«ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ Կ՚ԱՊՐԻՄ»

«Ինչո՞ւ համար կ՚ապրիմ». վստահաբար այս հարցումը մեզմէ իւրաքանչիւրս մինչեւ այսօր գէթ մէկ անգամ հարցուցած է ինքն իրեն: Պատասխա՞նը, նայած մեր ներքին մարդուն, մեր ընկալումներուն, մեր համզումներուն եւ մեր ապրումներուն, որոնք ընդհանուր առումով հիմնուած են մեր ստացած կրթութեան ու դաստիարակութեան եւ ապրած միջավայրին վրայ:

Հարցումը շատ պարզ է եւ բնական է, որ զայն հարցնենք մենք մեզի, աւելի քան լսենք զայն ուրիշներուն կողմէ: Հարցում մը, որ շատերու համար անդրադարձումի եւ գիտակցումի առիթ եղած է: Հարցում մը, որ շատերու համար ետդարձի ու ապաշխարութեան միջոց հանդիսացած է: Հարցում մը, որ շատերու համար ինքնամաքրումի եւ ինքնազտումի ազդակ եղած է:

Միաժամանակ, հարցում մը, որ շատերու համար իրենց որդեգրած սխալ ապրելակերպին մէջ ա՛լ աւելի խորասուզուելու ու խորանալու պատճառ դարձած է: Հարցում մը, որ շատերը դէպի ջախջախում ու կորուստ առաջնորդած է:

Գալով պատասխանին, ինչպէս վերը նշեցի, կախում ունի իւրաքանչիւր անհատէ: Սակայն, հոգեւոր հասկացողութեամբ կայ հասարակ ու յայտարար պատասխան մը. «Կ՚ապրիմ, որովհետեւ Աստուած կը սիրէ զիս ու կ՚ուզէ, որպէսզի ապրիմ». այլ պատասխան մըն ալ կայ, որ յաճախ կը լսենք հոգեւոր կեանքի մէջ աւելի խոր փորձառութիւն ունեցողներէն. «Կ՚ապրիմ Աստուծոյ համար»:

Այստեղ ընթերցողներուն պիտի ներկայացնեմ Աստուածաշնչական որոշ համարներ ու հատուածներ, փորձել հասկնալու համար վերեւ նշուած երկու պատասխաններուն դրդապատճառները:

Այսպիսով.

Ծննդոց գիրքին սկիզբին մէջ կը կարդանք աշխարհի ստեղծագործութեան մասին եւ թէ ինչպէս Արարիչն Աստուած հերթականութեամբ արարեց տիեզերքը իր ամբողջ տարրերով ու գոյացութիւններով: Ծննդոցին հեղինակը Արարիչին իւրաքանչիւր արարումին համար հետաքրքրական կերպով կը նշէ, թէ՝ «Աստուած տեսաւ, թէ բարի են»: Եւ արարչագործութեան աւարտին կը տեսնենք, թէ Աստուած կ՚ըսէ.

«“Մեր պատկերին ու նմանութեանը պէս մարդ ընենք: Ան ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ անասուններուն ու բոլոր երկրի ու սողացող բոլոր սողուններուն վրայ թող իշխէ”: Աստուած՝ Իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք: Աստուած օրհնեց զանոնք եւ Աստուած ըսաւ անոնց. “Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք”» (Ծն 1.26-28):

«Տէր Աստուած գետնին հողէն շինեց մարդը եւ անոր ռնգունքներէն կենդանութեան շունչ փչեց ու մարդը կենդանի հոգի եղաւ» (Ծն 2.7):

«Եւ Տէր Աստուած խորունկ քուն մը բերաւ Ադամին վրայ ու անիկա քնացաւ: Անոր կողին ոսկորներէն մէկը առաւ ու անոր տեղը միս լեցուց: Տէր Աստուած Ադամէն առած կողին ոսկորը կին շինեց ու զանիկա Ադամին բերաւ: Ադամ ըսաւ. “Հիմա ասիկա ոսկորէս ոսկոր ու մարմինէս մարմին է. ասիկա կին կոչուի, քանզի իր այրէն առնուեցաւ”: Անոր համար այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան» (Ծն 2.21-24):

Ահաւասիկ Ծննդոցի մէջ մարդուն արարումի մասին եղած արձանագրութիւնները, ուր կը նկատենք, թէ Աստուած մարդը ձեւով մը դարձուց Իր արարչութեան թագն ու պսակը, որովհետեւ, նախ՝

ա. Մարդը ստեղծեց Իր պատկերովն ու նմանութեամբը:

բ. Մարդուն իշխանութիւն տուաւ իշխելու միւս արարուածներուն վրայ:

գ. Մարդուն ռնգունքներուն մէջ Աստուած կենդանութեան շունչ փչեց:

Ահաւասիկ առաջին պարզ բացատրութիւն մը, թէ ինչո՞ւ կ՚ապրինք:

Արարչութեան յաջորդող դրուագին մէջ կը կարդանք, թէ ինչպէս հակառակ Աստուծմէ մարդուն շնորհուած առաւելութիւններուն, մարդը սակայն անհնազանդ կը գտնուի Աստուծոյ հանդէպ, որով կը կորսնցնէ իր երանական վիճակը, բայց ո՛չ իր կեանքը, ընդհակառակը, Աստուած մարդուն կու տայ յոյսը՝ յաւիտենապէս ապրելու: Յաւելեալ պատասխան մը, թէ ինչո՞ւ համար կ՚ապրիմ/կ՚ապրինք:

• «Մեռցնողն ու կենդանացնողը, գերեզմանը իջեցնողն ու վեր հանողը Տէրն է: Աղքատացնողն ու հարստացնողը, ցածցնողն ու բարձրացնողը Տէրն է: Անիկա աղքատը փոշիէն կը վերցնէ ու կարօտը աղբիւսէն կը հանէ, որպէսզի իշխաններու հետ նստեցնէ ու փառքի աթոռը անոնց ժառանգութիւն տայ. քանզի երկրի հիմերը Տիրոջն են ու աշխարհը անոնց վրայ հաստատեց։ Անիկա Իր սուրբերուն ոտքերը կը պահէ ու չարագործները մութին մէջ պիտի կորսուին. քանզի մարդ իր ոյժովը չի կրնար յաղթել» (Ա. Թգ 2.6-9). այս համարներէն պարզ ու յստակ կը դառնայ, թէ մարդուն կեանքը կախում ունի Աստուծմէ, այլ խօսքով, մարդուն կեանքը Աստուծոյ ձեռքին մէջն է: Զգոյշ պէտք է ըլլալ սակայն ու սխալ չհասկնալ այս համարները. այստեղ մեզի ցոյց կը տրուի Աստուծոյ նախախնամութիւնն ու ամենագիտութիւնը, այսինքն՝ մահն ու կեանք, գերեզմանն ու յարութիւնը, աղքատութիւնն ու հարստութիւնը, երկրի հիմերն ու աշխարհը ամբողջ Աստուծոյ նախախնամութեան տակն են, եւ առանց Աստուծոյ գիտութեան ոչինչ կը պատահի մեր կեանքին մէջ. գիտութիւնը սակայն պէտք չէ շփոթել կամին հետ, որովհետեւ Աստուած կամակից չէ չարին, այլ՝ միայն բարիին: Հետեւաբար, կ՚ապրիմ/կ՚ապրինք Աստուծոյ շնորհքով եւ մեզի պարգեւած ողորմութեամբ եւ առանց Անոր ներկայութեան մեր կեանքը կը վերածուի անապատի: Ահաւասիկ նաեւ այն հասկացողութիւնը, թէ՝ «կ՚ապրիմ Աստուծոյ համար», որովհետեւ առանց Աստուծոյ եւ միայն իմ ուժերուս վրայ յոյս դնելով, չե՛մ կրնար յաղթել:

- Վերեւի մէջբերուած հատուածին նմանութեամբ այլ հատուածի մը եւս կը հանդիպինք այս անգամ Ա. Մնացորդաց գիրքին մէջ.

«Ո՛վ Տէր, մեր հօրը Իսրայէլին Աստուածը, յաւիտեանս յաւիտենից օրհնեալ ես: Ո՛վ Տէր, մեծութիւնը, զօրութիւնը, փառքը, պայծառութիւնն ու վայելչութիւնը Քուկդ են. քանզի բոլոր երկնքի ու երկրի վրայ եղածը Քուկդ է: Ո՛վ Տէր, թագաւորութիւնը Քո՛ւկդ ու Դուն իբրեւ գլուխ ամենէն բարձրեալն ես: Եւ հարստութիւնն ու փառքը Քեզմէ են ու ամէնուն Իշխանը Դուն ես եւ զօրութիւնն ու կարողութիւնը Քու ձեռքիդ մէջ եւ մէկը մեծցնելն ու ուժովցնելը Քու ձեռքդ է» (Ա. Մն 29.10-12):

