ԹԵՐԱԿՂԶԻԻ ՅԻՍՈՒՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ

Տակաւին թարմ է լուրերուն այն ազդեցութիւնը, որ ունէինք մօտ անցեալին՝ հեռատեսիլէն կամ լրատուական այլ միջոցներէն, հետեւելով Խրիմ թերակղզիին իրադարձութիւններուն: Ցուցարարներուն միջեւ բախումները, Խրիմի Ինքնավար Հանրապետութիւնը Ռուսաստանի՞, թէ՞ Ուքրայնոյ կազմին մէջ ըլլալուն համար կռիւները թերեւս վերջ գտած են, եւ Խրիմէն կարճ ժամանակուան համար Հայաստան եկող մեր հայրենակիցները կը խօսին փոքրիկ այդ հանրապետութեան խաղաղ կեանքին մասին:

Հայերը Խրիմի թերակղզիին զանազան քաղաքներուն մէջ բնակութիւն հաստատած են 10-րդ դարուն: Պաշտօնական տուեալներով, այսօր կը բնակի Ռուսաստանի քաղաքացի 12 հազար հայ, սակայն ոչ-պաշտօնական տուեալներով, անոնց թիւը 28-30 հազարի կը հասնի:

Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան հետեւանքով տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւնները տեղւոյն հայ համայնքը դրական կերպով ընդունած է, անոնք այսօր կ՚ապրին եւ կ՚աշխատին Ռուսաստանի համակարգին ներքոյ։ Աւելի՛ն. Խրիմի հայերը գործօն մասնակցութիւն բերած են Խրիմի կարգավիճակին առթիւ՝ 2014 թուականին տեղի ունեցած հանրավճիռի կազմակերպման գործին մէջ, մասնակցած են Խրիմի նոր Սահմանադրութեան ստեղծման, հակառակ անոր, որ հասարակական կազմակերպութիւնները հան-դէս եկած են քաղաքական լարուած իրադրութեան մէջ՝ հայկական կողմին չէզոքութեան մասին:

Ռուսաստանի հետ միաւորումէն անմիջապէս ետք, Խրիմի հայերը հնչեցուցած են ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու վերականգնման հարցը եւ ռուսական իշխանութիւններէն ստացած են բաւարար պաշտպանութիւն: Վերջին իրադարձութիւններէն ետք եղած են նաեւ դէպքեր, երբ հայերը լքած են իրենց բնակավայրերը ու տեղափոխուած Ուքրայնա եւ Եւրոպա, բայց ընդհանուր առմամբ, հայերը դժգոհ չեն ներկայ իրավիճակէն:

Խրիմը ծանօթ է իր բազմազգ բնակչութեամբ: Հայերը ներգրաւուած են Խրիմի սպասարկման ոլորտին մէջ, որովհետեւ թերակղզին ունի զբօսաշրջային համարում:

Հոն՝ Ուքրայնոյ հարաւը, գտնուող այդ փոքրիկ տարածքին վրայ կը բնակին 197 ազգերու ներկայացուցիչներ: Ռուաստանի մէջ բնակող բոլոր ազգերը ներկայութիւն են Խրիմի մէջ: Մեր հայրենակիցները Խրիմի կարգավիճակի հանրաքուէէն եւ Խրիմը Ռուսաստանի հետ միաւորուելէ ետք ստեղծած են «Խրիմեան հայրենադարձներու՝ հայերու, պուլկարներու, յոյներու ու գերմանացիներու» միութիւն եւ անոր ծիրէն ներս նաեւ կը պաշտպանեն իրենց իրաւունքները: Կը գործեն բազում հայկական միութիւններ, մշակութային կառոյցներ, կիրակնօրեայ հայկական դպրոցներ:

Ռուսաստանին միաւորուելէ ետք Խրիմի մէջ ամէն տարի տեղի կ՚ունենայ «Ծովային Հայաստան» փառատօնը, որ մասնակիցներ կ՚ունենայ Ռուսաստանէն եւ այլ մօտակայ վայրերէն:

Թերակղզիին բոլոր քաղաքներուն մէջ հայերը հինաւուրց պատմական հետքեր ունին:

Խրիմի հետ հայերու կապը սկիզբ կ՚առնէ Տիգրան Մեծի եւ Միհրդատ Եւպատորի ժամանակներէն: Խրիմահայ գաղութի սկիզբը եւ ձեւաւորումը եղած է տեւական պատմական հոլովոյթ. գաղթականական առաջին շրջանը ընդգրկած է 10-րդէն 11-րդ դարերը: Բիւզանդիոնի նուաճողական քաղաքականութեան, ապա սելճուքներու եւ մոնղոլներու արշաւանքներու հետեւանքով գաղթի դիմած հայութեան նկատառելի մասը Բիւզանդական կայսրութեան փոքրասիական եւ եւրոպական տարածքներով, Սեւ ծովու կովկասեան ափերով եւ Տրապիզոն-Խրիմ ծովուղիով անցած է Խրիմի թերակղզի: 14-րդ դարու 30-ական թուականներուն, համայնքին թիւը աճած է մոնղոլական արշաւանքներէն հայերու աննախընթաց մեծ հոսքին պատճառով, իսկ 15-րդէն 19-րդ դարերուն՝ քաղաքական եւ տնտեսական պատճառներով Հայաստանէն եւ հայաշատ վայրերէն եկած հայ գաղթականներու պատճառով:

Ճենովական պատմական աղբիւրներու համաձայն, միջնադարեան Խրիմի մէջ հայերու թիւը եղած է շուրջ 150 հազար (թիւով զիջած են միայն թաթարներուն): Թերակղզին բուն Հայաստանէն եւ հայկական Կիլիկիայէն ետք հայաշատ մեծագոյն տարածքաշրջանն էր: Խրիմի մէջ հայերու թիւին, ունեցած դերին եւ ազդեցութեան մասին կը վկայէ այն, որ 15-րդ դարուն օտարերկրացիները թերակղզիի հարաւ-արեւելեան հատուածը անուանած են Armenia Maritima («Ծովային Հայաստան») կամ «Մեծ Հայաստան»: 13-րդ դարէն մինչեւ 18-րդ դարու 80-ական թուականները խը-րիմահայ գաղութը գտնուած է թաթարական, իսկ 1475-1783-ին՝ թուրք-թաթարական համատեղ տիրապետութեան տակ: 1260-ականներէն մինչեւ 1475 թուականը թերակղզիի հարաւ-արեւելեան շրջանի հայութիւնը միաժամանակ ենթարկուած է Ճենովայի հանրապետութեան գաղութային վարչակազմին, որ այստեղը կառավարած է թաթարներուն տուրք տալու պայմանով:

13-րդէն 18-րդ դարուն, հայ բնակչութիւնը կեդրոնացած է Խրիմի բոլոր նշանաւոր կեդրոններուն եւ շուրջ երկու տասնեակ հայկական գիւղերու մէջ: Խրիմի մէջ հայ բնակչութեան նման տեղաբաշխումը աննշան փոփոխութիւններով պահպան-ւած է նաեւ նոր ժամանակներուն մէջ:

Ազգային, եկեղեցական եւ առհասարակ ներքին կեանքի կառավարման հարցերուն մէջ խրիմահայերը օգտուած են որոշակի ինքնավարութենէ, ղեկավարուած են ազգային սովորութիւններով եւ արժեչափերով, իսկ 1519 թուականէն ետք՝ նաեւ Մխիթար Գօշի Դատաստանագիրքով: Իբրեւ Խրիմի խանութեան բնակիչներ՝ հայերը ենթարկուած են իշխող իրաւակարգին, սակայն թաթար աւագանին միայն առանձին դէպքերու մէջ միջամտած է անոնց ներքին կեանքի հարցերուն եւ խանութեան տնտեսական կեանքին մէջ հայերու նշանակալի դերը հաշուի առնելով՝ հանդուրժած է անոնց ներամփոփ ազգային ինքնավար վիճակի գոյութիւնը:

Խրիմահայերու գործերուն մէջ գերակը-շիռ եղած են առեւտուրը, արհեստագործութիւնը եւ երկրագործութիւնը: 13-15-րդ դարերուն, երբ Խրիմը դարձած է Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ ապրանքա-շըրջանառութեան հիմնական օղակ, խրիմահայերը իրենց ձեռքը պահած են թերակղզիի առեւտուրի եւ տնտեսութեան մարզը: Անոնց գործունէութիւնը ծաւալած է բուն Խրիմի մէջ, սեւծովեան եւ Միջերկրականի արեւելեան աւազանի, սլաւոնական աշխարհի երկիրներու, Արեւելեան Եւրոպայի մէջ: Հայ առեւտրականները Խրիմի մէջ ունեցած են իրենց միաւորները, իջեւանատուները, պահեստաշէնքերը, վարձակալած նաւերը: Անոնց մէջ եղած են մեծ դրամատէրեր, որոնք միաժամանակ վարկաւորած են առեւտուրը: 15-րդ դարու երկրորդ կիսուն նկատելի դարձած է խրիմահայերու մասնակցութիւնը Խրիմ-Ռուսաստան տնտեսական ու քաղաքական կապերու զարգացման։ Հայ վաճառականները յաճախ հանդէս եկած են նաեւ դիւանագիտական առաքելութեամբ: Հիւսիսի հետ աշխուժացած ցամաքային առետուրին նպաստելով` հայերը 1736 թուականին հիմնած են Օրապազար (Արմիանսկի պազար) քաղաքը:

