ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՌԱԲԼՈՒՐԻ ՄԷՋ ԾԱՂԻԿՆԵՐ ԽՈՆԱՐՀԵՑ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Ս. Ծնունդի մեռելոցին առթիւ այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն՝ սրբազաններու եւ բարձրաստիճան եկեղեցականներու ուղեկցութեամբ։ Նահատակաց պանթէոնի համալիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Նորին Սրբութիւնը Եռաբլուրի մէջ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան աւետիսը փոխանցեց այնտեղ ննջող հերոս քաջորդիներուն, աղօթեց անոնց հոգիներու հանգստութեան համար եւ ծաղիկներ խոնարհեց շիրիմներուն առջեւ։

Մինչ այդ, Վեհափառ Հայրապետի կողմէ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. Ծնունդի օրը մատուցուած Ս. Պատարագէն Հայաստանի իշխանութիւններուն բացակայած ըլլալու պարագայի արձագանգները կը շարունակուին։ Երէկ, Եռաբլուրի մէջ, Վեհափառ Հայրապետի այցելութեան ժամանակ այս կապակցութեամբ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հարցումներուն պատասխանեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան, որ ըսաւ. «Չափազանց տը-խուր մտածումներով պաշարուած ենք, բայց Ս. Ծննդեան լոյսը լաւատեսութիւն կը ներշնչէ մեզի»։ Դիւանապետը լիայոյս էր, թէ մղձաւանջը, տկարութիւնը եւ ողբերգութիւնը կը յաղթահարուին։ Տաղաւարի Ս. Պատարագէն պաշտօնական վերնախաւի բացակայութեան վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով՝ ան յայտնեց, որ ներկայ իրավիճակով պայմանաւորուած՝ հրաւէրներ եւ շնորհաւորականներ չեն ուղարկուած Ս. Ծնունդի առթիւ եւ սպասում չեն ունեցած, որ երկրի բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը պիտի մասնակցէր արարողութեան։ «Սա իրենց որոշումը եղած է։ Մենք եկեղեցւոյ մուտքը ոեւէ մէկուն առջեւ չենք փակեր։ Ես չեմ կրնար որեւէ բացատրութիւն տալ այդ առընչութեամբ։ Յամենայնդէպս եկեղեցին այն հաստատութիւնը չէ, որ ոեւէ մէկը կրնայ մտածել արհամարհանք դրսեւորել։ Արհամարհանքը կը վերադարձուի», ըսաւ ան։

Մամլոյ սպասաւորներու հետ զրուցելու ժամանակ դիւանապետը մեկնաբանեց եկեղեցւոյ դէմ սկսած արշաւը՝ ի պատասխան Վեհափառ Հայրապետի կողմէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին եւ Սիսիանի մէջ հոգեւորականի կողմէ Նիկոլ Փաշինեանի երկարած ձեռքը օդի մէջ մնալուն։ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան ըսաւ, որ ինք եւս պահանջած է վարչապետի հրաժարականը։

«Սա պէտք չէ դիտարկել անձի նկատմամբ վերաբերմունքի արտայայտութիւն։ Սա պէտք է դիտարկել Հայաստանի մէջ ստեղծուած վերջին ճգնաժամային իրավիճակի մէջ երկրի թիւ մէկ պատասխանատուի ունեցած թերութիւններու, անկարողութեան հետեւանքը։ Այս առումով է, որ մենք այդպիսի պնդում կատարած ենք», ըսաւ դիւանապետ սրբազան հայրը եւ աւելցուց. «Մեր պատմութեան ամբողջ ընթացքին եկեղեցիէն արտաքսուած ու դուրս դրուած են այնպիսի անձեր, որոնք շատ աւելի նուազ վնաս հասցուցած են երկրին, ժողովուրդին՝ քան այդ իրավիճակին մէջ այն անձը, որ կը կրէ թիւ մէկ պատասխանատուութիւնը այս գործընթացներուն համար։ Չափազանց անհասկնալի կ՚ըլլար, եթէ եկեղեցին որպէս դիտորդ մնար այս իրավիճակին մէջ։ Սա հանրային ընկալման տեսանկիւն է, ինչ կը վերաբերի մեր համոզումներուն, ուղղակի հնարաւոր չէր չարձագանգել այդ երեւոյթին։ Հետեւաբար, ես շատ բնական կը համարեմ մեր եկեղեցւոյ, առաւել եւս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի արձագանգը այս իրավիճակին՝ վարչապետի հրաժարականի պահանջով»։

Ուրբաթ, Յունուար 8, 2021