ՃԱԲՈՆԻ ՏՕՆԱԿԱՆ ԶԱՐԴԱՐԱՆՔԸ՝ ՓԱԹԹՈՒԱԾ ԴԱՐԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴՈՅԹԻՆ ՄԷՋ
Ճաբոնը յաճախ արտաքին դիտորդին կը թուի որպէս զատ աշխարհ մը։ Եւ այդ պատկերացումը մէջտեղ կու գայ, երբ օտարը կը ծանօթանայ այդ երկրի մշակոյթին, աւանդոյթներուն, տօներուն․․․
Այնտեղ աւանդոյթը թանգարանային մնացորդ չէ, այլ կենդանի ներկայութիւն։ Արհեստագիտական յառաջդիմութիւնը եւ դարաւոր ծէսերը քով քովի կը գոյակցին՝ առանց բախումի։ Ամանորի զարդարանքները, խոնարհման արարողութիւնները, լռութեան մշակոյթը եւ շարժումի ճշգրտութիւնը կը բխին նոյն աշխարհընկալումէն, որուն մէջ անցեալը երբեք չի բաժնուիր ներկայէն։
Այս շարունակականութիւնը ճաբոնական հասարակութեան մէջ կ՚արտայայտուի ո՛չ միայն մեծ տօներուն, այլեւ՝ շատ յաճախ առօրեայի ամենափոքր մանրուքներուն մէջ։
Թէյի պատրաստման դանդաղ, չափուած շարժումները, տուներէն ներս անխախտ կիրառուող սովորոյթները, հասարակական վայրերուն մէջ լռութեան պահպանումը կամ ծերերուն հանդէպ ցուցաբերուող առանձնայատուկ յարգանքը պարզ կանոններ չեն, այլ՝ սերունդներու փորձառութենէն ծնած վարքագիծ։
Նման սովորութիւնները մարդուն կը յիշեցնեն, որ ինք միայնակ չէ իր ժամանակին մէջ, այլ շարունակութիւն մըն է այն շղթային, որ սկիզբ առած է դարեր առաջ եւ յաւիտեան պիտի պտտի։
Այս գաղափարները ամենալաւը ցոյց կու տան ճաբոնական տօները։ Անոնք հազուադէպ կը վերածուին աղմուկի կամ ցուցադրական խանդավառութեան։ Փոխարէնը տօնը կը դառնայ ներքին լռութեան, յիշողութեան եւ վերագտնումի պահ։
Ճաբոնցիներուն այս ամուր հաւատքը աւանդոյթին՝ կոյր կապուածութիւն չէ․ զայն գիտակցուած ընտրութիւն է՝ շարունակելու այն, ինչ փորձուած է, իմաստաւորուած եւ ժամանակի քննութիւնը անցած։
Նորին ընդունումը երբեք չի նշանակեր հինին մերժումը։ Ընդհակառակն՝ նորութիւնը կը ներառուի հինին մէջ՝ անոր լեզուն սորվելով եւ անոր սահմանները յարգելով։ Ահա թէ ինչո՛ւ ճաբոնական մշակոյթը կը պահէ իր ինքնութիւնը՝ նոյնիսկ համաշխարհայնացման հոսանքին մէջ։
Այս խորքային հաւասարակշռութիւնն է, որ Ճաբոնը կը դարձնէ «ժամանակէն դուրս» աշխարհ մը։ Ոչ թէ որովհետեւ ան կանգ առած է անցեալին մէջ, այլ որովհետեւ ան սորված է ժամանակին հետ ապրիլ՝ առանց զինք կորսնցնելու։
Ճաբոնական հնագոյն կրօնքի՝ շինթոյական մտածողութեան համաձայն աստուածայինը ներկայ է ամէն ինչի մէջ՝ ծառին, քարին, ջուրին, քամիին․․․ Այդ պատճառով է, որ առօրեան ինքնին կը վերածուի լուռ ծէսի։ Տօնը, այս իմաստով, առանձնացում մը չէ առօրեայէն, այլ անոր խորացում։
ԿԱՂԱՆԴԸ