Խրիմահայ առաջին դպրոցը հիմնուած է Ղարասուպազարի մէջ, 1816 թուականին։ Հայկական դպրոցներ բացուած են նաեւ Հին Խրիմի, Թէոդոսիոյ, Եւպատորիոյ, Կերչի, Օրապազարի, Սուպաշիի եւ այլ վայրերու մէջ, ուր նկատելի թիւով հայութիւն կար։

Խրիմի հայկական գիւղերու, ինչպէս նաեւ քաղաքային հայ բնակչութեան նկատելի հատուածը զբաղած է այգեգործութեամբ, դաշտավարութեամբ, անասնապահութեամբ:

19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբներուն խրիմահայերը տուած են համազգային եւ համաշխարհային հռչակ վայելող արուեստագէտներ, որոնց կարգին են՝ նկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկին, անոր տաղանդաւոր աշակերտը՝ Մահտեսեանը, հայ դասական եւ ազգային երաժշտութեան մեծ ներկայացուցիչներ՝ Ալեքսանդր Սպենդիարեանն ու Քրիստափոր Կարամուրզան եւ այլք։ Յովհանէս Այվազովսկիի ծննդեան բոլոր յոբելեանները միշտ ալ պետական մակարդակով նըշ-ւած է Խրիմի մէջ։ Խրիմի կառավարութիւնը հպարտօրէն կը նշէ մեծ ծովանկարիչի՝ խրիմահայ ըլլալը եւ անոր ունեցած մեծ աւանդը թերակղզիին մէջ:

1980-ական թուականներու վերջաւորութենէն ի վեր նկատելի դարձած է մինչ այդ զանազան պատճառներով թերակղզիէն արտագաղթած հայերու վերադարձը Խրիմ։ 1989 թուականին խրիմահայերու «Լոյս» հասարակական-մշակութային կազմակերպութեան հիմադրութեամբ հայերու վերադարձին համար կազմակերպուած ընթացքը հաղորդուած է, եւ սկսած է իրագործուիլ անոնց վերադարձի եւ տեղաւորման պետական ծրագիրը։

Խրիմահայ մշակոյթի նկատելի դրսեւորումներէն մին բոլոր ժամանակներուն եղած է նաեւ ճարտարապետութիւնը. հայերու շինարարական գործունէութիւնը եւ ատոր վկայութիւններն են Խրիմի մէջ այսօր պահպանուած յիսուն հայկական եկեղեցիները, որոնցմէ մէկ մասը միայն գործող է: Անոնց թիւը անցեալին շատ աւելին էր, միայն Թէոդոսիա քաղաքը ժամանակին ունեցած էր երեսուն եկեղեցի, այսօր քիչ մասը պահպանուած է այդ երեսունէն:

Խրիմի մէջ կան նաեւ հայութեան ներկայութիւնը հաստատող հնագոյն յուշարձաններ, թանգարաններ, որոնցմէ է Սեպասթափոլ քաղաքին մէջ 89-րդ Թամանեանական հրաձգային խումբի պատուին դրուած յուշարձանը, Սիմֆերոփոլի գերեզմանատան մէջ նաեւ կը գտնուի հայ մեծ երաժիշտ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի եւ Սպենդիարեաններու ընտանեկան դամբարանը: Ալեքսանդր Սպենդիարեանի մանկութիւնը այդ քաղաքին մէջ անցած է:

Թէոդոսիոյ մէջ հռչակաւոր են մեծ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի տուն-թանգարանը, շիրիմը, որոնք միշտ լեցուն են այցելուներով, Այվազովսկին տուն ունի նաեւ Խրիմի Եալթա քաղաքին մէջ, ինչպէս նաեւ Եալթայի մէջ պահպան-ւած է Ալեքսանդր Սպենդիարեանի տունը: Այլ քաղաքներու մէջ կան խաչքարեր, հայերու արձաններ…

