ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿԻ ՆԱՄԱԿԸ՝ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒՆ
Բժիշկ, գրող Ռուբէն Սեւակ (Ռուբէն Չիլինկիրեան) իր արձակ էջերը Լոզանէն հիմնականը կը ղրկէր Պոլսոյ «Ազատամարտ»ին, ուր անոնք տպագրուելով՝ մեծ արձագանգ կը գտնէին: Օրին խմբագիր Ռուբէն Զարդարեան բարձր գնահատած է այդ գրութիւնները: Թերեւս հայ բժիշկներուն մէջ Ռուբէն Սեւակ միակն էր, որ խնամքով թուղթին յանձնած է իր գրութիւնները, որոնք խորն են եւ ապրուած, անկեղծ ու անմիջական: Ռուբէն Սեւակ մարդկային, բարոյական հարցեր դրած է իր գրութիւններու հիմքին մէջ, որոնցմէ են «Հրաշալի բժշութիւն» եւ «Մեղքին պտուղը»: Այս գրութիւնները գրուած են 110 տարի առաջ:
ՀՐԱՇԱԼԻ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆ
Երիտասա՛րդ բժիշկ, որ մարդը առողջացնելու արուեստին ես նուիրուած, չեմ հարցներ քեզի թէ կը ճանչնա՞ս արուեստդ, բայց կը ճանչնա՞ս գոնէ մարդը։
Մարդը այն մորթազերծ կարմիր կենդանին չէ՛, որուն դնդերները քննեցիր մարդակազմութեան պատկերներուն վրայ։ Մարդը այն մարմնազերծ դեղին կմախքը չէ՛, որուն շարժումները ուսումնասիրեցիր ոսկորներուն վրայ։ Մարդը այն շնչազերծ կանաչ դիակը չէ՛, որ ամիսներով քարէ սեղանի մը վրայ պառկեցուցած՝ չափեցիր, կշռեցիր, պատռեցիր, կտրեցիր, յօշոտեցիր, սղոցեցիր, բզկտեցիր, առանց որ անգամ մը բերանը բանար՝ հարցնելու համար թէ «ի՞նչ կ՚ընես, բարեկա՛մ…»։
Քեզի հիւանդ մը ցուցնելէ առաջ՝ պատուիրեցին տարիներով դիակներու վրայ աշխատիլ, որպէսզի մարդը ճանչնաս, եւ որպէսզի հոգիդ չդողայ ու խիղճդ չպոռայ։
Երկարօրէն քննելէ, փնտռելէ, պրպտելէ վերջ, գանկին մէջ նեխած ուղեղ մը ու սրտին մէջ սեւցած արիւն մը գտար։
-«Ո՞ւր է հոգին, ո՞ւր է խիղճը», գոչեցիր ծիծաղելո՜վ։
Աւա՜ղ, քու ուսումնասիրած մարդդ դիա՜կ մըն է միայն։ Զգուշացի՛ր իրեն նմանելէ։ Մարդը որ կ՚ապրի, մարդը որ կը խորհի ու կը զգայ, մարդը որուն բարոյական տառապանքները բի՛ւր անգամ աւելի են քան ֆիզիքական տառապանքները, այն մարդը ուրիշ բան կը պարունակէ իր մէջ քան ճարպն ու ոսկորը…։
Ամէ՛ն մարդու մէջ Աստուած մը կայ… Ահաւասիկ թէ ի՛նչ բան կը մոռնան քեզի ուսուցանել։
Ցաւալի է խոստովանիլ որ այժմու բժշկական վարժարանները կեանքի առաքեալներ կը պատրաստեն ա՛յնպէս՝ ի՛նչպէս զինուորական վարժարանները կը հասցնեն Մահուան պաշտօնեաներ։ Սա՛ տարբերութեամբ որ՝ այս վերջինները զինուորին ո՛չ թէ միայն սուր ու հրացան կու տան, այլ անձնուիրութեան, վեհանձնութեան, զոհողութեան ամբողջ դաստիարակութիւն մը։ Մինչդեռ դեռատի բժիշկի մը ձեռքը թոյն մը եւ դանակ մը տալէ վերջ՝ կ՚արձակեն զայն առանց բարոյական ու հոգեկան ո՛րեւէ պատրաստութեան։
