«ՅԻՇԵԼՈՎ ՄԵՍՐՈՊ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ» ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռը լոյս ընծայած է «Յիշելով Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը» յուշամատեանը՝ հրամանաւ եւ օրհնութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Գումգաբուի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ այս գիրքին համար կազմակերպուած է նաեւ շնորհանդէս մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հինգշաբթի երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի մէջ։ Համավարակով պայմանաւորուած՝ սրահի տարողութիւնը սահմանափակուած պիտի ըլլայ գրասէրներն ու հետաքրքիրները հիւրասիրելու համար։

Այս յուշամատեանի հրատարակութիւնը Պատրիարքական Աթոռին կողմէ կարեւոր նախաձեռնութիւն մը կը նկատուի՝ նախկին գահակալի թողած աւանդի եւ բերած ներդրումի արժեւորման տեսակէտէ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 6, 2021