ԳՀԽ-Ի ԺՈՂՈՎԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՂՕԹԵՑԻՆ 44-ՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՀՈԳՒՈՑՆ Ի ՀԱՆԳԻՍՏ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Սկիզբին միաբերան արտասանուած «Հայր մեր»էն վերջ ժողովականները աղօթեցին Արցախի 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հայորդիներու եւ նորոգ հանգուցեալ Տ. Մաղաքիա Վրդ. Ամիրեանի հոգիներու հանգստութեան համար։ Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը ԳՀԽ-ի անդամները ողջունեց՝ փոխանցելով իր բարեմաղթութիւններն ու օրհնութիւնները։ Նորին Սրբութիւնը հայցեց, որպէսզի Տէրը առաջնորդէ ժողովականները՝ արդիւնաւէտ կերպով իրականացնելու համար ԳՀԽ-ի հերթական ժողովը։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգի հաղորդումներով, հնգօրեայ նստաշրջանի ընթացքին կը քննարկուին ազգային, եկեղեցա-վարչական, իրաւական, կանոնական, կարգապահական եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման վերաբերեալ հարցեր։ Օրակարգի վրայ ընդգրկուած են նաեւ նուիրապետական աթոռներու, թեմերու, հայրապետական պատուիրակութիւններու գործունէութեան մասին նիւթեր։ Ժողովականները ուշադրութեան առարկայ կը դարձնեն Արցախի պատերազմի հետեւանքներն ու անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ ձեռք առնուած ծրագրերը, ինչպէս նաեւ յետպատերազմեայ եւ համաճարակային պայմաններու ներքեւ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2021