Մարդը իբրեւ միսի ու ոսկորի շարժական գործիք մը ներկայացնելէ վերջ, բժշկութիւնը կը սորվեցնեն այնպէս՝ ինչպէս մեքենագէտներուն կը սորվեցնեն երկաթէ գործարաններուն ուսումը։
Հոգեկան ո՛չ մէկ բառ, բարոյական ո՛չ մէկ ուղղութիւն, անցեալի ո՛չ մէկ յիշողութիւն։
Եւ սակայն հազարներով տարիներ, Փարաւոններու երկրէն մինչեւ Աւետեաց երկիրը, ու Յորդանանէն մինչեւ Գանգէս, միլիոններով մարդիկ հոգեկան բժշկութիւնը միայն կը գործադրէին իրենց ախտերուն դէմ պայքարելու համար։ Եւ ամբողջ կրօնքներ հիմնուեցան՝ հրաշքներու հաւատալիքին վրայ։
«Հրաշալիքներու դարը անցաւ» ըսին քեզի, ու ամուր կերպով փակեցին անբացատրելի իրողութիւններու անհանգստացուցիչ դուռները։
Չըլլա՛յ որ նեղմիտներուն հաւատաս։ Այն մարդիկը որ ամէն բան գիտնալու յաւակնութիւնն ունին, կը մերժեն ինչ որ իրենց անհասկնալի կը թուի։ Աչերնին գոցած կը քնանան, ու աստղերը կ՚ուրանան…։
Քանի որ խօսքը աստղերուն է՝ յիշեցնենք թէ մինչեւ 18-րդ դարուն վերջերը, Ֆրանսական գիտութեանց կաճառը կը մերժէր ընդունիլ թէ՝ երկինքէն կրնայ քար իյնալ երկրի վրայ…։ Ականատես վկաները իբրեւ խենթ ու խաբեբայ կը հռչակէր։
Օր մը, քաղաքապետ մը, իր շրջանակին մէջ ինկած երկնաքարէն նմոյշներ ղրկած ըլլալով իրեն՝ պատկառելի Ակադեմիան, 1772-ին հրատարակած տեղեկագրով կը յայտարարէր, թէ «եղելութիւնը յայտնապէս կեղծ ու երեւոյթը ֆիզիքապէս անկարելի էր»։ Ճշմարտութիւնը իրենց գլխուն մտցնելու համար պէտք եղաւ որ այդ քարերէն մէկը իրենց գլխուն իյնար…։ 1864-ի մայիս 4-ին, ակադեմական Ատոլֆ Պրոնեար քիչ մնաց վախէն մեռնէր՝ երկնաքարի մը անկումին ականատես ըլլալով…։
Նոյնը պիտի պատահէր նաեւ հրաշալի բժշկութեան համար։
Տիեզերահռչակ բժիշկ Շարքօ՝ իր ամբողջ գիտութիւնը քանի մը անբուժելի հիւանդներու վրայ ի զուր փորձելէ վերջ, ի՜նչ մեծ եղաւ իր զարմանքը, երբ անոնք օր մը ուխտատեղի մը երթալով բոլորովին բուժուած վերադարձան…։ Այսպէս, մատը վէրքին մէջ բռնուելէ վերջ՝ իրապաշտ գիտնականը խոնարհեցաւ ճշմարտութեան առաջ. իրն է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Գիտութիւնը որ յեղաշրջուելու վրայ է՝ չի կրնար ամէն ինչ բացատրելու յաւակնութիւնն ունենալ, այսպէսով իր բարեշրջումը ժխտած պիտի ըլլար…։
«Հրաշքները ամէն ատեն գոյութիւն ունեցան՝ իրարմէ բոլորովին տարբեր կրօնքներու ու քաղաքակրթութեանց մէջ, ինչպէս որ այժմ ալ կը կատարուին բոլոր լայնութիւններուն վրայ։ Այսպէսով բուժուած հաշմանդամները հարիւրներով կը հաշւուին, նոյնիսկ երբեմն պալարներն ու ուռուցքները։ Ես տեսայ վերադարձը այն հիւանդներուն, որոնց ես չկրնալով անձամբ հաւատք ներշնչել՝ ուխտատեղի մը գացեր էին. քննեցի իրենց անդամալոյծ անդամները ու ներկայ գտնուեցայ ախտին անյայտացման»։
