ՇԻՔԱԿՈՅԻ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, շաբաթավերջին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս հանդիսապետեց Շիքակոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան։ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 96-րդ տարեդարձին առթիւ հայր սուրբը մատոյց գոհաբանական Ս. Պատարագ եւ խօսեցաւ քարոզ մը։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Անդրէաս Քհնյ. Կարապետեան եւ Տ. Նարեկ Քհնյ. Քիւթելեան։

Կրօնական արարողութիւններու աւարտին եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ նաեւ տօնախմբութիւն, որու ընթացքին գործադրուեցաւ մշակութային յայտագիր։ Սիրոյ սեղանի տեւողութեան ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ։ Հայր սուրբը առիթն ունեցաւ զրուցելու հաւատացեալներու հետ, որոնց շարքին կը գտնուէին նաեւ նախկին պոլսահայեր։ Ելոյթով մըն ալ հանդէս եկաւ Ծխական խորհուրդի ատենապետ Չարլզ Տեմիրճեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2022