ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՋԵՐՄՈՒԿ ՔԱՂԱՔԸ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այցելեց Հայաստանի Վայոց Ձորի մարզի Ջերմուկ քաղաքը, որ թիրախաւորուած էր անցեալ սեպտեմբերի 13-ին Ատրպէյճանի բանակին կողմէ կատարուած յարձակումներուն ժամանակ։ Ներկայիս ալ Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները կը գտնուին այս քաղաքի մօտակայքին։ Երէկուան այցելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին ընկերացան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան, լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան, Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի տնօրէն Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան, Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան եւ Ֆրանսայի հայոց թեմակալ առաջնորդ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան։ Վեհափառ Հայրապետի շքախումբը Ջերմուկ քաղաքի մուտքին դիմաւորուեցաւ Վայոց Ձորի թեմակալ առաջնորդ Տ. Աբրահամ Արք. Մկրտչեանի, Վայոց Ձորի մարզպետ Արարատ Գրիգորեանի եւ Ջերմուկի քաղաքապետ Վահագն Արսէնեանի կողմէ։

Նորին Սրբութիւնը առաջնորդուեցաւ Ջերմուկի Ս. Գայիանէ եկեղեցին, ուր խաղաղութեան մաղթանք կատարուեցաւ՝ Հայաստանի, Արցախի եւ երկրի սահմաններու անսասանութեան ու հայ ժողովուրդի անվտանգ, խաղաղ եւ բարօր կեանքին համար։ Աղօթք բարձրացուեցաւ նաեւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հայորդիներու հոգիներու խաղաղութեան եւ հանգստութեան համար։

Ջերմուկի ժողովուրդին ուղղեալ պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Տագնապներն ու անհանգստութիւնները չափազանց շատ են այսօր մեր կեանքին մէջ։ Մենք մտահոգուած ենք մեր հայրենիքի, հարազատ երկրի մէջ ապրող մեր ժողովուրդի զաւակներու ներկայով եւ ապագայով՝ յատկապէս երբ մեր հայեացքները ամէն անգամ կը հանդիպին անմեղ, բայց արդէն հոգսաշատ դարձած մեր մանուկներու աչքերուն։ Մեր երկրի եւ ժողովուրդի առջեւ ծառացած մտահոգութիւններէն եւ անհանգստութիւններէն դրդուած՝ որոշ ընտանիքներ կը հեռանան երկրէն եւ կը դառնան գաղթական՝ օտարութեան մէջ փնտռելով իրենց եւ իրենց զաւակներու երջանկութիւնն ու ապահովութիւնը։ Մենք եկած ենք այստեղ ըսելու, որ այն ամէնը, ինչ որ ունինք, մեր երկիրն է, մեր հայրենիքը։ Պիտի զինուինք քաջութեամբ ու տոկունութեամբ, որպէսզի պաշտպան ըլլանք այս սրբազան հողին, ուր ապրած եւ արարած են մեր նախնիները ու մեր հայրերը, ուր նահատակուած են մեր զաւակները»։

Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը պատգամը եզրափակեց ըստ հետեւեալի. «Եւ մեր ժողովուրդը իր իմաստութեամբ, իր աշխատասիրութեամբ, տոկունութեամբ ու քաջութեամբ պիտի շարունակէ կառուցել արժանապատիւ եւ ստեղծագործ իր կեանքը, զօրացնել երկիր հայրենին եւ կերտել լուսաւոր գալիքը»։ Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ, Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորապէս ուշադրութեան առարկայ դարձուց երիտասարդները, այցելեց նաեւ Ջերմուկ քաղաքի հիւանդանոցը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2022