ՇԱՆԹ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ. ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՈՒ ԻՄԱՍՏԱՍԷՐ

Մէկ տարի առաջ եգիպտահայ, ճանչցուած նկարիչ Շանթ Աւետիսեան հեռացաւ կեանքէն: Հարազատները այն ժամանակ տեղեկացուցին, որ մահուան պատճառը երկարատեւ հիւանդութիւնն էր: 67-ամեայ տաղանդաւոր նկարիչին հեռանալը աննկատ մնաց հայրենի մամուլին ուշադրութենէն՝ անոր արուեստը արժեւորելու, յիշատակը գնահատելու առումով. Շանթ Աւետիսեանի մահուան լուրը կարդացինք օտար թերթերէ: Միայն «Ազգ» թերթին մէջ Երուանդ Ազատեանի տպագրած յօդուածն էր, որ անձնական վիշտի տեսանկիւնէն ամբողջութեամբ կը ներկայացնէր արուեստագէտ Շանթ Աւետիսեանի անցած ճամբան եւ սփոփանքի գիր մը դարձաւ հարազատներուն եւ զայն ճանցչողներուն համար, իսկ անծանօթներուն նոր անուն մը տուաւ (Կողքի սիւնակին մէջ կարդալ այդ յօդուածէն հատուած մը):

Խօսքը հայ նկարիչի մը մասին է, որուն գործերը տեղադրուած են արուեստի առաջատար կեդրոններուն մէջ, ներառուած են Ուշաինկթընի Սմիթսընիըն հիմնարկին, Պրիթիշ Միւզիըմին, Սկովտիոյ Ազգային թանգարանին եւ ուրիշ հաւաքածոներու մէջ: Ատոնք գործեր են, որ կը գրաւեն բազմաթիւ այցելուներու ուշադրութիւնը:

Աւետիսեան հեղինակութեան հասած է եգիպտական քաղաքական գործիչներու դիմանկարներուն շնորհիւ: Անոր գեղանկարներուն, գծագրական աշխատանքներուն եւ լուսանկարներուն մէջ կան հին, եգիպտական արուեստի տարրեր, իսլամական երկրաչափական նախշեր, որոնց արուեստի մէջ գործածութիւնը ինքնատիպ ոճ կը նկատուի:

Շանթ Աւետիսեան ծնած է 1951 թուականին, Գահիրէ: Կրթութիւնը ստացած է Մոնթրէալի Արուեստի եւ ձեւաւորման, Փարիզի Կիրառական արուեստի ազգային բարձրագոյն դպրոցներուն մէջ, այնուհետեւ վերադարձած է Եգիպտոս: 1969-2018 թուականներու միջեւ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ ունեցած է աւելի քան քսանհինգ անհատական ցուցահանդէս: Շանթ որոշ շրջան ապրած է նաեւ Հայաստան, ուր հեռու եղած է պաշտօնական շրջանակներէ, եւ աւելի կապ պահած է պարզ մարդոց եւ արուեստագէտներու հետ:

Այս յօդուածը, որ անգլերէնէ թարգմանաբար կը ներկայացնենք, տպագրուած է միջազգային Hyperallergic արդիական արուեստի կայքին մէջ, որուն հիմնադիրը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուած արուեստի տեսաբան Հրակ Վարդանեանն է: Յօդուածին հեղինակը եգիպտա-հայկական ծագումով ամերիկաբնակ ուրիշ ստեղծագործող նկարիչ մըն է, նաեւ՝ արուեստի գրող, որ կը կոչուի Տահլիա Էլսայէտ. ան իր այս յօդուածը՝ արուեստի ամերիկեան նշուած կայքին մէջ տպագրած է Շանթ Աւետիսեանի մահէն անմիջապէս ետք, եւ մահուան մէկ տարուան կապակցութեամբ, թարգմանաբար ներկայացնելով՝ կ՚ոգեկոչենք եգիպտահայ նկարիչին յիշատակը:

24 նոյեմբերին Շանթ Աւետիսեան պիտի դառնար 68 տարեկան:

