ԱՐՑԱԽԻ ԴՈՒՍՏՐԸ

Սօսէն կը ճանչնամ վաղուց. մանկութեան ընկերուհիներ էինք: Նոյն բակի մէջ մեծցած, միասին խաղացած ու ծաղիկ հաւաքած: Սօսէն տարբեր է: Ան նման չէ ուրիշներուն: Արցախի մէջ բոլորը կը ճանչնան զինքը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու աշխարհի զանազան ծագերու մէջ:

Սօսէ Բալասանեան...

Սօսէն յայտնի է իր ուժեղ, առաքինի, կենսուրախ, հայրենասէր ու աստուածապաշտ նկարագրով:

Սօսէի մասին շատեր գրած են, հարցազրոյցներ կատարած, նոյնիսկ կենսագրական ժապաւէններ նկարահանած: Արցախի դուստրը վաղ հասակէն կը զբաղի ըմբշամարտի ձեւով մը, որ ունի ճաբոնական ծագում եւ կը կոչուի ժիւտօ: Ժիւտօ բառացի կը նշանակէ՝ «նուրբ ուղի», ճկուն մարտ վարելու արուեստ մը, ճաբոնական մարտարուեստ: Փիլիսոփայութիւն ու մարզական մենամարտ առանց զէնքի, որ ստեղծուած է մարտարուեստի ճաբոնացի վարպետի մը կողմէ 19-րդ դարու վերջին:

Այս մարտարուեստի մէջ Արցախի դուստրը արձանագրած է բազում յաջողութիւններ: Դարձած է Արցախի, Հայաստանի ընդհուպ աշխարհի ախոյեան: Մինչեւ վերջերս Սօսէն իր մարզական մենամարտը կը վարէր առանց զէնքի, եւ ամէն անգամ կը զբաղեցնէր պատուաւոր հորիզոնական մը: Սակայն տարի մը առաջ տեղի ունեցած Արցախի 44-օրեայ չարաբաստիկ պատերազմը ստիպեց խաղաղասէր իր դուստրը զէնք վերցնել, իր երկու եղբայրներու, հարիւրաւոր ընկերներու հետ միասին մեկնիլ մարտի դաշտ: Սօսէն առանց յապաղելու մարզադաշտը փոխեց մարտադաշտով՝ պատերազմի առաջին իսկ օրուընէ սկսեալ: Նուիրեալ հայուհին մինչեւ վերջ պայքարեցաւ յանուն հայրենիքի փրկութեան, սակայն, աւա՜ղ, այս պատերազմը բեմադրութիւն մըն էր դաւաճանութիւնը քօղարկելու համար:

Ինչպէս որ իւրաքանչիւր հայու՝ արցախցիի կեանքը բաժնուեցաւ երկուքի՝ մինչպատերազմեան ու յետպատերազմեան, այնպէս ալ Սօսէինը: Սօսէն կ՚ապրէր եւ այժմ ալ կը շարունակէ ապրիլ սրբազան գաղափարախօսութեամբ մը՝ Աստուած, հայրենիք ու ընտանիք մէկ միասնութիւն: Արցախի հոգեզաւակը պարզապէս դրախտավայրիս սիրահարն է: Մինչեւ այսօր ալ անոր իւրաքանչիւր օրը կը բացուի ու մայր կը մտնէ փառաբանելով ու շնորհապարտ ըլլալով Տիրոջը: Սօսէն ծանօթ է Արցախի ամէն մէկ քարին ու թուփին, ամէն մէկ անկիւնին: Բոլոր կիսաւեր, թէ կանգուն եկեղեցիներու մէջ իր սրտաբուխ աղօթքները բարձրաձայնած է առ Աստուած: Իսկ մեծագոյն փափաքը կը շարունակէ մնալ՝ խաղաղութիւն Արցախ աշխարհիս: Արցախի բոլոր մեծ ու փոքր գետերը կը ճանչնան զինքը: Ցրտաշունչ ձմրան օրերուն Սօսէն թերեւս մեր ջրային պաշարներու միակ այցելուն է: Իւրաքանչիւր տարի ան սառոյցի հաստ կամ բարակ շերտը կոտրելով կը լողայ, կը վայելէ մեր մաքրամաքուր գետերը:

Խոր ցաւի ու տառապանքի մէջ, կիսաւեր դարձած հոգիով ու ներաշխարհով, Սօսէն կը շարունակէ փառաբանել, զմայլիլ ու բացայայտել իր անփոխարինելի հայրենիքն ու ծննդավայրը: Հայրենասէր ու նուիրեալ դստեր հոգին կը բնակի Արցախի լեռներուն մէջ:

Մինչ պատերազմը, արշալոյսը տակաւին չբացուած, երբ քաղաքս կը շարունակէր քնանալ, Սօսէն գրեթէ ամէն օր վազելով կը յաղթահարէր 10 քիլօմեթր երկարող ոլորապտոյտ զառիվերը եւ կը հասնէր բարձունքին՝ բերդաքաղաք Շուշի: Ապա՝ Շուշի քաղաքի եզրին՝ ժայռերու գագաթին գտնուող Կատարոտ դաշտավայրը, որ արցախահայոց շրջանին աւելի յայտնի է Ճըտըրտիւզ անուամբ: Կիրճի հիասքանչ պատկերով եւ վարը գտնուող Կարկառ գետի հովիտի պատկերով այս դրախտային վայրի մէջ, ուր կարծես կը շնչէ Աստուած՝ Սօսէն կը մարզուէր, կոփելով իւր մարմինն ու հոգին: Այնուհետեւ, նոր լիցքերով ու թարմութեամբ լի կը վայելէր իր նախաճաշը Շուշի քաղաքի մէջ եւ կ՚իջնէր մայրաքաղաք՝ բարի եւ օրհնեալ լոյս մաղթելով նոր օրուան:

Ամէն վայրկեան իր հայրենիքին ա՛լ աւելի սիրահարուող դուստրը իւրապէս կը վայելէր կեանքը: Հոգին կը թեւածէր Արցախի բարձունքներու մէջ: Գոհունակութեան եւ ուրախութեան զգացումը երբեք չէր լքեր զինքը: Օր մը չէ տրտնջած: Անկարելի էր Սօսէն տեսնել առանց ժպիտի: Անոր աչքերէն մշտապէս կը ճառագէր սէր ու երջանկութիւն: Թիթեռնիկի պէս կը թռվռար: Սակայն... այսօր... Սօսէն փոխուեցաւ: Տխրութիւնը բոյն հիւսած է անոր աչքերու խորքին մէջ: Աչքերը այլեւս չեն խնդար: Ան կը շարունակէ տնքալ ու հառաչել արնաքամ եղող հայրենիքի ցաւով: Ինչպէս նաեւ կը շարունակէ երախտապարտ ըլլալ Բարձրեալին: Չի գանգատիր, չի տրտմիր, անոր փոխարէն կը խօսի իւր խամրած հայեացքը:

Կը շարունակէ մարզուիլ. այժմ աղօթքը իր շուրթերուն վազքով կը հասնի մինչեւ Շուշիի մատոյցները, բայց ոչ քաղաք: Սօսէն յոյսը չէ կորսնցուցած, չէ հիասթափուած իր հայրենիքէն: Ընդհակառակը աւելի պինդ գրկած է զինք ծնած ու սնածին: Ան, ինչպէս պատերազմի մասնակից մեր տասնեակ հազարաւոր քաջերը, չէ պարտուած, պարզապէս զանոնք ծունկի բերած են: Ազգադաւերը կոտրած են մեր անկոտրուն քաջորդիներու եւ դուստրերու ոգին, ներաշխարհը: Ժամանակ է պէտք վերականգնելու համար:

Տարի մը առաջ տասնեակ հազարաւորներ շտապեցին առաջնագիծ դարձած Արցախ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր հետ ունէր Աստուծոյ օրհնութիւնը: Կարծես իւրաքանչիւրի երեսէն հոսէր միւռոն: Սօսէն նոյնպէս բացառութիւն չէր: Ան իր կեանքի ամենագեղեցիկ ու մաքրամաքուր շրջանը ապրած է պատերազմի օրերուն:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2021