ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (22)

Առաւօտուայ գարնանային արեւը զարկաւ Զանայի ճակտին, ահա իջաւ աչքերուն ու բացաւ զանոնք։ Շարժեց գլուխը Զանան, աչքերն ազատել փորձեց պատին բացուած քառակուսի լուսամուտէն ներս ինկող շողերէն։ Վայրկեան մը անց՝ նոյն բանն էր... կամաց-կամաց արթնցաւ, եկաւ գիտակցութեան ու յիշեց։

Յիշեց, որ ամբողջ գիշերը չէր կրցեր քնանալ։ Թաւալուեր էր նեղ անկողնին վրայ, մէյ մը աջ, մէյ մը ձախ։ Մէկ՝ ծալլեր էր ծունկերը, մէկ՝ երկարեր սրունքները, մէյ մը՝ դարձեր էր փորին վրայ, մէյ մը՝ կողմնակի շրջեր էր ինքզինք դէպի պատին։ Քունը փախեր էր, այնպէս ինչպէս Պամի ամառնային գիշերներուն։ Տօթը չէր պատճառը սակայն այս անգամ. ի՞նչ էր... ու յիշեց։

Յիշեց, որ կեանքին ամենէն գրաւիչ էակը տեսեր էր երէկ։ Շուկան, չրավաճառը, ձախին պտղավաճառն ու այնտեղ՝ այդ աղջիկը, այդ գեղեցկուհին։ Ի՞նչ տեսք ունէր... փորձեց մտաբերել Զանան։ Մազերը՝ ուսերէն քիչ մը վար, քիթը՝ նուրբ, աչքերը... աչքերը՝ կրակ... մէջքը՝ նեղ ու սրունքները՝ բաց... ու յիշեց։

Յիշեց ինչպէս հետեւեր էր աղջկան, ինչպէս բարձրացեր էին Փակ շուկայէն մինչեւ Խորենացի փողոց, թեքեր էին ձախ ու կտրեր էր գեղուհին ճամբան, անցեր միւս մայթ, յետոյ մտեր բակ ու վերջապէս անհետացեր՝ շէնքերէն մէկէն ներս։ Յիշեց, եւ...

Եւ որոշումը մազի թելի մը չափ հեռու պահելով՝ դուրս ելաւ այգի։ Ընէ՞ր, թէ՞ չընէր... վերցուց ոլորուած խողովակը, քանդեց կծիկը անոր։ Տարաւ միացուց պատէն դուրս եկած հոսող աղբիւրիկին ու սկսաւ ջրել ծաղիկները։ Ուշացեր էր արդէն, արեւը հասեր էր գրեթէ երկնքի կատարին, կէսօր էր. շէյխը բարկացած ըլլալու էր, այսօր ինք չէր միացեր նախաճաշին։ Տեսնես ինչքա՞ն պիտի բարկանար, մտածեց Զանան, եթէ պատճառն իմանար...

Մէկ անգամէն մտքով գնաց Պամ, յիշեց մայրը։ Յետոյ ընտանիքը ամբողջ, որ այլեւս չունէր։ Ու վերահաստատեց այն ինչ գիտեր. որ մինակ էր։ Ու որբ։ Եւ ձեւով մը աշխարհին դառնացած՝ որոշեց, որ իրեն ամէն ինչ արտօնուած է։ Ինք իրաւունք ունի ամէն ինչի, ամէն փորձի, ամէն յոյսի, ամէն հետաքրքրութեան, մինչեւ այն ատեն, երբ չի վնասեր ուրիշին։ Ամչնալու բան չունի, կորսնցնելու բան՝ առաւել եւս։

Ու որոշեց։

Պիտի ընէր. պիտի փորձէր։

Երեկոյեան պիտի երթար Խորենացի, ու սպասէր այդ աղջկան։

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2020