Լիթրէ իր «Դրական իմաստասիրութեան» մէջ կը նկարագրէ բազմաթիւ հրաշքներ, որոնք Սէն-Լուիի գերեզմանին դպչելով կը գործուէին»։
Հռչակաւոր տքթ. Ֆաուլէր կը ներկայացնէ ութը կին հիւանդներ, որոնք ստինքի ուռեցքներ ունէին ու դարմանուեցան հոգեկան բուժումով։
Սխալ հետեւութիւններու տեղի չտալու համար դիտել տանք, թէ ո՜րչափ հազուադէպ են գիտապէս վաւերացուած հրաշքները։ Սակայն, եթէ հիւանդները իրենց հաւատքը փոխանակ փայտի կտորի մը, սուրբի պատկերի մը, դիակի շիրմի մը վրայ դնելու՝ այդ փրկարար հաւատքը Գիտութեան վրայ դնէին, որքա՜ն պիտի շատնար հրաշալի բուժումներու թիւը…։ Ա՛յս է հիւանդներուն տրուելիք պատուէրը։
Բայց բժիշկներուն համար ուրի՛շ կենսական պատուէր մը կայ։
Եթէ դուն իրապէս բժիշկ ես, հիւանդներուդ փրկութեան համար՝ իրաւունք չունի՛ս որեւէ միջոց մերժելու այդ նպատակին հասնելու համար։ Սահմանափակ ու այլամերժ բժշկութիւն մը գիտակից ոճրագործութիւն մըն է։ Պիտի դիմես հնարաւոր բոլոր ազդակներուն։ Դեղն ու դանակը, ջուրն ու կրակը, ելեկտրականութիւնն ու մագնիսականութիւնը, գիտութիւնն ու հաւատքը՝ փոխն ի փոխ քու զէնքերդ պիտի ըլլան. որովհետեւ այն ախտերը որոնց դէմ կը կռուիս, տարբեր հիւանդներու մէջ, տարբեր զէնքերու կը դիմես։
Պիտի հարցնես սակայն, թէ կարելի՞ է հրաշքը գիտական հաւատալիքներու կարգը դասել։ Անշուշտ կարելի է։
Գերբնական կարծուող հրաշքը այնքան բնական է, որքան երկինքէն ինկող քարը։ Միայն թէ՝ գիտունները ժխտելով անոր գոյութիւնը, դեռ չուսումնասիրեցին հրաշագործումի օրէնքները եւ բախտին ձգեցին հրաշքի կատարումը։
Քաջութիւնն ունենանք խոստովանելու, թէ հին ազգերը մեզմէ շատ աւելի լաւ կը ճանչնային այս գիտութիւնը։ Եգիպտացիներուն, իսրայէլացիներուն, հնդիկներուն պատմութիւնը լեցուն է այսպիսի փաստերով։
Այժմ մեզի համար մութ կը մնայ հրաշագործումի եղանակը, բայց անոր սկզբունքը լոյսի մը նման պարզ է.-
Ձանձրոյթի գաղափարը կը յօրանջեցնէ, ամօթի գաղափարը կը կարմրցնէ, գութի գաղափարը կը լացնէ, սարսափի գաղափարը կը դեղնեցնէ, բժշկուելու գաղափարը կը բժշկէ։
«Եթէ,- կ՚ըսէ Պարուէլ,- առողջանալու հաստատ համոզումը իշխէ հիւանդին հոգւոյն վրայ, այդ հիւանդը անխուսափելիօրէն պիտի առողջանայ»։
Հոգեկան ազդեցութիւնը այնքա՜ն մեծ է ֆիզիքականին վրայ, որ յանկարծական վախ մը բոլոր շարժումներդ անկարելի կը դարձնէ։ Եթէ բուռն յուզում մը կրնայ վայրկենաբար անդամալուծել, աւելի՛ բուռն յուզում մը կրնայ անդամալուծութիւնը վայրկենաբար փարատել։
Ամէն բան կախում ունի՝ բժշկուելու գաղափարը հիւանդին մէջ ներմուծելու արուեստէն։
Ու տեսէք թէ Սրուանձտեան -որ ո՛չ բժիշկ էր, ո՛չ գիտնական, այլ գաւառացի վեղարաւոր մգիտուններու կողմէ կղպուած հրաշքի բժշկութեան դուռները ի՜նչ վսեմ պարզութեամբ կը բանայ.
