ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ԿՈՂՄԷ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական բարձր տնօրինութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կատարուեցան շարք մը կարեւոր նշանակումներ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգի հաղորդումներով, եկեղեցականներու նոր նշանակումները ի զօրու պիտի դառնան 15 օգոստոս 2021 թուականի դրութեամբ։

Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ, Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան ազատուեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչի պաշտօնէն։ Ան ծառայութեան կոչուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս՝ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեանի իշխանութեան ներքեւ։ Հարկ է նշել, որ հայր սուրբը մօտաւոր անցեալին թէ՛ Արեւելեան եւ թէ Ֆրանսայի թեմերէն ներս կարեւոր գործունէութիւն ծաւալած էր։ Ներկայիս ան վերստին կը գործուղղուի դէպի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմը։

Նոյնպէս Նորին Սրբութեան տնօրինութեամբ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ նշանակուեցաւ Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան։ Այս վերջինը իր սերունդի ամենալաւ պատրաստուած, ամենափայլուն հոգեւորականներէն մին է։ Ան վերջին շրջանին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր։ Հայր սուրբը աւելի առաջ ալ գլխաւորած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը։ Ներկայիս այս մեծ պաշարով Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան կը կոչուի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչի կարեւոր պաշտօնին։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 5, 2021