Իսկ Բ. Մնացորդաց գիրքին մէջ այսպիսի համարի մը կը հանդիպինք. «Աստուած այսպէս կ՚ըսէ. “Դուք ինչո՞ւ համար Տիրոջ պատուիրանքներէն կը խոտորիք: Դուք բնաւ յաջողութիւն պիտի չգտնէք, քանզի դուք Տէրը մերժեցիք, Ան ալ ձեզ պիտի մերժէ”» (Բ. Մն 24.20). հաւատացեալ մարդուն համար արդարեւ, առանց Աստուծոյ կեանք չէ, եւ ապրիլ առանց Աստուծոյ, կը նմանի ապրիլ առանց կեանք ունենալու:

Նէեմեայի գիրքին մէջ կը կարդանք. «Օրհնեալ ըլլայ Քու փառաւորեալ անունդ ու ամէն օրհնութենէ ու գոհութենէ բարձր ըլլայ: Դո՛ւն, միայն դո՛ւն Տէր ես. երկինքը, երկինքներու երկինքը եւ անոր բոլոր զօրքերը, երկիրն ու բոլոր անոր վրայ եղածները, ծովերն ու անոնց մէջ բոլոր եղածները Դո՛ւն ստեղծեցիր եւ ամէնուն Դո՛ւն կենդանութիւն տուիր ու երկնքի զօրքերը Քեզի կ՚երկրպագեն» (Նե 9.5-6). բոլորին կեանք տուող Աստուած Ի՛նք է. հետեւաբար, դարձեալ ինչո՞ւ կ՚ապրինքի պատասխանին այլ վկայութիւն մը եւս, կ՚ապրինք, որովհետեւ Աստուած ուզեց, որպէսզի ապրինք եւ Աստուած մեզի կեանք շնորհեց:

Սաղմոսերգուն իր սաղմոսներու 8-րդ գլուխին մէջ Աստուծոյ փառքը եւ մարդուն արժանիքը կը ներկայացնէ հետեւեալ ձեւով.

«Ո՜վ Տէր, մեր Տէրը, ի՜նչ փառահեղ է անունդ ամբողջ աշխարհի վրայ։ Փառքդ աւելի բարձր է՝ քան երկինքը. բայց Դուն մանուկներուն ու ծծկեր երեխաներուն բերնով գովեստդ հիւսեցիր Քեզի հակառակողներուն դիմաց, որպէսզի լռութեան մատնես թշնամիներդ եւ հակառակորդներդ։ Երբ կը դիտեմ երկինքդ, մատներուդ գործը, կը դիտեմ լուսինը եւ աստղերը, որ Դուն հաստատեցիր, կը մտածեմ.- ի՞նչ է մարդը, որ կը յիշես զայն, մարդ արարածը ի՞նչ է, որ հոգածութիւն ցոյց կու տաս անոր։ Զայն քիչ մը վար դասեցիր Քեզմէ, փառքով ու պատուով զայն պսակեցիր. Քու բոլոր ստեղծածներուդ վերակացու կարգեցիր զայն, անոր իշխանութեան ենթարկեցիր ամէն ինչ, հօտերն ու արջառները, նաեւ բոլոր վայրի անասունները, երկինքի թռչուններն ու ծովուն ձուկերը, եւ ծովերուն մէջ լողացող բոլոր էակները։

Ո՜վ Տէր, մեր Տէրը, ի՜նչ փառահեղ է անունդ ամբողջ աշխարհի վրայ» (Սղ 8-րդ գլուխ). հրաշալի՜ նկարագրութիւն մը մարդուն Աստուծմէ պարգեւուած արժանիքին մասին. այսքան արժանաւորութիւն ունենալէ ետք, արդեօք տակաւին կ'անգիտանա՞նք, թէ ինչո՞ւ համար կ՚ապրինք, կամ ինչո՞ւ համար պէտք է ապրինք:

Ժողովողիին մէջ կը կարդանք. «Անիկա [Աստուած] ամէն բան իր ժամանակին վայելուչ ըրաւ եւ մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ. բայց Աստուծոյ ըրած գործը մարդ չի կրնար սկիզբէն մինչեւ վերջը հասկնալ» (Ժղ 3.11):

Եզեկիէլի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք. «Իմ օրէնքերովս չքալեցին ու Իմ կաննոներս պահել չմտածեցին, որոնցմով մարդ կ՚ապրի՝ եթէ զանոնք կատարէ, Իմ շաբաթներս պղծէ» (Եզ 20.21):

Ամովսի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք. «Տէրը փնտռեցէք, որպէսզի ապրիք» (Ամս 5.6):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 1

10 մայիս 2020, Վաղարշապատ  

Շաբաթ, Մայիս 16, 2020