«Նայէ սա մանուկը, իր երեսներուն վրայ էրէթիկ ջրջրուկ ունի։ Սա մամիկը թէզպէհը ձեռքն առած նստեր է. մանուկին երկու բազուկները բռնած՝ իր բոյթերով ու մատներով տղուն բազկերակները կը ճնշէ, կը շօշափէ, բազուկն ի վայր մատները կը տանի ու կը բերէ. իր աչքերը անթարթ՝ մանուկին աչքերուն յառած է. ու երբեմն ալ արմունկներէն վեր թեւերը կը ճմլէ. կը դառնայ, տղուն երեսն ի վար կը խաչակնքէ, եւ ձեռքերը պորտին ու կուրծքին վրայ դնելով՝ բոյթով կը ճնշէ, վզին մայր երակները կը ճմլէ, ճակատը կը շփէ, երբեմն-երբեմն ալ երեսին կը փչէ ու միշտ կը պտպտայ, աղօթք կ՚ընէ։ Յաճախ տղան կը յօրանջէ։ Կը մագնիսացնէ՞, կ՚ելեկտրականացնէ՞, թէ աղօթիւք հրաշք կը գործէ. - վերջապէս տղան հիւանդ էր եւ կ՚առողջանայ»։
Հիմա այս պատկերին հետ բաղդատութեան դիր այն նորագոյն բժիշկները՝ որոնք յաճախ հիւանդին ձեռքն իսկ չսեղմած (ժամանակ կորսնցնելո՞ւ թէ վարակուելու վախէն)՝ կը նստին՝ արագօրէն ստացագիր մը գրելու պէս՝ շարադրելու դեղագիր մը, որ միշտ երկրորդական է, յաճախ անօգուտ, երբեմն՝ վնասակար։
Կո՛յր պէտք է ըլլալ չտեսնելու համար այն բազմաթիւ հիւանդները, որոնք երկար ճամբորդութիւններ կ՚ընեն, բժիշկէ բժիշկ կը նետուին՝ պաշտպան մը ու նեցուկ մը գտնելու յոյսով, ու չեն իսկ փորձեր գործադրել այնքա՜ն սուղ գնուած դեղագիրները։ Որովհետեւ դժուար է ընդունիլ այն բազմաթիւ դեղերը՝ որոնք յաճախ տրամագծօրէն հակառակ են իրարու…։ Ու յետոյ՝ հիւանդին փնտռածը միայն թուղթի կտոր մը չէր, այլ ապրելու յո՜յս, հոգեկան ուժ, տառապելու քաջութի՜ւն…։
Դժբախտաբար այս բարոյական ազդակը կ՚անտեսեն բժշկական նորագոյն հաստատութիւններն անգամ։ Սկեպտիկները համոզելու համար, թէ հաւատքի բարբառ մը- հոգ չէ թէ հրապարակային ու անանձնական-ֆիզիքական ի՜նչ մեծ ուժ կրնայ ներշնչել հիւանդին արեան մէջ, կը հրատարակենք սա յուզիչ տողերը, որոնք անծանօթ տիկին մը մեզի կ՚ուղարկէ զուիցերիական սանաթորիոմէ մը.-
«Հիւանդի բնական յուսահատութեամբ, անկողնիս մէջ պառկած կը սպասէի, ես ալ չեմ գիտեր թէ ինչո՞ւ… Մահուա՞ն՝ որ չէր գար, կեանքի՞ն՝ որ կ ՚ուշանայ զիս վերականգնելու։ Երկար ամիսներու հիւանդութիւնը արդէն մաշեր, հալեցուցեր էր կորովիս ու համբերութեանս մեծ մասը, ու մնացած քիչովը դեռ կը տանջուէի։
«Ահա՛ կը ստանամ «Ազատամարտ»ը։ Մեծ ուրախութեամբ կը կարդամ հայերէն թերթերը. հայ գիրը տեսնելով կարծես կարօտը կ ՚առնեմ հայրենիքիս։
«Ապրիլը յաղթել է». շտկուեցայ անկողնիս մէջ. սկսայ կարդալ յօդուածը, եւ մինչեւ վերջացնելս բոլորովին առողջ կը զգայի զիս։ Ա՜լ կուրծքիս տակ հիւանդ թոք մը չկար. երակներուս մէջ թարմ արիւն կը հոսէր. յաջորդ օրն իսկ ելայ անկողնէս։
«Եթէ բժիշկները յաճախ գիտնան հիւանդին հոգին բուժել՝ երեւի աւելի շատ պիտի յաջողին մահուան ճանկերէն ազատել մարմինը։
«Ուրեմն ձեր յօդուածը միշտ լքման վայրկեաններուս կարդացի եւ ամէն անգամ նորոգուած ուժերով սկսայ կռուիլ հիւանդութեանս դէմ։
«Կռո՜ւնկը»… ինծի համար ալ պիտի երգէ՞ք այդ կռունկը…։ Բայց չէ՛. ես պիտի լաւանա՛մ…»։
ՄԵՂՔԻՆ ՊՏՈՒՂԸ
Երբ մեղապարտ քաղքին վրայ կէսգիշերը կը հնչեցնէ իր տասներկու հարուածները, անասելի վախ մը կը լեցնէ տարփոտ խաւարը։
Մարդը որ Աստուծոյ պէս կրնար ստեղծագործել, իժի մը պէս կը թունաւորէ հիմա։ Սէրը որ օրհնութիւն մըն էր, անէծքի մը կը վերածուի։
Է՛ն տաք համբոյրները կը կեղծեն, է՛ն անզուսպ կիրքերը կը խարդախեն, է՛ն բուռն սէրերը կը նահանջեն, է՛ն արգաւանդ արգանդները կ՚ամլանան…։
Անխոստովանելի վախն է ան, բայց անխուսափելի վախը, բոլոր օրինաւոր ու ապօրէն գիրկընդխառներուն վախը, ամէն անկողիններու ու ամէն գիշերներու վախը, սերնդագործումի վախը…։
«Զգո՜յշ… զգո՜յշ…» կ՚ըսեն գիշերային զանգակները, որոնց ղօղանջը հալած կապարի մը պէս կ՚անձրեւէ անբարիշտ քաղքին վրայ…։
Բայց այս ամուլ քաղքէն անդին արգասաբեր գիւղերը կան. այս թաքթաքուր տուներէն անդին յուռթի անտառները կան. այս սալայատակ փողոցներէն անդին թաւշային մարգերը կան, ու ուռճացող հողերը կան, ու ամբո՛ղջ երկրագունտը կայ՝ յղի կնոջ մը պէս ուռեցած…։
Հո՛ն Բնութիւնը իր մայրական գիրկը կը բանայ պարզ ու մաքուր հոգիներու համբոյրին։ Հո՛ն դեռ Սիրոյ մեծ տռամը կը կատարուի այնպէս՝ ինչպէս հազարներով տարիներէ ի վեր մարդկութեան առաջին զոյգը ըմբռնեց ու գործադրեց զայն՝ բնական, ճակատագրական ու յաւիտենական…։
Հո՛ն նուիրուեցաւ լերան աղջիկը իր քաղքենի սիրահարին։
Գարնանային գիշեր մըն էր, առանց լուսնի։ Անտառին մթութիւնը իրենց սիրտը կը տրոփեցնէր։ Խոնաւ շունչ մը կ՚արտածորուէր հողէն՝ բոյրով ու աւիշով ծանրըցած։ Տարօրինակ բոյսեր՝ մութին մէջ հոգի կ՚առնէին, կը շշնջէին, կը շարժրկէին կեանքի գալարումներով։
Դեռատի սիրահարները շունչ շունչի տուա՜ծ, խորասուզուա՜ծ, քարացա՜ծ, կոկոններուն փթթիլը կը լսէին, տերեւներուն շոյուիլը կը զգային, ճիւղերուն իրարու երկարիլը կը տեսնէին։
