ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Մեծ պահքի քսանվեցերորդ օրն է:

«Սուրբ պահեցողութեան ճամբորդութեան ընթացքին, մեր Փրկիչը քայլ առ քայլ կ՚ընկերակցի մեզի, որպէսզի խորհինք մեզմէ իւրաքանչիւրին նկատմամբ իր ունեցած անսահման սիրոյ մասին։ Կ՚ընկերակցի, որպէսզի մեզ հասցնէ ճանապարհորդութեան աւարտը՝ զինուած հոգեւոր զէնքերով եւ մեծ օրհնութեամբ, որոնք մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին մեր հետ կ՚ըլլան, թիկունք կ՚ըլլան մեզի ամէն ատեն։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Քեզի եւ կը փառաբանենք Սուրբ Անունդ Աստուած մեր՝ Քու մեծ սիրոյդ համար։ Մեր բոլորին համար աշխարհ եկար որպէս Արդար Ուսուցիչ՝ Կեանք տուող ուսուցումներով։ Աշխարհ եկար որպէս բժշկող Բժիշկ՝ մէկ հպումովդ շատերը բժշկելով։ Աշխարհ եկար որպէս վստահելի Հովիւ եւ Փրկիչ՝ բոլոր անոնց որոնք կը հաւատան Քեզի, եւ Քու անունովդ քաւութիւն կը ստանան իրենց բոլոր մեղքերէն, Քեզի համար դեսպաններ դառնալով այս աշխարհին վրայ։ Քու անոյշ բոյրդ որ մեր վրայ տարածուելով սէր, խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն կը բուրէ մեզմէ՝ բոլոր անոնց որոնց կը հանդիպինք, որովհետեւ Քու զաւակներդ ենք, Քու յատկութիւններդ կրողները, որպէսզի Քու Սուրբ սիրտդ ուրախանայ, որ մեզ սիրեց եւ Ինքզինք տուաւ մեր փրկութեան համար»:

Արաբերէնէ թարգմանուած այս հատուածէն գլխաւոր երկու մտածումներ կան, որոնց մասին պէտք է մտածենք:

ա. Պահեցողութեան մեր ամբողջ ճամբորդութեան ընթացքին, Տէր Յիսուս քայլ առ քայլ կ՚ընկերակցի մեզի, կը զօրացնէ ու կը գօտեպնդէ մեզ, որպէսզի չյուսահատինք, չտկարանանք, ընդհակառակը, Իրմով զօրացած պայքարինք, հասնելու համար Իր Հրաշափառ Յարութեան:

բ. Միշտ, ամէն օր, ամէն ժամ, նոյնիսկ ամէն վայրկեան, պէտք է շնորհակալութիւն յայտնենք Տէր Յիսուսին, որովհետեւ Ան սիրեց մեզ: Որպէս Բժիշկ եկաւ ու բժշկեց մեզ: Որպէս Փրկիչ Ինքզինք տուաւ՝ որպէսզի մենք ապրինք: Որպէս Ուսուցիչ սորվեցուց մեզի առաքինի կեանք ապրելու ձեւերը: Մեզի կը մնայ Իր Սուրբ սիրտը ուրախացնել, Իր կամքը կատարելով, հետեւելով Իր օրինակին եւ փառաբանելով ու գովաբանելով զԻնք, Հօր եւ Սուրբ Հոգիին հետ միասին, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Մարտ 8, 2024