ԲԱՐԵՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱՓ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ նշուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օծման ու գահակալութեան 22-րդ տարեդարձը։ Այս առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պաշտօնավարող սրբազանները, ներքին թեմերու առաջնորդներն ու միաբանութեան անդամները, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կառոյցներէն ներս սպասարկող քահանաներն ու պաշտօնէութիւնը փութացին Վեհափառ Հայրապետի այցելութեան՝ շնորհաւորելու համար իր օծման ու գահակալութեան տարեդարձը։

Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասու եւ հաւատացեալ ժողովուրդի անունով շնորհաւորելով Նորին Սրբութիւնը՝ հոգեւոր հայրերն ու աշխարհականները մաղթեցին կենաց արեւշատութիւն ու անսասան հովուապետութիւն՝ ի պայծառութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, ի մխիթարութիւն բարեպաշտ ժողովուրդի եւ ի զօրացումն հայրենիքի։ Եկեղեցականներն ու աշխարհականները ուրախութեամբ անդրադարձան Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 22 տարիներու ընթացքին զանազան ոլորտներէ ներս արձանագրուած մեծաթիւ ձեռքբերումներուն։

Երախտագիտութիւն յայտնելով շնորհաւորութիւններուն ու բարեմաղթութիւններուն, Նորին Սրբութիւնը հայրական օրհնութիւն բաշխեց բոլորին։ Ան գնահատեց իրեն լծակից հոգեւորականաց դասը՝ այս տարիներու ընթացքին ազգին եւ եկեղեցւոյ համար մատուցուած անսակարկ ծառայութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին դրսեւորուած քաջարի ոգիին բերումով՝ յորդորելով անմնացորդ նուիրումով, սիրով, ամուր կամքով ու զօրաւոր հաւատքով շարունակել սրբազան առաքելութիւնը յանուն հայրենիքի բարգաւաճման եւ հայ ժողովուրդի յառաջընթացին։ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ փաստեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնէութեան նուիրեալ ու հաւատարիմ ծառայութիւնը ի նպաստ Հայ Եկեղեցւոյ պայծառացման ու ազգային-հոգեւոր կեանքի շէնացման։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը բոլորին մաղթեց Աստուծոյ առաջնորդութիւնն ու օգնականութիւնը օրհնեալ ծառայութեան մէջ։

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Միւս կողմէ, երէկ, Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի նախագահ Ալեքսանտր Սերկէյեւը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ Աշոտ Սաղեան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 5, 2021