ՊՈՒԼԿԱՐԻԱՅԷՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Պուլկարիայէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Պուլկարիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Իսահակ Վրդ. Պօղոսեանի գլխաւորութեամբ՝ Մայր Աթոռ այցելեցին ուխտաւորները, որոնց ուղեկցեցաւ նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ ու Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն Վազգէն Եագուպեան։ Այցելուներու շարքին կը գտնուէին Պուլկարիայէն ազգային գործիչներ, արուեստի ներկայացուցիչներ, երեսփոխաններ եւ այլ յայտնի դէմքեր։ Սոյն խումբը Հայաստան այցելեց մասնակցելու համար Վեհափառ Հայրապետի հովանաւորութեան ներքեւ, Սոֆիայի եւ Հայաստանի ազգային պատկերասրահի ջանքերով կազմակերպուած նկարչական ցուցահանդէսի մը։ Սոյն ձեռնարկին ընթացքին ներկայացուեցան պուլկարահայ յայտնի նկարիչ Պետիկ Պետրոսեանի յայտնի ստեղծագործութիւնները։ Ներկայ էր նաեւ Երեւանի մօտ Պուլկարիոյ դեսպան Մարիա Ցոցորկովա-Քայմաքչիեւա։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2017