Հայկական ճարտարապետական գոհարներէն ծանօթ են Սուրբ Խաչ վանքը Հին Խրիմի մէջ, Եւպատորիոյ Սուրբ Նիկողայոս հայկական եկեղեցին, Թէոդոսիոյ Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, որ Խրիմի ամենէն հին հայկական եկեղեցին կը նկատուի՝ հիմնուած 11-12-րդ դարերուն:

Հայկական ուրիշ եկեղեցի մը եւս կայ Այվազովսկիի ծննդավայրին մէջ՝ Միքայէլ եւ Գաբրիէլ հրեշտակապետաց անունով, իսկ մեծ ծովանկարիչին շիրիմը կը գտնուի Սուրբ Սարգիսի մօտ: Սուրբ Սարգիս անունով եկեղեցի կայ նաեւ Տոպոլեովկա գիւղին մէջ: Տոպոլեովկա գիւղին մասին կ՚ըսեն, թէ զայն հիմնած են հայերը: Ժամանակին Թէոդոսիոյ ամենամեծ եւ գեղեցիկ շինութիւններէն նկատուած է Խալիբեան ուսումնարանի եռայարկ շէնքը, որ Բ. Աշխարհամարտին ռմբակոծութեան հետեւանքով լիովին աւերուած է։

Խրիմի հայկական եկեղեցիներէն հաւանաբար ամենայայտնին Սուրբ Հռիփսիմէ վանքն է, որ կը գտնուի Խրիմի հէքեաթային վայրերէն մէկուն՝ Եալթայի մէջ: Վկայութիւններ կան, որ Եալթայի մէջ հայերը հաստատուած են 13-րդ դարուն, զբաղած են բանջարաբուծութեամբ, նաւաշինութեամբ, ծովային առեւտուրով։ 16-րդ դարուն էական մասնակցութիւն ունեցած են նախորդ դարու երկրաշարժէն հիմնայատակ քանդուած քաղաքի վերականգնման։ Ռուսաստանին միանալէ ետք, Եալթայի մէջ ապրող հայերու թիւը աճած է եւ 19-րդ դարու վերջաւորութեան հասած է շուրջ հազարի։ Այսօր մեծ թիւով հայութիւն կը բնակի Եալթայի մէջ, անոնք հիմնականին Ռուսաստանէն եւ Հայաստանէն հոս փոխադրուած հայեր են, կան նաեւ բնիկներ:

Քաղաքի Տարսան բլուրի լանջին կառուցուած հրաշագեղ Սուրբ Հռիփսիմէ վանքը ունի յատկանշական պատմութիւն մը: Նախ յիշենք, որ կառոյցը հայ մեծ նկարիչ Վարգդէս Սուրէնեանցի նկարազարդումներով եւ նախագիծով կառուցուած եկեղեցի մըն է: 1909-1914 թուականներուն սկսած եւ 1917 թուականին աւարտած եկեղեցւոյ ճարտարապետը Գաբրիէլ Տէր-Մելիքեանն է, ժամանակի այլ հեղինակաւոր վարպետներ եւս մասնակցած են շինարարութեան:

Անցեալ դարասկիզբին վեր խոյացած Սուրբ Հռիփսիմէն ոչ միայն հայկական յուշարձանային գանձերէն է, այլ նաեւ կը նկատուի Եալթա քաղաքի ճարտարապետական կոթողներէն մէկը, որով կը հիանան բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ: Նախագիծը պատմական եւ հնագոյն Եալթա քաղաքին մէջ իրականացուցած է քարիւղի հռչակաւոր ձեռնարկատէր, ծնունդով շուշեցի Պօղոս Տէր-Ղուկասեան: Ճիշդ է, որ եկեղեցւոյ կառուցման պատմութեան մէջ տխուր յիշատակութիւն մը կայ՝ Պօղոս Տէր-Ղուկասեանի դուստրը՝ Հռիփսիմէն, մանուկ հասակին կը մահանայ Խրիմի մէջ եւ հայրը կ՚որոշէ ընտանեկան եկեղեցի-դամբարան մը հիմնել ի յիշատակ իր վաղամեռիկ դստեր։ Որպէս եկեղեցւոյ նախատիպ կ՚ընտրուի Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին՝ Էջմիածնի մէջ: Ուքրանական Ֆորոս քաղաքը նշանաւոր է իր մոխրագոյն տուֆ քարով եւ ահաւասիկ, Ֆորոսի մոխրագոյն քարը իբրեւ շինանիւթ կ՚ընտրուի եկեղեցւոյ համար:

Ներսի պատերը զարդարուած են զարդաքանդակներով, նախշերով եւ վարդաքանդակներով, եկեղեցին ունի ինքնատիպ ձայնային հնչականութիւն:

Դիմային պատին վրայ այցելուները կը կարդան գրառումը. «Վասն յիշատակի բարերարին եկեղեցւոյս Պօղոսայ Տէր-Ղուկասեանի որ կառոյց հրաշակերտ տաճարս յանուն վաղամեռիկ դստեր իւրոյ Հռիփսմեայ ի թուին ՌՋԹ-ՌՋԺԷ (1909-1917)»։

Սուրբ Հռիմփսիմէի շինարարութեան աւարտին յաջորդած են յեղափոխութեան, քաղաքացիական պատերազմներու ժամանակները։ Երկար տարիներ եկեղեցին մնացած էր անտէր, վնաս կրած էր Բ. Աշխարհամարտի ժամանակ: 1960-ականներուն արդէն քարուքանդ եղած եկեղեցին յանձնած են Եալթայի Բնութեան եւ պատմութեան թանգարանին, որուն որպէս մասնաճիւղ մը։ Եւ 1988 թուականին, Եալթա քաղաքի 150-ամեակին առթիւ եկեղեցին լիովին վերանորոգուած է, ապա Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք վերագործելու սկսած է իբրեւ հայկական եկեղեցի:

Այս եկեղեցւոյ բակին մէջ ամփոփուած են բարերարին դստեր եւ երկու որդիներուն աճիւնները:

Այստեղ իր վերջին հանգրուանը գտած է նաեւ մեծանուն նկարիչ Վարդգէս Սուրէնեանց:

Նկարիչը Եալթա տեղափոխուած էր 1917 թուականին, 57 տարեկանին, ստանձնած էր եկեղեցւոյ ներսի որմնանկարներուն գործը, սակայն վկայութիւններ կան այն մասին, թէ պատուիրատուին քմհաճոյքները, յաճախ փոխուող տրամադրութիւնը, մէկ կողմէն ալ Սուրէնեանցի ոչ-լիակատար առողջութիւնը անոր չեն ձգած աւարտին հասցնելու իր աշխատանքները: Յաջորդած է նաեւ քաղաքացիական պատերազմը, որ իր կարգին խանգարած է ձեւաւորման վերջնական ընթացքը, Սուրէնեանցի անաւարտ աշխատանքին դրոշմն իսկ հրաշալի տեսքով պահպանուած եւ մեծ շուք հաղորդած է եկեղեցւոյ: Այսօր ալ, եկեղեցին այցելելով, խորանին վրայ կարելի է տեսնել Սուրէնեանցի նկարած Աստուածամայրը: Մեծագոյն հայ նկարիչը մահացած է չքաւորութեան մէջ, 1921 թուականին, Եալթա եւ յուղարկաւորուած է հոս՝ իր նկարազարդած եկեղեցւոյ բակին մէջ:

Հայ դասական ճարտարապետութեան այս կոթողը՝ Եալթայի սիրտին մէջ, իր մոխրագոյն քարով, հրաշալի կառուցուածքով, այսօր ալ կը գերէ իր խորհրդաւորութեամբ, անոր կից հայկական կիրակնօրեայ դպրոցն ու մշակութային կեդրոնները կը գործեն:

Խրիմի խոշորագոյն քաղաքներէն Թէոդոսիոյ (14-18-րդ դարուն կը կոչուէր Քաֆա) հայկական գաղութը սկիզբ առած է 11-12-րդ դարերուն, երբ այնտեղ հիմնուած է խրիմահայոց ամենէն հին կառոյցը՝ Ս. Սարգիս եկեղեցին։

Քաֆան միջնադարեան խրիմահայ գաղթավայրերու հասարակական-քաղաքական, տնտեսական, եկեղեցական եւ մշակութային կեանքի կեդրոնն էր, անոնց ոչ-պաշտօնական մայրաքաղաքը։ 15-18-րդ դարերուն այստեղ գործած են շուրջ երեսուն հայկական եկեղեցիներ։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Փետրուար 1, 2018