Գաղջ թացութիւնը իրենց երեսները կը շոյէր տիեզերական համբոյրի մը պէս։ Անոնք յափշտակուած ականատեսներն էին ահագին տռամի մը՝ ուր մութ ու լուռ ստեղծագործութիւն մը, աստուածային ու յաւերժական աշխատութիւն մը կը կատարուէր։ Հոն նիւթ ու բոյս՝ յամր դերակատարներու պէս՝ անհո՜ւն Կեանքը կը բեղմնէին…։
Գիշերը յառաջացեր էր։ Ծառերու ետին արիւնող քանի մը լոյսերը մարեցան։ Գիւղը կը քնանար։ Հեռուէ հեռու զանգակի մը տասներկու հնչիւնները միջոցին մէջ մաղուեցան։ Ժամը՝ տիեզերքին բազկերակը՝ կանգ առաւ…։
Երբոր ամէն բան լռեց, յանկարծ ճիւղերը դողդղացին։ Տերեւներու տակէն երկար սարսուռ մը անցաւ։ Անտառին մէջ, յանկարծ, կենդանիի մը ստուերը առաջ նետուեցաւ, զգուշաւոր ու իրենցմէ քայլ մը անդին կանգ առաւ։ Իր անհամբեր սրունքները եղէգի մը պէս կը դողային. իր փայլուն մուշտակը հարսի մը պէս կը պսպղար։ Որքա՜ն լիզուեր, յարդարուեր, մուշկաբուրուեր էր։
Ահաբեկ սիրահարները բոլորովին անշարժացան։ Բայց ահա անտառին խորքէն մե՜ղմ սուլոց մը լսուեցաւ, յուզում մը լեցուց միջոցը, ու կենդանին տէգի մը պէս դէպի հոն սլացաւ։
Քաղքենի սիրահարը այլայլեր էր. բայց լերան աղջիկը բնազդաբար ամէն բան հասկցաւ.-
Կը լսե՞ս, -ըսաւ,- արուն իր էգը կը կանչէ…։
Կարծես ինքն ըլլար գիշերային թաքթաքուր հարսանիքին վազող եղնիկը։ Ամբողջ խորհուրդ մը արթնցաւ իր մէջ, գաղտնի ու դեռ իրե ՛ն իսկ անծանօթ խորհուրդ մը, տասնեօթ գարուններէ ի վեր իր մէջ հասունցող իգութեան խորհուրդը։
Մթութեան մէջ իր շրթները արուին շրթները փնտռեցին, բազուկները բազուկներուն գալարուեցան, շունչերն իրար խառնուեցան, անշարժացան, նոյնացան…։
Բայց հեռուէն խուլ աղաղակ մը լռութիւնը վրդովեց, սարէ ի սար զարնուեցաւ, կրկնուեցաւ, մեծցաւ, խորունկցաւ, ամբողջ գիշերը լեցուց, տիեզերական ու ահագին բարբառ մը եղաւ, ամբողջ բնութիւնը սարսռացուց, ու այդ բոլոր մթին արգասաւորումներուն իմաստ մը տուաւ…։
Այլանդակ գոչիւն մ՚էր ան, անբան անասունի սիրտ բզկտող պոռչտուք մը, որ փրկութեան շեփորի մը սրբութիւնը ու անէծքի որոտումի մը ծանրութիւնը ունէր։ Առաջին մեղքէն վերջ՝ կարծես Եհովա՛ն որոտար իր ահաւոր նզովքը…։
Լերան աղջիկը դարձեալ հասկցաւ. բայց այս անգամ տժգունեցաւ. այդ ազդարար գոչիւնը ագարակէն կու գար. իրենց յղի կովը «կը ծնէր ցաւով…»։
* * *
Ամիսներ վերջ, նոյն ագարակին մէջ, նոր մայր մըն ալ կը տառապէր, ինքը, լերան աղջիկը։
Ես չլսեցի կենդանիին գոռիւնը. բայց այս աղջկան ճիչերը անկարելի՛ ճիչեր էին, անմարդկային, աներեւակայելի ճիչեր.
-Մեռցուցէ՜ք զիս… մեռցուցէ՜ք զիս…։
Խրճիթին բոլոր փեղկերը գոցուած, բոլոր ծակերը խցուած էին, որպէսզի ձայնը չարթնցնէր գիւղը։ Մամիկ մը, արիւնոտ ձեռքերով ճնշեր, ճմլեր, ճզմեր, ճանկեր էր անիծապարտ արգանդը՝ մեղքին պտուղը վիժեցնելու ճիգով։
-Մեռցուցէ՜ք զիս… մեռցուցէ՜ք զիս…։ Կը պոռար աղջիկը անընդհատ։
Կռնակին վրայ պառկած գտայ զինքը։ Գլուխն ետեւ նետած, միայն երկու ծունկ ու փոր մը կը ցցուէին անկողնէն, անհունօրէն ուռեցած փոր մը որ ճմլիկ-ճմլիկ կարմրեր ու կապուտցեր էր։ Իր երկու սրունքներուն մէջտեղէն, փոքրի՜կ ու վարդագո՜յն ձեռք մը կը կախուէր, երախայի պաշտելի ձեռք մը, կեանքին բռնուելու ճիգով մը…։
Հիմա ամբողջ աշխատութիւն մը պէտք էր՝ մամիկին ըրածը շտկելու, արգանդին մէջ մանուկը շրջելու, գլուխը դուրս հանելու համար։
-Մեռցուցէ՜ք զիս… մեռցուցէ՜ք զիս…։ Կը պոռար խեղճ աղջիկը, իր տասնեօթ տարիներուն ամբողջ ուժովը։
Բայց այդ յոգնած, թուլցած որովայնին մէջէն երբեմն-երբեմն ահագին ճիգ մը կ՚անցնէր, մանուկը լոյս աշխարհ հանելու բնազդական ճիգ մը։ Այն ատեն ամբողջ մարմինը գերագոյն ուժով մը կը կծկտէր։ Դէմքը, ակռաները, թեւերը, մատները, ստինքները, ծունկերը, ջիղերը, մկանները, ոսկորները ամբողջ գործարանները միայն արգանդ մը կ՚ըլլային, ահագին ու ցաւագին արգանդ մը, որ վայրկեանէ վայրկեան պիտի ճայթէր։
-Մեռցուցէ՜ք զիս… մեռցուցէ՜ք զիս…։
Բայց ահա յանկարծ, ճգնաժամային ճիգի մը մէջ, տղան ուժգնօրէն դուրս խոյացաւ։
Մեղքի՜ն պտուղը։ Բայց որքա՜ն կծկտած, ճմռթկած, ճզմուած էր ան։ Պզտիկցած ծերունիի խորշոմած գլուխ մը…։
Վայրկենաբար, կարծես հրաշքո՜վ, մօր ճիչերը դադրեցան, ցաւերը անէացան։ Անհուն տառապանքէն վերջ, անհո՜ւն երանութիւնն էր հիմա. դժոխքէն վերջ դրախտը…։ Բնազդային շարժումով մը բազուկներն ինձ երկարեց զաւակը համբուրելու համար.
