոյ մեծ թաղին մէջ ոստիկանութեան եւ ահաբեկիչներու միջեւ բախումներ տեղի ունեցան։ Այդ ժամանակ հարիւրաւոր տուներ քանդուեցան, վնասուեցան նաեւ հայ առաքելական, հայ կաթողիկէ եւ հայ բողոքական եկեղեցիները: 2019 թուականին պատկան նախարարութեան դիմեցինք եւ այսպէսով ընդունուեցաւ ծախսերու պետական պիւտճէէն յատկացումով այս եկեղեցւոյ վերստին նորոգութեան որոշումը։ Երկու տարի տեւեցին աշխատանքները, որոնց աւարտին բացումը այս տարի կատարուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ:

Աստուծոյ ողորմութեամբ եւ այսօր ունինք վերանորոգուած սրբատեղի մը։ Կամօքն Աստուծոյ ան պիտի մնայ անվթար ու պիտի շարունակէ դառնալ մեր պապերու լոյս հաւատքի վկայութիւնը։

-Ո՞վ է Ս. Կիրակոսը, որուն անունով առաջին անգամ կը հանդիպինք հայ եկեղեցիի մը:

-Սուրբ Կիրակոս եւ մայրը Սուրբ Յուղիտա… Գոնիացի աստուածասէր այրի կին մըն էր, երեք տարեկան միակ զաւակով՝ Կիրակոս անունով։ Երբ հալածանքը սաստկացաւ՝ անցաւ Տարսոն։ Այստեղ ալ հալածանք կար, ուստի ձերբակալուեցաւ եւ դատուեցաւ, խիստ չարչարանքներու ենթարկուեցաւ։ Կիրակոս մանուկը կու լար ու կը ճչար՝ ի տես մօրը ենթարկուած չարչարանքներուն եւ հակառակ դատաւորի ցոյց տուած փաղաքշանքներուն, կը կրկնէր՝ ինչ որ իր մայրիկը կ՚ըսէր. «Ես քրիստոնեայ եմ եւ Տէր Յիսուսը կը պաշտեմ»։ Կ՚ուզէր ազատիլ դատաւորի ձեռքէն եւ մօրը քով երթալ։ Ի վերջոյ ձեռքով-ոտքով հարուածեց դատաւորին եւ զայն այնչափ շատ նեղեց, որ դատաւորը զայրացած՝ սանդուխներէն վար նետեց փոքրիկը, որուն գլուխը քարին գալով ջախջախուեցաւ ու մահացաւ։ Յուղիտա Աստուծոյ փառք տուաւ, որ իրմէ առաջ իր հոգեհատորը նահատակութեան պսակին արժանացաւ։ Ապա քաջարի մայրը ենթարկեցին ահաւոր չարչարանքներու, որոնց տոկաց հիանալի համբերութեամբ։ Ի վերջոյ գլխատմամբ նահատակուեցաւ 304 թուականին։

Երեքշաբթի, Յուլիս 5, 2022