ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, շաբաթավերջին Հայաստանի Կոտայքի թեմի Կեչառիսի պատմական վանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Կոտայքի Թեմակալ առաջնորդ Տ. Առաքել Արք. Քարամեանի ձեռամբ քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացան եօթ սարկաւագներ։ Այսպէսով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս ծառայութեան կը կոչուին եօթ երիտասարդ հոգեւորականներ։ Արարողութեան ընթացքին Տ. Առաքել Արք. Քարամեան խօսեցաւ քարոզ մը, որու ընթացքին ըսաւ.

«Այսօր նուիրական եւ յիշարժան օր մըն է մեզմէ իւրաքանչիւրին համար, նաեւ ուրախութեան եւ հոգեւոր բերկրանքի օր մըն է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան ու մեր հաւատացեալ ժողովուրդի համար, բայց օրը նուիրական, յաւէտ յիշարժան ու սուրբ է յատկապէս մեր նորաօծ եօթ քահանաներուն համար։ Նորաօծ քահանայ հայրեր, Աստուծոյ ձեր ընծայման աստուածահաճոյ ուխտի առթիւ ես գոհութիւն ու փառք կը վերառաքեմ առ Բարձրեալն Աստուած։ Այսօր հայ ժողովուրդը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի եւ թէ սփիւռքի մէջ կարիքն ունի Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ թխուած հոգեւոր հացի եւ հոգեւոր սնունդի։ Սիրելի քահանայ եղբայրներ, դուք վեց-եօթ տարի ուսանեցաք Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ։ Ճեմարանական տարիներուն ձեր ձեռք բերած հոգեւոր գիտելիքները անսակարկ ձեւով պէտք է մատուցէք մեր ժողովուրդին՝ ձեզի վստահուած հօտին։ Ճեմարանը՝ որպէս հոգեւոր գիտելիքներու դարբնոց՝ հնոց, ձեզի ձուլած եւ դարձուցած է մաքուր ոսկի, որպէսզի մաքուր սրտով, մաքուր հոգիով բոլորանուէր եւ անմնացորդ կերպով ծառայէք մեր ժողովուրդին, որովհետեւ ժողովուրդը հանապազօրեայ հացէն ոչ-պակաս հոգեւոր հացի կարիք ունի»։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2018