Ամանորէն առաջ, այս օրերուն Ճաբոնը կրկին կը սուզուի անցեալի խորքերը․ Կաղանդը այնտեղ պարզ ժամանակագրական անցում մը չէ, զայն բնութեան, աստուածային ներկայութեան եւ մարդկային կեանքի միջեւ նուրբ ու խորհրդանշական հանդիպում մըն է։
Ուրախութենէն զատ այս տօնը մաքրութեան եւ հոգեւոր պատրաստութեան շրջան մըն է, երբ տունը, մարմինը եւ միտքը կը մաքրուին՝ նոր սկիզբի համար։ Այս արարողակարգը ցոյց կու տայ, որ ճաբոնական մշակոյթին մէջ ժամանակը շրջանաձեւ է, ոչ գծային․ ամէն վերջ ունի իր վերադարձը։
Տարուան այս շրջանին երկիրը կը փոխէ իր շունչը․ փողոցներուն մէջ, տուներու դարպասներուն եւ գրասենեակներու մուտքերուն առջեւ կը յայտնուին խորհրդաւոր զարդարանքներ, որոնց մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ քատոմացուն՝ սոճիի, հնդկեղեգնի, սալորենիի կամ այլ ճիւղերէ կազմուած ամանորեան աւանդական կառոյցը։ Զայն թէ՛ զարդարանք է, թէ՛ շինթոյական աշխարհընկալման մէջ Ամանորի Աստուածութեան ժամանակաւոր հանգրուանը։
Ճաբոնցիներու հաւատալիքներով՝ Ամանորին աստուածները կ՚այցելեն մարդկային աշխարհ, եւ անոնց ներկայութիւնը պէտք է արժանավայել կերպով դիմաւորուի։ Քատոմացուն այդ դիմաւորման շեմն է․ զայն սովորաբար կը մնայ դեկտեմբերի վերջաւորութենէն մինչեւ յունուարի առաջին օրերը։ Ժողովրդական պատկերացումներու համաձայն՝ աստուածային հոգիները կը բնակին քատոմացուի մէջ։
Քատոմացուի կազմը պատահական չէ։ Ամէն բոյս եւ առարկայ ունի իր լեզուն։ Սոճին ճաբոնական մշակոյթին մէջ դարերէ ի վեր երկարակեցութեան, կայունութեան եւ բարոյական ամրութեան նշան է։ Ճաբոնական արուեստներու՝ մանաւանդ քերթողութեան, արձակի եւ նկարչութեան մէջ «դարաւոր սոճին» կը ներկայանայ որպէս քաջութեան ու անխախտելիութեան պատկեր։ Անոր մշտադալար ասեղները կեանքի շարունակութեան եւ առողջութեան ցանկութեան արտայայտութիւնն են։
Հնդգեղեգնը՝ իր արագ աճով ու ճկուն, բայց չկոտրուող ցօղուններով, կը խորհրդանշէ դժուարութիւններուն դիմաց տոկունութիւնը եւ հարստութեան աճը։ Ան կը ծռի, բայց չի կոտրուիր՝ դառնալով մարդկային դիմադրողականութեան գեղեցիկ առակ մը։
Քատոմացուին մէջ յաճախ կը գործածուի նաեւ սիմենաւա՝ ծղօտէ պարան մը, որ կը կապէ զարդարանքը եւ կը սահմանազատէ սրբազան տարածքը։ Սիմենաւան շինթոյական պաշտամունքին մէջ մաքրութեան եւ աստուածային ներկայութեան նշան է։ Բրինձի ծղօտէն կամ կանեփէն հիւսուած այս պարանները կը հանդիպին շինթոյական տաճարներու մուտքերուն, դարաւոր ծառերու բուներուն շուրջ, տուներու դռներուն վերեւ եւ յատկապէս Ամանորի ծէսերուն ժամանակ, որպէս սրբազան ներկայութեան նշան։
Սիմենաւան կը յիշեցնէ, թէ սրբութիւնը շքեղութեան մէջ չէ, այլ պարզութեան, բնականութեան եւ խոր յարգանքի։
