Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան երէկ պատարագեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, հայր սուրբը վերջին ամիսներուն կը գտնուի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, իսկ այս շաբաթավերջին այցելեց Արեւմտեան թեմը։ Ան Նիւ Եորքէն Լոս Անճելըս մեկնած էր՝ օրհնութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։

Արեւմտեան թեմէն ներս կեցութեան ընթացքին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան հիւրընկալուեցաւ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութենէն ներս։ Երեկոյթին նախագահեց Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ ջերմ արտայայտութիւններով ողջունեց Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբանին այցելութիւնը։ Սրտի խօսք մըն ալ արտայայտեց հայր սուրբը, որուն յուշանուէր մը յանձնուեցաւ ձեռամբ՝ հիւրընկալ միութեան գործադիր վարչութեան ատենապետ տքթ. Մարք Քէօշքէրի։

Հարկ է նշել, որ Պըրպենքի Առաջնորդարանի յարակից Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարի Խաչատուրեան դպրաց դաս-երգչախումբի տարեդարձին առթիւ երէկ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Արարողութեան նախագահեց թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Պատարագիչն էր Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2022