ԵՐԳՉՈՒՀԻ ՍԻՊԻԼ ԱՅՍՕՐ ՀԱՆԴԷՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ «ԿԵԴՐՈՆ» ՀԵՌՈՒՍՏԱԿԱՅԱՆԷՆ

Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ այսօր երեկոյեան հանդէս պիտի գայ Հայաստանի «Կեդրոն» հեռուստակայանէն։ Իսթանպուլի ժամով 19.30-ին պիտի սփռուի իր յայտագիրը, որ վաղը առաւօտ 10.30-ին ալ պիտի կրկնուի։

«Կեդրոն» հեռուստակայանը բաւական լայն լսարան մը ունի Հայաստանի մէջ։ Սիպիլ մասնակցութիւն կը բերէ այս հեռուստակայանի «Ես կամ» ծրագրին։ Սա իսկապէս առանձնայատուկ ծրագիր մըն է, որովհետեւ կը պատրաստուի ծնողազուրկ, հաշմանդամ, կամ հասարակութեան շատ համեստ խաւերէ երեխաներու կամ պատանիներու նախընտրութիւններով։ Այսպէս, այդ փոքրիկները «Ես կամ» ծրագրին շնորհիւ հնարաւորութիւն կ՚ունենան ծանօթանալու, մէկտեղուելու իրենց կողմէ սիրուած, նախընտրուած արուեստագէտի մը հետ։ Նկարահանուած այդ վառ պահերը կը տեսա-սըփռուին՝ առարկայ դառնալով հանրութեան անմիջական ուշադրութեան։ Ուրեմն, Սիպիլն ալ եղած է հինգ զաւակներով, ընկերային տեսակէտէ բաւական խոցելի ընտանիքի մը սիրուն աղջնակին նախընտրելի արուեստագիտուհին, հերոսը։ Սիպիլ նկարահանման համար այցելած է Երեւանի արուարձաններէն Զովունի գիւղը, ուր հիւրընկալուած է եօթնամեայ Աստղիկի բնակարանին մէջ։ Ուրեմն, այդ նկարահանումներն են, որ այսօր երեկոյեան պիտի սփռուին «Կեդրոն» հեռուստակայանէն։

Մինչ այդ, Սիպիլ արդէն բաւական երկար ժամանակէ ի վեր իր ընթացիկ աշխատանքներուն համար կը գտնուի Երեւանի մէջ, ուր զանգուածային լրատուութեան միջոցներու անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ։

Շաբաթ, Յունիս 22, 2019