ՏԱՀԼԻԱ ԷԼՍԱՅԷՏ

Շանթ Աւետիսեանին առաջին անգամ հանդիպեցայ Երեւանի մէջ, 2002-ի ամրան: Ան Եգիպտոսէն եկած էր հանգստանալու: Մինչ այդ արդէն հասկցած էի, որ մինչեւ կէսօր անոր կարելի չէ հեռաձայնել, կամ կը հեռաձայնես, բայց անօգուտ՝ չի պատասխաներ:

Տեսնուեցանք իր նախընտրած վայրին մէջ, որ լահմաճունի տեղ մըն էր: Ամառուան այդ տապին ան եկաւ սեւ զգեստով: Լահմաճունը արտակարգ էր, բայց հանդիպումը փորձութեան պէս եղաւ, քանի որ Շանթ կը ջանար բացայայտել զիս: Մենք հասկցանք, որ նմանութիւններ ունինք մեր ընտանիքներուն անցեալի պատմութիւններուն առումով: Երկուքս ալ տեղահանութենէն Եգիպտոս հասած հայերու թոռներ էինք: Այնպէս տպաւորուեցայ, որ Շանթ կը ջանար հասկնալ, թէ հայու ազգայնական զգացումներ կա՞ն մէջս: Ես կէս եգիպտացի եմ, ինծի համար դիւրին չէր այդ զգացումը ունենալ, իրեն համար ալ բարդ էր:

Մեր հանդիպման աւարտիլը չզգացի, արագ անցաւ, մենք կը զրուցէինք եւ տեղ մըն ալ կը ջանայինք պարզել, թէ արդեօք մեր այս ծանօթութիւնը պիտի շարունակուէ՞ր: Ոչ միայն շարունակուեցաւ, այլեւ վերածուեցաւ տասնհինգ տարուան բարեկամութեան, մենք կը գործակցէինք նաեւ մասնագիտական ասպարէզին մէջ: Ես խորապէս կը գնահատեմ մեր գործակցութիւնը եւ պիտի կարօտնամ այդ բոլորը: Շանթը համարձակ յայտարարութիւններ կը կատարէր, ինչպէս օրինակ. «Երեխայ մը կրթելը սխալ կ՚ըլլայ, երբ անոր կ՚ըսես, թէ Փարիզը արուեստի կեդրոնն է»:

Ան արմատական էր, համոզուած էր կարգ մը բաներու մէջ, որոնց մէջ դուն համոզուած չես եւ որոնք կրնան վիճաբանութիւն կամ խնդուք յառաջացնել:

Ան իմաստասիրական ձեւակերպումներով սուր միտք ունէր եւ ապշելու աստիճան խելացի էր: Իր արհամարհանքներուն մէջ էր, օրինակ՝ եւրոպակեդրոն մտածողութիւնը: Մէկ նախադասութեան մէջ ան կրնար մէջբերումներ կատարել թէ՛ Իպն Արապիէն եւ թէ՛ Մաքտանըլտսէն: Իր կտրուկ նկատառումները երբեմն խայթոցի կը նմանէին, կը քննադատէր եւ այդ ամէն ինչին մէջ ան հիմնաւոր կերպով կը մերժէր արեւմտամէտութիւնն ու յաճախ նոյն միտքը կը կրկնէր: Շանթ կրնար արհամարհել բոլոր այն տեսութիւնները, որոնք կ՚անտեսէին արեւելեան գեղագիտութիւնը, Արեւելքի նիւթերը եւ միշտ պատրաստ էր քննադատելու տարածքաշրջանի մշակութային ասպարէզի տէրերը, որոնք արեւմտեանը կ՚ընդունէին՝ փոխարէնը զոհելով իրենց ես-ը:

Ինծի կ՚ըսէր, որ հայեացքս դէպի Արեւելք յառեմ, հոն է ամէն ինչ, օրինակ՝ Սեմերքանտի, Պուխարայի կամ Հալէպի մէջ:

Անոր համար գոյութիւն ունէր միայն Արեւելքը, եւ այդ Արեւելքն ալ տարբեր էր՝ հեռաւոր եւ մերձաւոր: Շանթ կը սիրէր իր խօսքերը մէջբերումներով համեմել եւ այդ յղումները յաճախ խճճուած յոյզեր կը պարգեւէին:

Մեր զրոյցէն քանի մը օր ետք զիս հրաւիրեց իր բնակարանը միասին ճաշելու: Մինչ հոն կ՚երթայինք, միասին շուկան շրջեցանք, իմ երեւանեան վարձու տան համար միջատները սպաննող դեղ մը փնտռելու:

Իր տունը նստանք յատակին փռուած փոքրիկ գորգ-ներքնակներու վրայ, ցած սեղանի մը քով, կերանք անուշիկ պնակներու մէջ դասաւորուած բանջարեղէն, որ աղցանի պէս կտրտուած էր: Հոս ալ ժամերով զրուցեցինք: Այդ ժամանակ Շանթը իր ձեռքին տակ գործ մը ունէր՝ լուսանկարներու վրայ կ՚աշխատէր, որ զինուորական գերեզմաններու մէջ կատարուած էին: Իսկ գերեզմանները երիտասարդ տղաներու շիրիմներ էին. անոնք Ատրպէյճանի հետ պատերազմի ժամանակ զոհուած էին: Անշուշտ, տպաւորիչ էր: Իսկ լուսանկարները ան կախած էր սփիւռքահայերու անուններուն քով, որոնք դրամներ ղրկած էին Հայաստան՝ պատերազմի ժամանակ պէտքերը հոգալու համար: Ես իսկոյն Շանթի անվտանգութեան մասին մտածեցի եւ վտանգ զգալով տեսակ մը մտահոգուեցայ:

Յետոյ Շանթը ըսաւ, որ ընկերային իրականութեան հսկայ խորհրդանիշ Մայր Հայաստանի արձանը ձեռքին դանակ մը կը պահէ, որ միայն պաստուրման բարակ-բարակ շերտելու համար է:

Երեւանի այդ բնակարանը, ինչպէս նաեւ իր տունը Գահիրէի մէջ, ծէսի մէջ մտած տարածքներ էին՝ կոկիկ եւ արարողութիւններ կատարելու կարգ ու կանոնով:

Իր Գահիրէի արուեստանոցին մէջ ամէն մէկ իրը քանի մը նշանակութիւն ունէր, օրինակ՝ սեղանը կրնար վերածուիլ նստատեղի համար յարմար թիկնակի, նստարանը՝ գրադարակի… Հոն ճկուն եւ շարժուն ճարտարապետութիւն կար, ինչպէս պետուինական վրանն է: Ան կ՚ըսէր՝ տունին մէջ ամէն մէկ իրը գոնէ երեք նպատակի պիտի ծառայէ եւ խորհուրդ տուաւ երեք ամիսը մէյ մը տեղաշարժել տունին ամբողջ կահոյքն ու արուեստի գործերը:

Իր արուեստանոցը, դարակներուն մէջ կը պահուէին թուղթի կտորներու վրայ կատարուած իր աշխատանքները, որոնք փաթթուած-դրուած էին:

Շանթը նշանաւոր էր մեծ ստուարաթուղթերու վրայ կատարած աշխատանքներով, որոնք 2000-2001 թուականներուն Սմիթսոնիըն Պատմութեան եւ մշակոյթի արուեստի ազգային թանգարանէն ներս կազմակերպուած անոր ցուցահանդէսի հիմնական գործերն էին: Ատոնց վրայ ան նկարած եւ համադրած էր պատկերներ՝ հիմնուած 1950-60-ական թուականներուն Գահիրէի մէջ յայտնի եղած լուսանկարներու ու գովազդներու վրայ: Շատ վառ գոյներով ու նախշերով ակնյայտ գործեր էին անոնք: Բնօրինակներու ստեղծումէն քառասուն տարի ետք այդ լուսանկարները, որ ստուարաթուղթի վրայ արուեստի գործեր դարձած են, բոլորովին Եգիպտոսի անցեալին հանդէպ կարօտախտի պէտք չէ մղեն, այլ պէտք է դիտուին բովանդակութեան ու կառուցուածքներուն տեսանկիւնէն: Պետական լրատուամիջոցները այդ պատկերները բնորոշած են իբրեւ Եգիպտոսի յետգաղութատիրական ժամանակաշրջանի դէմքը: Ատոնց մէջ մենք կը տեսնենք Ըմ Քալթումը եւ Ճամալ Ապտըլ Նասէրը, ինչպէս նաեւ՝ Սայիտ Ճամալ ալ Տին ալ-Աֆղանին (ան յեղափոխական մըն էր, որ կը պայքարէր գաղութացման դէմ): Այդ գործերուն մէջ կայ նաեւ արաբուհիի մը պատկերը, որ նռնակ կը պայթեցնէ, իսկ անոր ետեւէն լուսինը կը բարձրանայ: Այդ աշխատանքը աւելի շատ այս մարդոց հաղորդակցուելու մտադրութիւնը կը բացայայտէ, քան՝ անոնց համաժողովրդական ըլլալը ցոյց կու տայ: Շանթը նաեւ մեզի ցոյց կու տայ, թէ ինչ նիւթերով կ՚աշխատի եւ ինչ միջոցներ կը կիրառէ իր աշխատանքները ստեղծելու համար: Անոր աշխատանքներուն մեծ մասը ստուարաթուղթէ արկղերէն կտրուած եւ պաստառ դարձած կտորներու վրայ են, որոնք նաեւ ցոյց կու տան Եգիպտոսին եւ դրացի երկիրներուն մէջ թուղթի արտադրութեան եւ տպագրութեան աւանդոյթը: Ասոնք պարզ նիւթեր են եւ այդ պարզ նիւթերուն հետ Շանթին յարաբերութիւնը սկսած է ճարտարապետ Հասան Ֆաթիի համար աշխատած տարիներուն, որուն հետ ան սերտ կապեր ստեղծած էր Գանատայէն եւ Եւրոպայէն վերադառնալէ ետք: Ֆաթին ինքն ալ երես թեքած էր եւրոպական կերպերէն, ինքնաշխատութեամբ ստեղծած էր կառուցուածքներ, որոնք շատ պարզ ձեւերով կը գովազդէին տեղական նիւթերն ու միջոցները: Ֆաթիի հետ անցուցած ժամանակը Շանթը ազատեցաւ արեւմտեան հայեացքներու տիրապետութենէն, եւրոպական ուսման աւելորդութիւններէն եւ նայեցաւ իր շուրջը՝ իր ապրած միջավայրին:

Ատիկա էր, որ յետոյ օգնեց անոր՝ անկարելիին կամ անտեսանելիին մէջ արուեստ եւ քերթողութիւն գտնելու ունակութիւն ձեռք ձգել, ինչպէս նաեւ՝ վերացնել բարձր եւ ցած արժէքային նկատուած համակարգերու միջեւ սահմանները: Անոր մէջ յետագային զարգացաւ ձեւեր ստեղծելու իր հարուստ լեզուն, գոյները, միջոցները, որոնք գործուածքի եւ թուղթի վրայ դարձան ստեղծագործութիւններ:

(2017 թուականին Մատրիտի «Սապրինա Ամրանի» պատկերասրահին մէջ կազմակերպուած էր Շանթ Աւետիսեանի ցուցահանդէսը, ուր ներառուած էին 1970-2016 թուականներուն կատարած իր նախապատկերներն ու լուսանկարները):

Իմ ու անոր նամակագրութեան ընթացքին ես իմ գործերէս կը ղրկէի, եգիպտական հնագոյն գրանշաններու ուժը ունին, կ՚ըսէր: Արաբական գարունի մասին ալ գրեց եւ ըսաւ՝ առողջ խառնաշփոթ է:

Իմ Գահիրէ վերջին այցիս ժամանակ ան համոզեց եւ տարաւ զիս Ալ Աթապա փողոցին մաս կազմող մանկական փողոց, միասին քալեցինք Ալ Աթապա մարդաշատ փողոցէն, դիտեցինք կերպընկալէ աժան ծաղիկները, կենդանիներու թուղթէ դիմակները եւ մոմլաթէ՝ վրան տպուած պայուսակները: Այդ մանկական կոչուած փողոցը երկար էր, ուր կային բազում խանութներ, որոնց մէջ կը վաճառէին մանկական խրախճանքներու համար նորաձեւ գեղազարդային ձեռքի աշխատանքներ: Այնպիսի բաներ կը վաճառէին, որ միտքէդ չէիր անցներ, օրինակ՝ կերպընկալէ ձարահիւս լաթերով զարդարուած նորածին-տիկնիկներ: «Տալիա, հոս նայէ», կ՚ըսէր ան անկեղծ ուրախութեամբ, շօշափելով այդ իրերը եւ նկատելով անոնց վրայի մանր-մունր գործուածքները: Անկիւնէ մը ան գնեց շողշողացող, վառ գոյներով լամբ մը: «Ասիկա հիւրասենեակիս համար է», ըսաւ: Ինծի համար ալ գնեց իրերայաջորդ նոյնատիպ գունաւոր նկարներով կերպընկալէ թերթիկներ ու ապսպրեց. «Դուն ասիկա պէտք է գործածես քու աշխատանքիդ համար»:

Ատիկա Շանթն էր, որ իր տարերքին մէջ մտած էր Գահիրէի վառ գիշերուան մէջ, ուր իրար խառնուած էին մարդոց եւ այլ ձայներ: Պահ մը խառնաշփոթ յառաջացաւ եւ այդ նեղ փողոցին վրայ երեւցաւ մեծ ձիու վրայ նստած պզտիկ տղայ մը: Լուսինը պայծառ էր: Շանթը կը ժպտար:

Այսօր ես երջանիկ եմ, որ իրմէ երկու գործ ունիմ, մէկը ձեռքերը վեր առած, բերանը կիսաբաց Ըմ Քալթումն է, միւսը՝ ձեռքը դունչին տակ դրած եւ մտածկոտ Նասէրը: Երկուքն ալ իրենց կիսադէմերով կարծես դուրս կու գան շրջանակին մէջէն եւ ընդմիշտ կը նային դէպի Արեւելք:

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՎԻՇՏՈՎ՝ ՇԱՆԹ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ ՆԿԱՐԻՉԻՆ ՄԱՍԻՆ

ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ

Ո՞վ կը ճանչնար արուեստագէտ Շանթ Աւետիսեանը, որուն գործերը այսօր կը զարդարեն սրահները Ուաշինկթընի Սմիթսոնիըն ինսթիթիւտին, Պրիթիշ միւզիումին եւ արուեստի այլ տաճարներուն: Ո՞վ կը ճանչնայ այս խորհրդաւոր մարդը, որ կը խուսափէր փառքի լուսապսակներէն, հարստութեան կախարդանքներէն ու մարդոց չարութիւններէն:

Քիչերու կը բացուէր ան, տարօրինակ ըլլալու չափ հեռու կը մնար ընկերութենէն եւ ինքն իրեն համար ստեղծած էր արուեստի ու փիլիսոփայութեան աշխարհ մը ու կ՚ապրէր անոր մէջ, չուզելով խանգարել ոեւէ մէկուն կեանքը եւ խանգարուիլ ոեւէ մէկուն կողմէ:

Սակայն, տարօրինակ կերպով ան մաս կազմած էր մեր ընտանիքին, փոքր տարիքէն, Գահիրէի Գալուստեան վարժարանի մէջ արուեստի աշակերտ դարձած ըլլալով տիկնոջս՝ Նորա Իփեքեան-Ազատեանին: Տարիներու ընթացքին այդ մտերմութիւնը այնքան զարգացած էր, որ ան գրեթէ երկուորեակ որդին դարձած էր կնոջս՝ իր հարազատ զաւկին, արուեստագէտ Ժիրայր Բաբազեանին հետ: Գալուստեանէն ետք՝ աշակերտած էր Նորային, անոր անձնական արուեստի սթիւտիոյին մէջ եւ ապա անոր անմիջական խնամքով իր արուեստի ուսումը ամբողջացուցած էր Մոնթրէալի ու Փարիզի արուեստի դպրոցներուն մէջ:

Արուեստագէտ մըն էր ան՝ բազմաթիւ կողմերով-փիլիսոփայ մըն էր՝ ինքնուս կերպով, հայրենասէր մըն էր՝ արտառոց ստորոգելիներով:

Իր արուեստի ուսումը ամբողջացուցած ըլլալով Արեւմուտքի մէջ՝ կը հաւատար, թէ արուեստի ակունքը Արեւելքի մէջ էր: Առաջին անգամ որ իր արուեստի գործերը հրապարակի վրայ արժէք մը ունեցան, ան մեկնեցաւ Հնդկաստան՝ պուտտայական արուեստը, ճարտարապետութիւնը, կրօնքը եւ կեանքի փիլիսոփայութիւնը մօտէն ճանչնալու:

Փիքասօ ուսումնասիրեց ափրիկեան նախնականութիւնը հասկնալու համար, թէ որքան Արեւմուտքի ճարտարարուեստականացումը հեռացուցած էր մարդը իր նախնականութեան էութենէն: Իր համարձակ ձեւազեղծումները մարդոց՝ կարծէք ծնունդն են այդ հակազդեցութիւններուն:

Շակալ կ՚ապրէր դիցաբանական աշխարհի մը մէջ: Երբ Փարիզի ճարտարապետեալ օփերային առաստաղը նկարազարդեց դիցաբանական ու սուրբ գրական խորհրդապատկերներ, իր հոգեկան աշխարհի հակասութեան ցոլացումը դրոշմեց այնտեղ:

Շանթը, իր հերթին, նման ուղի մը բացած էր: Գնաց մինչեւ Պուխարա՝ իսլամական արուեստի ակունքներուն ծանօթանալու, Սուֆի աստուածաբանութեան գործնական արտայայտութիւնները տեսնելու: Ամբողջ էութեամբ ներծծած ըլլալով հանդերձ Արեւմուտքի արուեստը՝ իրեն համար ընտրեց շատ զարտուղի եւ իւրօրինակ արուեստի ճանապարհ մը՝ հին եգիպտական փարաւոնական աշխարհը բերաւ դէպի 20-րդ դար, բայց աւելին՝ եգիպտական եւ արաբական ֆոլքլորը բարձրացուց միջազգային մակարդակի: Եւ այսօր Արեւմուտքը զինք աւելի հարազատօրէն կը ճանչնայ ու կը գնահատէ, քան Եգիպտոսը, որ ծնունդ տուած էր Շանթին եւ անոր արուեստին:

… Վերջին երեք տարիներուն, երբ անբուժելի հիւանդութիւնը հարուածած էր զինք եւ մարմինը հետզհետէ սկսած էր տկարանալ, կը հեռաձայնէր իր ուսուցչուհիին, իր «որդեգիր» մօրը, «աւետելու» համար որ իր առողջութիւնը բարելաւուելու վրայ է, եւ կ՚ըսէր, թէ կրկին պիտի գայ այցելութեան: Հեռախօսային այդ զրոյցները, Գահիրէէն Տիթրոյիթ, երբեմն կը տեւէին ժամեր, ու Շանթը կը կարդար հատուածներ խորհրդապաշտ բանաստեղծ Պոտլէրի քերթուածներէն, զորս այնքան կը սիրէ Նորան:

Շանթին մահը շանթի պէս հարուածեց Նորան: «Հապա պիտի առողջանար ու մեր մօտ գար, ի՞նչ եղաւ»:

Յանկարծ կը հեռաձայնէ Նորա Արմանին, մխիթարելու համար: «Այ կնիկ, ի՜նչ կու լաս: Շանթը կոտըր-ւած ընտանիքէ մը կու գար, գրեթէ «որբ», առիր, կերտեցիր, նետեցիր արուեստի բարձրագոյն հրապարակ. այսօր ալ ղրկեցիր դէպի յաւերժութիւն: Շանթը անմահ է»:

Ի՜նչ կը մնայ ըսել:

Հանգիստ իր փախստական հոգիին:

(Հատուած)

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2019