-Բայց մեռե՜ր է… պոռաց յանկարծ։
-Ո՛չ թէ մեռեր է, այլ մեռցուցեր էք…,- ըսի։
-Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ… ու որքա՜ն սիրունիկ է, ու որքա՜ն գեղեցիկ է… անուշիկս, աղուորս, հոգիս, աչերդ բա՛ց, աչերդ բա՛ց…։
Ու մեղմօրէն սկսաւ լալ մշիկ-մշիկ։
Ի՞րն էր յանցանքը։
Նկարագրեց ինձ անտառին գիշերը, հարսի պէս անցնող էգ կենդանին, ու յետոյ յղի կովին աղաղակը։ Պատմեց թէ ինչպէ՜ս իր սիրահարը՝ առողջութեան համար լեռ եկած ուսանող մը՝ իր յղութիւնը տեսնելով քաղաք փախած էր։ Ըսաւ թէ ինչպէ՜ս իր հարազատ եղբայրները՝ ինքզինքնին անարգուած զգալով՝ չէին ուզեր իր հետ խօսիլ, ու հիւանդութեան պատրուակով՝ չէին ներեր որ տունէն դուրս ելլայ ան՝ չցուցադրելու համար իր մեղապարտ որովայնը։ Նկարագրեց թէ ինչպէ՜ս իր ծնողները՝ դեռ յղութեան վախճանին չսպասելով՝ շտապած էին դայեակի մը միջոցով խլելու դեռահաս երախան։
Խե՜ղճ փոքրիկ աղջիկ։ Ու խորհիլ որ պզտիկ անգաղտնապահութիւն մը բաւ էր զայն մարդկային արդարութեան յանձնելու ու մարդասպանի մը պէս դատապարտելու։ Որովհետեւ Օրէնքին առջեւ՝ դեռ չծնած երախայ մը կամ հարիւրամեայ ծերունի մը մեռցնել՝ հաւասար ոճիրներ են։
Բայց չէ՞ որ անիրաւ մարդկութիւնը ի՛նքը մեռցուցեր էր այս միամիտ աղջկան կուսութիւնն ալ, սէրն ալ, սիրտն ալ, պատիւն ալ, զաւակն ալ…։
Քանի՜ ֊քանի՜ տեղեր կը գործուին այս անանուն ոճիրները. քանի՜ դեղեր կը գործածուին այս խեղճ տղաքներուն դէմ. քանի՜ կոյուղիներ կը խցեն անոնք. քանի՜ բժիշկներու ոգելից շիշերուն մէջ կը պահուին այս մեղքին պտուղնե՜րը…։
Ու դեռ որքա՜ն երջանիկ են այս տղաքները բաղդատմամբ այն միւսներուն, որոնց մայրերը՝ արգանդնին չարչրկելով՝ հրէշնե՜ր կը հասցնեն բժշկական վաճառականութեան համար…։
Օր մը պիտի գայ որ մարդկութիւնը պիտի ըմբռնէ, թէ մեղքի տղայ չկայ. ամէն տղայ որ կը ծնի, օրհնեա՜լ է. ու նորածին երախայ մը աւելի կ՚արժէ քան իր ծնողը, լաւագոյն բարեշրջումի մը արշալոյսն է ան որ կը ժպտի, եւ որ կը խեղդենք դեռ չծնած…։
Օր մը պիտի գայ որ բոլոր կեղծ վայելքներէն զզուած՝ մարդկութիւնը պիտի ըմբռնէ, թէ իր գերագոյն պարտականութիւնն ու իր գերագոյն երջանկութիւնը սէրն ու սերնդագործութիւնն են…։
Բայց այդ օրը դեռ հեռու է։
Ու մեղապարտ քաղքին վրայ երբ կէսգիշերը կը հնչեցնէ իր տասներկու հարուածները, անխոստովանելի վախը կը լեցնէ տարփոտ խաւարը…։
Լոզան, 1913
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 10/07/2024
- 10/07/2024