ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մարտի 8-ի՝ Համաշխարհային կանանց օրուան առթիւ հրապարակեց շնորհաւորական պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Կանանց տօնին առթիւ Հայրապետական Մեր օրհնութիւնը կը բերենք եւ կը շնորհաւորենք բոլոր տիկնանց եւ օրիորդաց՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս։

Կնոջ դերը միշտ արժեւորուած է մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ՝ յատկապէս կարեւորուած անոր առաքելութիւնը ընտանիքի մէջ զաւակներու դաստիարակութեան, սերունդներու կրթութեան գործին գծով։ Այսօր, երբ ընդլայնուած են կանանց գործունէութեան ոլորտները, արդարեւ, մեծ է մեր մայրերու ու քոյրերու աւանդը ազգային եւ եկեղեցական կեանքէն ներս։

Ներկայիս մեր հայրենիքն ու համայն հայութիւնը կանգնած են բարդ մարտահրաւէրներու առջեւ։ Դժուարին այս ժամանակներուն առաւել նուիրում ու խնամք կը պահանջուի՝ յանուն ազգային-հոգեւոր արժէքներու զօրացման, աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի համերաշխութեան ու միասնականութեան ամրապնդման եւ մեր երկրի խաղաղ ու բարօր գալիքի կերտման։

Մեծազնիւ տիկնայք եւ օրիորդներ, Իջման Սուրբ Սեղանին առջեւ հանապազ Մեր աղօթքն ու մաղթանքն է, որ Աստուած պահպանէ ձեզ Իր օրհնութեան ներքեւ յոյսով ու հաւատքով առլցուն, հաստատուն՝ բարի գործերու ու առաքինութիւններու մէջ եւ քաջառողջ ու երջանիկ՝ ձեր ընտանիքներու ու սիրելիներու հետ:

Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի սէրը, շնորհները եւ ողորմութիւնը թող միշտ ըլլան ձեզ հետ. ամէն։

Ուրբաթ, Մարտ 8, 2024