«ՄՏԱՅԻՆ ՃԱՐՊԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ»

Մտային ճարպակալութիւն անուան տակ բացատրուած է, թէ մտքի աւելորդ «բեռները» ինչպէս վտանգ կը սպառնան մտային առողջութեան եւ մարդկային յոյզերու համար։ Յատկապէս համացանցի օգտագործման տարածմամբ եւ անոր մարդկային առօրեայ կեանքի ներմուծումով, յոյս կը յայտնուէր, թէ համացանցի ընձեռած հնարաւորութեան շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ աւելի արագ եւ հեշտութեամբ հասնիլ ճիշդ տեղեկատուութեան։ Բայց, ցաւօք, այդպէս չեղաւ։ Ըստ իս, չափազանցութիւն չ՚ըլլար ըսել, թէ ինչպէս առողջ սնունդը համեմատաբար աւելի հազուագիւտ է, քան «fast food» կոչուած վատառողջ սնունդը, այնպէս ալ ճիշդ տեղեկատուութեան հասնիլ նոյնքան դժուար է, քան ապատեղեկատուութիւնը։ Այսուհետեւ, «ծրարներով» բազմաթիւ պնդումներ սկսած են թափանցել մեր առօրեայ կեանքին եւ կուտակուիլ՝ մեր մտքին մէջ։ Անոնք կը ներառեն որակական դիտարկումներ, նաեւ գիտական բնոյթ կրելու պնդմամբ բազմաթիւ վարկածներ։

Կարելի է ըսել, թէ տեղեկութիւն մը կամ գիտելիք մը մեզի յաճախ կը մատուցուի՝ առանց որեւէ անձնական փորձառութեան, փորձարկման կամ դիտարկման, մանաւանդ այն ակնկալութեամբ՝ թէ առանց տարակարծութեան կամ կասկածի անոնք ընդունուին անմիջապէս։ Ներկայիս, նոյնիսկ ամենապարզ եւ նուազագոյն մասնակցութեամբ ընկերային ցանցերու հարթակներուն վրայ մարդիկ կը տարածեն տեղեկատուութեան այն տեսակը, որ կ՚ուզեմ լուսաբանել. օրինակ՝

- Երկիր այցելող զարգացած քաղաքակրթութիւններու պատկանող արարածներու գոյութիւնը,

- Գիշերը քնանալէ առաջ, 99 անգամ որոշ բառեր կրկնելով նիհարնալու կարելիութիւնը, 

- Հեղինակաւոր եւ համբաւաւոր մարդոց անուան տակ հրապարակուած բազում աֆորիզմաներ,

- Պատմական կամ այժմէական, էթնիք, քաղաքական, տնտեսական կամ այլ նիւթերու մասին զանազան առաջարկներ,

- Որոշ նշանները՝ ինչպէս աստղերու կամ մոլորակներու շարժումները մեկնաբանելով ապագայի կանխատեսման հնարաւորութիւն,

- Տիեզերք ուղարկուած «հաղորդագրութեան» նիւթական կամ հոգեւոր հարստութեամբ արտացոլում…

Անկեղծ ըսած՝ ես ալ կ՚ուզէի, որ այս տեղեկատուութիւններէն ոմանք իրականութիւն ըլլային։ Բայց պէտք է ընդունինք, որ սա անկարելի է։ Հետեւաբար, փողոց դուրս գալով իւրաքանչիւր «fast food»ի ճաշարանէն ուտելը սովորութիւն դարձնելու նման, մեզի մատուցուած որեւէ տեղեկութիւն անվերապահօրէն ընդունիլը անտեղի, անհարկի կը խճողէ մեր միտքը, որ ոչ թէ օգուտ, այլ վնաս է մտային առողջութեան համար։ 

Կատարուած հետազօտութիւններու համաձայն, ճնշուածութեան (stress) հետ կապուած սննդային խանգարումները կրնան ըլլալ ճարպակալութեան հիմնական պատճառներէն մին։ Այլ խօսքով՝ մարդիկ կ՚ուտեն ձեւով մը հանգստանալու համար, ո՛չ թէ այն պատճառով, թէ մեր մարմինը կարիքն ունի այդ սնունդին։ Արդեօք մեր միտքը ապատեղեկատուութեամբ լեցնելու պատճառը նոյնպէս հանգի՞ստ զգալու ձգտումն է։ Սա պարզապէս իմ անձնական դիտարկումն է, բայց, դժբախտաբար, մտահոգուած եմ նաեւ, թէ իրականութիւնը այդպէս է։ Այլ խօսքով՝ իմ ընկերային շրջապատէն ներս կան ոմանք, որոնք ճշմարտութիւնը սորվելու փոխարէն հակուած են սպառել այն տեղեկատուութիւնը, որ «կ՚ընծայէ» ժամանակաւոր հանգստութիւն։ Այսպէսով խնդիրներուն կ՚որոնուին կարճաժամկէտ լուծումներ, որոնք կ՚ապահովեն միայն ակնթարթային օգնութիւն՝ առանց մտածելու կամ դատելու, թէ ո՛ր տեղեկատուութիւնը կրնայ ըլլալ առօրեայ կեանքի կազմակերպման ուղեցոյց եւ ճիշդ պատասխաններ պարունակէ ինքնութեան որոնման ճանապարհին։ Ինչպէս ճնշուածութեան հետ կապուած սնման խանգարման պատճառով մարդ կը գիրնայ եւ, հետեւաբար, կը վնասուի նաեւ հոգեկան առողջութիւնը, այնպէս ալ ապատեղեկատուութիւնը մտային թունաւորման եւ հոգեկան լուրջ ճնշուածութեան պատճառ կը դառնայ։ Այսպէսով յառաջ կու գայ «մտային ճարպակալութիւն»ը։ 

Կեանքի մասին մեր մտահոգութիւնները կրնան մեզ տանիլ ձեւով մը աղբամանէն սնուելու՝ ապատեղեկատուութեան, ինչ որ իրականութիւնը չի ցոլացներ, բայց ակնթարթային «հանգստութիւն» կ՚ապահովէ։ Ուստի, փոխանակ «ակնթարթային հանգստութիւններ» փնտռելու, փորձենք բացայայտել մեր անհանգստութեան, մտահոգութիւններու պատճառները։ Այսպէսով աւելի հաւանական է արմատական եւ երկարաժամկէտ լուծումներ գտնել անոնց։ 

Այս ամենակարեւոր սկզբունքին վերանայելէ յետոյ պէտք է խոշորացոյցի տակ դնել նաեւ, թէ ինչպէս կարելի է առողջ մտածողութիւնը զարգացնել ճիշդ այնպէս, ինչպէս սնուիլ միայն բաւարար եւ անհրաժեշտ սննդանիւթերով (այսինքն՝ պատշաճ սնուցում)։ Այս կէտին անհրաժեշտ է քննադատական մտածողութիւնը, որու շնորհիւ մարդ հարցականի տակ կը դնէ տեղեկութեան մը հաւաստիութիւնը եւ ճշդութիւնը։ 

Քննադատական մտածողութիւնը անհրաժեշտ է որեւէ տուեալի կամ խնդրի վերլուծման համար՝ յանգեցնելով հիմնաւորուած եզրակացութիւններու։ Հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ նաեւ հիմնաւորուած գնահատականներ, մեկնաբանութիւններ տալու, նաեւ կը նպաստէ խնդրի մը համապատասխան լուծումը գտնելու եւ ստացուած արդիւնքներու ճշգրտօրէն կիրառման։

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2021