ԲՈՅՍԵՐՈՒ ԳԱՂՏՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Քատոմացուի մէջ գործածուող բոյսերու եւ առարկաներու հաւաքածուն կը կազմէ ամբողջական խորհրդանշական համակարգ մը։ Սոճիին եւ հնդկեղեգին կողքին կան վայրի ձարխոտի ճիւղեր՝ մաքրութեան եւ բերքառատութեան նշան, մանտարիններ՝ ընտանեկան երկարակեցութեան խորհրդանիշ, ջրիմուռներ՝ իբրեւ երջանկութեան երեւոյթ։ Երբեմն կը գործածուին նաեւ չորցուած ծովախեցգետին կամ խեցգետին՝ դարձեալ ընտանեկան երկարակեցութիւնը շեշտելու համար։
Յաճախ փշատերեւ ճիւղերու փոխարէն կը գործածուին դեղձենիի ծաղկած ճիւղեր՝ կայունութեան եւ անմահութեան աւանդական խորհրդանիշներ։ «Անոնց նուրբ թերթիկները չեն երկնչիր նոյնիսկ կատաղի ցուրտէն․ անոնք կարծես մարտահրաւէր կը նետեն ձիւնի ծածկոյթին, որուն մէջէն անխորտակելի կերպով կը ճեղքուի գարնան առաջին շունչը»․ այսպէս կը խորհին ճաբոնցիները։
Զարդարանքները սովորաբար կը տեղադրուին փայտէ ամաններու մէջ։ Կառոյցին հիմքը երբեմն կը ձեւաւորուի աւազէ փոքր լեռնակներով կամ կը համալրուի այնպիսի առարկաներով, որոնք կը յիշեցնեն մանրանկարչական բլուրներ։ Հետազօտողները կը կարծեն, թէ այսպիսի կազմութիւնները կոչուած են յիշեցնելու Հորայ սրբազան լեռը՝ անմահներու եւ իմաստուններու առասպելական բնակավայրը, որուն գագաթը պսակուած է մշտադալար սոճիով։
Քատոմացուի ձեւաւորման մէկ միասնական կանոն գոյութիւն չունի։ Տեղական աւանդութիւնները, տանտիրոջ կարողութիւնը եւ շրջանի հաւատալիքները կը թելադրեն անոր տեսքը։ Երբեմն սոճիի կողքին կարելի է տեսնել կաղնիի, քամելիայի, ուռենիի կամ շագանակենիի ճիւղեր։ Եթէ քատոմացուն պիտի տեղադրուի փողոցին մէջ, ան միշտ զոյգով է՝ դարպասի կամ դրան ձախ եւ աջ կողմերը։ Վերեւէն անոնց միջեւ կը կախուի սիմենաւան։ Գոց տարածքներու մէջ, սակայն, քատոմացուն յաճախ մէկ հատ կը ցուցադրուի՝ սենեակներու ամենալաւ տեղը։
Որոշ շրջաններու մէջ այս աստուածութիւնը յարգանքով կը կոչուի օմացու սամա՝ «պարոն սոճի»։ Անոր դիմաց կը մատուցուին ընծաներ, օձոնի աւանդական ապուր եւ մոչի բրինձէ կարկանդակներ։ Սոճիները կը կտրուին երջանիկ օր մը՝ դեկտեմբերի 13-ին, իսկ զարդարանքը կը հանուի յունուարի 4-ին, 7-ին կամ 14-ին եւ կ՚այրուի «փոքր Նոր տարի» տօնին առիթով։
Այրելու ծէսը շատերուն համար ամենահմայիչն է։ Համայնքները կը հաւաքուին տոնթոյակի կոչուող այդ ծէսին համար՝ Նոր տարուան զարդարանքները հանդիսաւոր կերպով այրելու նպատակով։
Ամենէն մեծ տոնթոյակին տեղի կ՚ունենայ Տոքուշիմա քաղաքին մէջ՝ Շիքոքու կղզիին վրայ։ Շինթոյական հաւատալիքով՝ կրակը կ՚ազատէ այն հոգեւոր էութիւնը, որ ժամանակաւորապէս բնակած էր քատոմացուի մէջ։ Բնապահպանական տեսանկիւնէն ալ այս գործընթացը վտանգաւոր թափօն չի ստեղծեր․ մոխիրը կը դառնայ հողի սնունդ, իսկ կլանուած ածխածինը կը վերադարձուի բնութեան՝ գրեթէ ածխածնային չէզոք ձեւով։
ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՀԻՆ ԳԻՏԵԼԻՔ
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք Ճաբոնի քաղաքային կեանքի փոփոխութիւնները ազդեցութիւն ունեցան նաեւ այս աւանդութեան վրայ։ Քաղաքներու մէջ տարածուեցան արհեստական քատոմացուները՝ պատրաստուած կերպընկալէ կամ թուղթէ։ Սակայն գիւղական շրջաններուն մէջ կենդանի սոճիներու ցուցադրութեան սովորութիւնը մեծապէս պահպանուած է։ Որոշ վայրերու մէջ, ուր սոճին կը նկատուի տեղական հովանաւոր աստուածութիւն, կը գործածուին նաեւ այլ ծառատեսակներ։
Շատ ճաբոնական ընտանիքներ կը շարունակեն նախընտրել բնական նիւթերը՝ հակառակ ատոնց պահանջած խնամքին։ Այս ընտրութիւնը կը վկայէ այն մասին, որ երբեմն աւանդական լուծումը նաեւ ամենաառողջն է բնութեան համար։
Քատոմացուն կը պահէ արհեստագործական գիտելիքը, կը զօրացնէ անտառային կայուն տնտեսութիւնը եւ կը պահպանէ մշակութային շարունակականութիւնը։ Զայն նաեւ կը խթանէ եղանակային գիտակցութիւնը, զարդարանքը կը յայտնուի եւ կը հեռանայ իր ժամանակին մէջ՝ նշելով շրջանի սկիզբն ու վերջը։
Ընդհանրապէս ճաբոնական գեղագիտութիւնը կը փառաբանէ բնական նիւթերու անփոփոխ գեղեցկութիւնը։ Այստեղ աւելի քիչ է ձգտումը բոյսերը արհեստական կերպով ձեւափոխելու կամ շուկայական զարդեր աւելցնելու։
Այս մտածողութիւնը կը կապուի ճաբոնական «ինչպիսի՜ վատնում» հասկացութեան հետ՝ վատնուած բաներուն հանդէպ ափսոսանքի եւ ամէն ինչ ամբողջական կերպով գործածելու ցանկութեան։ Ահա թէ ինչու քատոմացուի ամէն մասը ունի իր նպատակը եւ պատասխանը, թէ ինչո՞ւ նիւթերը կը հնձուին արդէն գործածութեան մէջ եղող բոյսերէն, եւ ինչո՞ւ վերջնական փուլը կը վերադարձնէ զանոնք հողին։
ԴԱՍԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԿԱՐԵԼԻ Է ԱՌՆԵԼ
Տօնական զարդարանքի մասին աւելի խոհեմ մտածելու համար քատոմացուն կարեւոր դասեր կը փոխանցէ։ Նախ նիւթերը նշանակութիւն ունին։ Կայուն կերպով քաղուած բնական նիւթերը այլ ազդեցութիւն ունին, քան երբեք չքայքայուող փոխարինիչները։
Այս հաւատարմութիւնը աւանդոյթին հանդէպ՝ երբեմն արտաքին դիտորդին կը թուի անշարժութիւն, սակայն, իրականութեան մէջ, զայն ճկուն հաւատարմութիւն է․ ճաբոնական մշակոյթը կը փոխուի, բայց չի խզուիր։ Ան կը նորոգուի՝ առանց ինքզինք ժխտելու։ Ահա այս է Ճաբոնի առանձնայատկութիւնը, որ զայն անչափ սիրելի կը դարձնէ։
ՀԱՅԿԱԿԱՆՆ ԱԼ ԿՐՆԱՅ ՄԵԶ ՏՈԿՈՒՆ ԴԱՐՁՆԵԼ
