ՄՏԵՐՄԻԿ ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ վերջին օրերուն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս կը գտնուէր, այցելեց Սան Ֆրանսիսքօ։ Հայր սուրբին համար նախկին պոլսահայերու շրջանակէն ներս հիւրասիրութիւն մը կազմակերպուած էր իր ազգականներէն Կամիթեան ընտանիքին կողմէ։ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս մտերմիկ հաւաքոյթը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Էշեան։ Ի յիշատակ այս հանդիպման հայր սուրբին յանձնուեցաւ նաեւ յուշանուէր մը։

Հաւաքոյթի ընթացքին Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Էշեան ջերմօրէն ողջունեց հայր սուրբին ներկայութիւնը։ Իր կարգին, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանն ալ սրտի խօսք մը արտասանեց՝ ընդգծելով Հիւսիսային Ամերիկայի զոյգ թեմերէն ներս իր վկայած ուրախառիթ երեւոյթները, որոնք կու գան ապացուցանել, թէ պոլսահայեր միշտ ազգային-եկեղեցական կեանքին ներգրաւուած կը մնան։

Սեղանակիցներէն ոմանք ալ բաժնեցին իրենց զգացումները։ 

Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան արդէն վերադարձած է Արեւելեան թեմ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2022