ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ «ՎԱՉԷ ԵՒ ԹԱՄԱՐ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ» ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 10-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանը արդէն թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 10-ամեակը։ Այս յոբելեանին առթիւ վերջին օրերուն Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը։ «Սուրբ Էջմիածին՝ գիրքի հանգրուան» խորագրով կազմակերպուած էր այս գիտաժողովը։ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի հոյակերտ շէնքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը։ Մատենադարանի շէնքը թէ՛ ունի իսկապէս տպաւորիչ ճարտարապետութիւն եւ թէ՛ յագեցուած է ժամանակակից բոլոր անհրաժեշտութիւններով, ինչ որ այս գիտամշակութային գործունէութեան ազդեցութիւնը եւ կշիռը կը պայմանաւորէ։

Յոբելենական գիտաժողովի ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժնի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանն ալ գիտաժողովի մասնակիցներուն փոխանցեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։

Հարկ է նշել, որ այս գիտաժողովին մասնակցութիւն բերաւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռէն Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, որ վերջին օրերուն գիտաժողովի մըն ալ մասնակցեցաւ Երեւանի մէջ՝ Հայաստանի Ազգային գրադարանէն ներս։

Միւս կողմէ, յոբելեանի առթիւ, Հայաստանի Ազգային գրադարանը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանը պարգեւատրեց «Յակոբ Մեղապարտ» յուշամետայլով։ Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» հայկական պետական մանկավարժական համալսարանն ալ Մատենադարանին վերադարձուց 1922-ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին պատկանած եւ զանազան թուականներուն հրատարակուած շուրջ 100 գիրք։ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գիտական գրադարանն ալ, իր հերթին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Մատենադարանին ընծայեց «Հայ գիրքը Թուրքիոյ մէջ» երկը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2022