Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. «ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑԻՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՐԱՆԳ ՏԱԼԸ ՍԱԴՐԱՆՔ Է»

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը «Արմէնփրէս» գործակալութեան յայտարարեց, որ Արցախի հարցին կրօնական երանգ տալը սադրանք է։ Բացառիկ հարցազրոյցին մէջ Վեհափառ Հայրապետը մանրամասնօրէն անդրադարձած է հայ ժողովուրդի եւ իսլամական աշխարհի դրական յարաբերութիւններուն։ Մահմետական բազմաթիւ երկիրներու մէջ ցայսօր կը գտնուին հայկական համայնքներ։ «Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին թեմեր ու ծուխեր ունի շուրջ մէկ տասնեակ մահմետական երկրի մէջ, ուր մեր ազգի զաւակները

կ՚ապրին որպէս օրինակելի քաղաքացիներ՝ իրենց նպաստը բերելով այդ պետութիւններու զարգացման ու շէնացման, վայելելով տեղւոյն իշխանութիւններու բարեացակամ վերաբերմունքը։ Հայոց Եկեղեցին կը շարունակէ երկխօսութիւնը միջկրօնական զանազան հարթակներու վրայ՝ յանուն մարդկութեան բարօր ու խաղաղ կեանքի։ Այս մասին կը վկայեն իսլամական աշխարհի առաջնորդներու այցելութիւնները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, մեր կողմէ փոխադարձ այցելութիւնները», ըսաւ ան։

Իր յայտարարութիւններու մէջ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ Արցախի հակամարտութեան առաջին իսկ օրէն Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատրիարքներու միջնորդութեամբ ձեւաւորուած է եռակողմանի հանդիպումներու հարթակ՝ Կովկասի մահմետականներու հոգեւոր առաջնորդի եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսներու մասնակցութեամբ։ Այս հանդիպումներուն բազմիցս շեշտուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չունի կրօնական հիմք։ Ընդգծուած է նաեւ մեր տարածքաշրջանէ ներս քրիստոնեայ եւ մահմետական ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութեան եւ փոխըմբռնման անհրաժեշտութիւնը։

«Այս օրերուն, երբ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմական գործողութիւններուն զոհ կ՚երթան բազում խաղաղ բնակիչներ, կը ռմբակոծուին բնակավայրեր եւ մեր ժողովուրդի քաջարի զաւակները սեփական կեանքով կը պաշտպանեն իրենց ազատ ու անկախ կեանքի իրաւունքը, յաճախ ականատես կը դառնանք նոյնիսկ Ատրպէյճանի նախագահի մակարդակով փորձերու՝ վերստին կրօնական երանգաւորում տալու ղարաբաղեան հակամարտութեան։ Սա պարզապէս սադրանք է, որ, ցաւօք, կրնայ յանգեցնել սարսափելի հետեւանքներու», ըսած է Վեհափառ Հայրապետը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2020