ՃՀՓ-Ի ԿՈՂՄԷ ՊԱՀՔԻ ՍԵՂԱՆ

ՃՀՓ­-ի Իս­թան­պու­լի մաս­նա­ճիւ­ղի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ե­րէկ պահ­քի սե­ղան մը սար­քեց քա­ղա­քիս փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հա­մար։ Շիշ­լիի «Մա­րիոթ» պան­դո­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­ւա­քոյ­թը, որ ան­ցաւ հա­ճե­լի մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Կու­սակ­ցու­թեան Իս­թան­պու­լի մաս­նա­ճիւ­ղի ղե­կա­վար Ճե­մալ Ճան­պո­լա­թի տան­տի­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան­ներ Սե­լի­նա Տո­ղան եւ Սեզ­կին Թան­րը­քու­լու, Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պետ Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ, Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Մարգ­րիտ Տիք­մէ եւ Նուր­հան Չե­թին­քա­յա, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Սի­րան Սուր­քի եւ ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թե­նէն այլ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն բազ­մա­թիւ դէմ­քեր հրա­ւի­րուած էին այս հա­ւա­քոյ­թին։ Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Սե­լի­նա Տո­ղան, Սեզ­կին Թան­րը­քու­լու, Ճե­մալ Ճան­պո­լաթ եւ Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ։

Հա­ւա­քոյ­թի տե­ւո­ղու­թեան Սե­լի­նա Տո­ղան, Ճե­մալ Ճան­պո­լաթ եւ Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ շրջե­ցան սե­ղան­նե­րը եւ ի­րենց ու­րա­խու­թիւ­նը բաժ­նե­ցին հիւ­րե­րու մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար։ Ա­նոնք բո­լո­րին այժ­մէն շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին Ս. Զատ­կի մօ­տա­լուտ տօ­նին առ­թիւ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017