Ժողովուրդներու ուժը միայն տնտեսական կամ քաղաքական կարողութիւններով չի չափուիր։ Անոր խորքային ամրութիւնը կը սնանի յիշողութենէն, շարունակութենէն եւ այն ներքին կապէն, որ անցեալը կը միացնէ ներկային ու ապագային։ Այս առումով հայ ժողովուրդը, որ դարերու ընթացքին ենթարկուած է տեղահանութիւններու, սփռումի եւ մշակութային կորստեան վտանգներու, այսօր աւելի քան երբեք կարիք ունի վերադառնալու իր աւանդութիւններուն, ո՛չ իբրեւ կարօտալի հայեացք, այլ որպէս գոյատեւման գիտակցուած ռազմավարութիւն։
Հայկական տօներն ու ծէսերը, տեղական սովորութիւնները, անցեալի իմաստութիւնները, կրօնական աշխարհը պակաս խորունկ չեն, քան՝ աշխարհի այլ հնագոյն մշակոյթներու նմանատիպ համակարգերը։ Անոնք նաեւ կապուած են բնութեան շրջապտոյտին, բերքին, ջուրին, լոյսին, մահուան ու վերածնունդին գաղափարներուն։ Սակայն տարբերութիւնը այն է, որ մեր տօները ժամանակի ընթացքին դադրած են ապրուած ըլլալէ եւ վերածուած են պարզ օրացուցային նշումներու՝ յաճախ առանց գիտակցուած մասնակցութեան։ Իսկ աւանդոյթները արհամարհանքով մէկ կողմ նետուած են՝ զանոնք անցեալի մնացուկ նկատելով։
Մոռացութեան այս ընթացքը պատահական չէ։ Պատմութիւնը եւ ապա ժամանակակից արագացող կեանքը հայը հեռացուցած են իր արմատներէն՝ զրկելով զանոնք բնական միջավայրէն։ Այն, ինչ որ երբեմնի համայնքայինն էր, դարձած է անհատական, իսկ ինչ որ խորհրդանշական էր՝ վերածուած է ձեւականութեան, անգամ՝ կեղծիքի։
Այդուհանդերձ, աւանդոյթները մեռած չեն։ Անոնք կ՚ապրին լեզուին մէջ, երգերուն, գիրքերուն, մեծերու խօսքերուն, եկեղեցական ժամերգութեան մեղեդիներուն մէջ։ Անոնք կը սպասեն միայն մէկ բանի՝ վերարժեւորումի եւ կենդանի մեկնաբանութեան։
Ճիշդ ինչպէս ճաբոնցիները կը յաջողին իրենց հնագոյն ծէսերը ներդաշնակեցնել արդի կեանքին՝ առանց անոնց իմաստը աղճատելու, նոյնպէս հայ ժողովուրդը կրնայ իր աւանդոյթները դարձնել ինքնութեան կենսունակ աղբիւր։
Անցեալէն սնուիլ կը նշանակէ ո՛չ թէ ետ նայիլ, այլ՝ արմատաւորուիլ։ Արմատ ունեցող ժողովուրդը աւելի տոկուն է փոթորիկներու դիմաց, աւելի համախումբ՝ ճգնաժամերու մէջ եւ աւելի վստահ՝ իր ապագայի հանդէպ։ Հայկական տօները, աւանդոյթները եթէ վերապրին իրենց ամբողջ խորհրդանշական հարստութեամբ, կրնան կրկին դառնալ համայնքի շուրջ հաւաքման, յիշողութեան փոխանցման եւ համերաշխութեան պահեր։ Անցեալն ու աւանդոյթը յաճախ գործիքներ են՝ մարդու ներքին կայունութեան, ժողովուրդի համախմբուածութեան եւ հոգեւոր վերականգնման համար։
Այսօր, երբ ինքնութիւնը յաճախ կը վտանգուի համաշխարհայնացման միօրինակութեամբ, աւանդոյթը շքեղութիւն չէ, այլ՝ անհրաժեշտութիւն։ Հայ ժողովուրդին համար աւանդոյթը յիշողութեան տունն է։ Իսկ տունը պահելը գոյութեան առաջին պայմանն է։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան