ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԿԸ ՇՆՈՐՀՈՒԻ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՈՒՈՅ ՇՔԱՆՇԱՆԸ

Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին որոշած է պարգեւատրել Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Փութինի որոշումով Վեհափառ Հայրապետին պիտի շնորհուի Ռուսաստանի Պատուոյ շքանշանը։ «ԹԱՍՍ» գործակալութեան կողմէ այս կապակցութեամբ կատարուած հաղորդումները լայն արձագանգ գտած են նաեւ հայկական լրահոսին մէջ։

Հարկ է յիշեցնել, որ Վեհափառ Հայրապետը նախապէս պարգեւատրուած էր նաեւ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ բարձրագոյն շքանշանով։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 5, 2022