ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՀԻՄՆԱՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՅ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ. 2023 ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԻ ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը (ԳՀԽ) անցեալ շաբթուան ողջ տեւողութեան ընդլայնուած կազմով նստաշրջան մը իրականացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը ծաւալուած աշխատանքի լոյսին տակ հրապարակեց եզրափակիչ հաղորդագրութիւն մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

1-4 նոյեմբերին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ ԳՀԽ-ի ժողովը։ Ժողովին ատենապետեց Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Նիստերը վարեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։

Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան ընթացքին, տաճարի օծման եւ միւռոնօրհնութեան արարողութիւններու նախապատրաստութեան մասին ԳՀԽ-ին զեկոյց մը ներկայացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։ Ժողովականները գոհունակութեամբ արձանագրեցին, որ Մայր Տաճարի հիմնանորոգման եւ շրջափակի բարեկարգման աշխատանքները կը մօտենան աւարտական փուլին։ 2023 թուականին Մայր Տաճարի վերաբացման ու միւռոնօրնութեան արարողութիւններու եւ յարակից հոգեւոր-մշակութային միջոցառումներու կազմակերպման համար ստեղծուեցաւ յանձնախումբ մը։

Կարեւոր անդրադարձ կատարուեցաւ Ատրպէյճանի բռնութեան հետեւանքով Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած ծանր կացութեան, քննարկուեցան Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգային խնդիրները, տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի արդար պահանջատիրութեան, առկայ իրավիճակին մէջ Եկեղեցւոյ առաքելութեան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ խնդիրներ։

Քննարկումներու արդիւնքին ԳՀԽ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ։

Արցախի 44-օրեայ պատերազմի եւ սեպտեմբերի 13-ին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով նահատակուած զինուորներու եւ սահմանամերձ բնակավայրերէն տեղահանուած ընտանիքներու, վիրաւոր զինուորականներու ընկերային կարիքներուն համար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ իրականացուած ծրագրերը ներկայացուց Մայր Աթոռի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակի տնօրէն Տ. Մարկոս Քհնյ. Մանկասարեան։ Տէր հայրը ժողովականներուն տեղեկացուց, որ Մայր Աթոռի կողմէ դրամական աջակցութիւն ցուցաբերուած է ռազմական գործողութիւններու ժամանակ նահատակուած 195 զինուորականի ընտանիքին։ Ապագային դրամական աջակցութիւն պիտի ցուցաբերուի նաեւ կորսուած, գերեվարուած զինուորականներու ընտանիքներուն եւ վիրաւորուած զինուորականներուն։ Յիշեալ ծրագրին համար առաջին փուլով յատկացուած է 600 հազար ամերիկեան տոլար գումար։ Ծրագրի շրջանակներէն ներս, ըստ թեմակալ առաջնորդներու ներկայացուցած ցուցակներուն, ապահովուած է սահմանամերձ բնակավայրերէն տեղահանեալ ընտանիքներու կեցութիւնը, տրամադրուած են սնունդի ծրարներ։

Հայաստանի եւ Արցախի թեմերէն ներս Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կրթադաստիարակչական առաքելութեան զօրացման ուղղեալ ծրագրերուն վերաբերեալ զեկոյցով մը հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան: Այս վերջինը ժողովականներուն ներկայացուց քարոզչական-կրթական գործունէութեան ռազմավարական հայեցակարգի նոր նախագիծը։ ԳՀԽ-ի անդամները, արժեւորելով հոգեւոր կրթադաստիարակչական ծրագրերու խթանումը եւ ազգային-հոգեւոր արժէքներու պատշաճ ջամբումը մատաղ սերունդին, իրենց թելադրութիւնները կատարեցին նախագծին վերաբերեալ՝ յանձնարարելով մասնագիտական քննարկումներու միջոցաւ լրամշակել եւ ամբողջացնել հայեցակարգը։

ԳՀԽ նաեւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ եկեղեցականներու պատրաստութեան, հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու գործունէութեան առաւել աշխուժացման խնդրին։ Այս առընչութեամբ որոշուեցեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ հաստատել առանձին յանձնախումբ մը՝ աշխատանքներ իրականացնելու համար երիտասարդներու մէջ հոգեւոր կոչման խթանման ու ժամանակի պահանջներուն համա-հունչ հոգեւոր կրթութեան ապահովման ուղղութեամբ։

ԳՀԽ քննարկումներ ծաւալեց նաեւ տաղաւար տօներու, սուրբերու յիշատակութեան օրերու շրջանակներէն ներս հոգեւոր, մշակութային միջոցառումներու կազմակերպման անհրաժեշտութեան մասին՝ անոնց առաւել ժողովրդականութիւն տալու եւ համազգային համա-խըմբման առիթ դարձնելու նպատակով։ Այս ուղղութեամբ եւս առնուեցան համապատասխան որոշումներ։

Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ կանոնական, հովուական, թեմական եւ վարչական կեանքին վերաբերեալ հարցեր:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2022