ԱՂՕԹՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԻՒՍԻՍԷՆ՝ ՄԱՐՄԱՇԷՆԷՆ

1000 տարեկան է Մարմաշէն վանական համալիրը: Շիրակի մարզի այս գանձը միջնադարեան Հայաստանի կարեւորագոյն հոգեւոր, մշակութային կառոյցներէն եղած է, եւ իր անցեալի փառքն ու հմայքը պահպանած է մինչ այսօր: Ո՜վ գիտէ՝ տակաւին քանի դար պիտի ապրի քարէ այս հսկան եւ քանի սերունդներ տակաւին աղօթքի եւ ուխտի կու գան անոր մօտ: Ան միշտ գրկաբաց է, սիրաշունչ եւ ջերմագին կ՚ընդունի բոլոր աղօթքները…

Հակառակ դարերով ստացած հարուածներուն եւ կրած վէրքերուն՝ Մարմաշէնը կանգուն է եւ ուխտաւորներ յաճախ կը հասնին Հայաստանի հիւսիսը՝ աղօթք հնչեցնելու անոր հինաւուրց պատերէն ներս:

Այս վանքը իր ուխտի օրն ալ ունի, որ Երկրորդ Ծաղկազարդի կիրակին է: Այդ օրը սովորաբար ուխտաւորներով լեցուն կ՚ըլլայ տարածքը, պատարագ կը մատուցի, բայց տարուան բոլոր եղանակներուն, անկախ կրօնական կամ այլ առիթներէ, Մարմաշէն միշտ այցելուներ կու գան:

Վանքը ընդգկուած է զբօսաշրջային ուղղութիւններուն մէջ, մանաւանդ դէպի Շիրակի մարզ զբօսաշրջութեան երթուղին չ՚աւարտիր առանց Մարմաշէնը տեսնելու:

Շատ խորհրդաւոր վայր մըն է Մարմաշէնի վանքը, որ տակաւին հեռուէն կարծես կը կանչէ մօտեցողները… Կիւմրի քաղաքէն մօտաւորապէս 25 րոպէ ինքնաշարժի ճամբայ է մինչեւ վանք, իսկ մօտիկ վայրերէ մարդիկ նոյնիսկ ոտքով կը հատեն ճանապարհը…

Հեռուէն արդէն կ՚երեւի լեռներու համայնապատկերին մէջ խրուած շիկագոյն համալիրը՝ քանի մը կառոյցէ բաղկացած, կը նշմարուին շրջակայքի հնագոյն, պատմական տապանաքարերը:

Անոր բակի լռութիւնը, շուրջը տարածուած անդորրը շատ քիչ տեղեր կարելի է գտնել: Առաւել խորհրդաւոր կը դառնայ վանքը, երբ պատմութենէն կը տեղեկանաս, որ հայոց թագաւորական ընտանիքները մասնակից եղած են վանական համալիրի շինարարութեան, եւ որ հոս իւրովի պատմութիւն կերտուած է:

1000-ամեայ հնագոյն վանքին պատերէն ներս առանձնական աղօթքը ուրիշ ձայն ունի: Հայաստանի հիւսիսէն կը փափաքիս այդ աղօթքը հասցնել նեղ օրերու մէջ գտնուող բոլոր հայրենակիցներուդ, ապաքինման շրջան անցընող բարեկամներուդ եւ, վերջապէս, կ՚ուզես աղօթքը պահել, տարածել քու ներսդ, ուր նոյնպէս տագնապներ կան… Բնութեան կատարելութեան մէջ մարդուն ամբողջ էութիւնը կը միանայ Աստուծոյ կամքին, եւ աղօթքը կը բխի սիրտի ամենախոր անկիւններէ:

Աղօթքի ձայնին կը խառնուի Ախուրեան գետին կանչը… Ձիւնհալքէն ետք, արթնցող բնութեան հետ, ժրած են Ախուրեան գետն ու անոր վտակները: Հայաստանի երրորդ ջրառատ գետն է Ախուրեանը, որ վանական այս համալիրին քովէն կը հոսի, կը կտրէ Արագած լերան արեւմտեան փէշերը եւ աւելի խոր հուն առնելով, կը զարնուի քարքարոտ վայրերու, կը շարունակէ հոսիլ՝ մինչեւ Մայր Արաքսին հետ միանալը։ Խորհրդանշական ընթացք մըն է Ախուրեանին ընթացքը: Մեր պատմութեան մշտահոս երթին կը նմանի՝ անհատնում, մշտաբուխ…

Կը թուի, թէ այս ջուրը, այս եկեղեցին, այս աղօթքը յաւերժ եղած են Աստուծոյ ստեղծած այս վայրին մէջ: Եւ վստահ՝ անսպառ է աղօթքի, ջուրի, պատմութեան միաձոյլ ուժը:

Գետի ձախ ափին Մարմաշէնն է, աջ ափին՝ Հայաստանի վաղեմի մայրաքաղաք Անին եւ Մարմաշէնի վանքը կարծես անտեսանելի թելերով կապուած է Անիին հետ… Անտեսանելի, բայց նաեւ՝ տեսանելի թելեր են, որ կը տեսնես, կը զգաս հոգու աչքերով, սիրտի զգայարաններով: Անիի կառոյցներուն գոյնը ունի Մարմաշէնը եւ նոյն ճարտարապետական դպրոցին կը պատկանի անոր ճարտարապետութիւնը:

Շիրակի մարզի Մարմաշէն գիւղն ալ վանքէն քանի մը քիլօմեթր անդին է: Բնակիչները կը յիշեն, որ մինչեւ անցեալ դարու կէսերը այս գիւղը կոչուած է Վերին Ղանլիջա, իսկ քիչ անդին Վահրամաբերդ գիւղն է, որուն նախկին անուանումն ալ Ներքին Ղանլիջա եղած է: Վահրամաբերդ անուանումը գիւղին տրուած է ի պատիւ միջնադարի հայ զօրավար Վահրամ Պահլաւունիի (965-1045թթ.), որուն տապանաքարը կը պահպանուի Մարմաշէնի վանքի գաւիթին մէջ։ Մարմաշէն վանական համալիրին անունին հետ կապուած քանի մը բացատրութիւններ կան:

Ղեւոնդ Ալիշան իր «Շիրակ» աշխատութեան մէջ կը գրէ, որ վանական համալիրը իր անունը ստացած է ճարտարապետի անունէն: Կայ վարկած մը, որ համալիրի անունը սուրբի անունէ ծագած է, կամ ալ «Մարիամաշէն» բառին կրճատուած տարբերակն է: Գրաւոր աղբիւրներուն մէջ վանական այս համալիրին անունը կը հանդիպի նաեւ «Մարիամ Նիշի» ձեւով: Անկախ ուրկէ՛ եւ ինչպէ՛ս ծագած է Մարմաշէն բառը, այն շատ գեղեցիկ եւ ակնածալի կը հնչէ… Այդ բառը արտաբերելու ժամանակ՝ կը զգաս անցեալէն եկող հնագոյն ձայն մը, որ նորովի երանգներ ստացած է այսօր: Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէկ մասնիկը կը տրոփէ անոր քարերուն ընդմէջէն:

Այն, որ Վահրամ Պահլաւունիի տապանաքարը այս վանական համալիրէն ներս կը գտնուի, պատահական չէ. վանքը կառուցուած է Պահլաւունիներու իշխանական տոհմին պատկանող հայ ռազմական եւ պետական գործիչ, Իշխանաց իշխան եւ հայոց սպարապետ կոչուած Վահրամ Պահլաւունիի օրօք: Ան Գրիգոր Պահլաւունիի որդին էր եւ Բագրատունեաց Հայաստանի արքունիքին մէջ զբաղեցուցած է բարձր պաշտօններ: Պետական ծառայութեան դիմաց Բագրատունի թագաւորներէն տիրոյթներ ստացած է Շիրակի, Արագածոտնի մէջ, վանքեր կառուցած: Մարմաշէնէն զատ Վահրամ Պահլաւունի շինած է նաեւ Ամբերդի եկեղեցին, որ այսօր կը կոչուի Վահրամաշէն եկեղեցի: Անոր յիշատակի վայրը, սակայն, Մարմաշէնն է, որ 10-րդ դարուն կը վերագրուի եւ իր տոհմը՝ Պահլաւունիները, միշտ յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած են այս վանքին:

Մարմաշէնի վանական համալիրին մասին առաջին վկայութիւնները կատարած է պատմիչ, աշխարհագրագէտ Ստեփանոս Ասողիկ Տարօնեցին՝ 11-րդ դարուն: Վանքը իրենց աշխատութիւններուն մէջ յիշատակած են նաեւ պատմիչներ՝ Սամուէլ Անեցին, Կիրակոս Գանձակեցին, Վարդան Արեւելցին, Մխիթար Այրիվանեցին: Վանական համալիրին ընդհանուր կառուցումը տեւած է 41 տարի՝ 988-1029 թուականներուն միջեւ:

Մինչեւ այսօր կանգուն մնացած 1000-ամեայ վանքը պատմութեան ընթացքին բազում փորձութիւններու եւ յարձակումներու ենթարկուած է: Օտար նուաճողներ միշտ ջանացած են հողին հաւասարացնել մեր հաւատքի սիւները, ջնջել քրիստոնէութեան հետքերը: Առաջին անգամ Մարմաշէնը աւերուածութիւններու ենթարկուած է 1064 թուականին: Այս մասին վկայած է արաբ հեղինակ Իպնի ալ Ասիր: Աւելի ուշ՝ 1225 թուականին զայն վերանորոգուած է Պահլաւունիներու շնորհիւ:

Սակայն 1236 թուականին վանական համալիրը կրկին կ՚ենթարկուի յարձակման՝ այս անգամ մոնղոլներու արշաւանքներուն ժամանակ: Ատկէ ետք արդէն, տարիէ տարի վանական համալիրը աստիճանաբար կը կորսնցնէ իր երբեմնի տեսքը:

Եւ միայն 19-րդ դարու 30-ականներուն, երբ Կարսէն գաղթականներ կը հաստատուին այդ տարածքին, անոնց շնորհիւ վանական համալիրը ձեւ մը կը ստանայ՝ դառնալով գիւղական եկեղեցի, ուր արարողութիւններ կը կատարեն իրենք՝ կարսեցի գաղթեալները:

Քանի մը կառոյցներէ կազմուած է վանքը:

Արձանագրութեան մէջ կը յիշատակուի վանքերու երկու խումբ` Վերին եւ Մեծ, որոնք յետոյ միաւորուած են: Վերին վանքը Մեծ վանքէն 200 մեթր դէպի հիւսիս գտնուող բլրակի մը վրայ է եւ իր դիրքով աւելի բարձր է նախորդէն։ Ի տարբերութիւն Վերին վանքի՝ Մեծ վանքը պաշտպանուած եղած է շրջապարիսպով մը, որ հասած է մինչեւ գետին եզերքը՝ իր մէջ ներառելով չորս եկեղեցի, գաւիթ-ժամատուն, զանգակատուն եւ գերեզմանոց։

Մեծ վանքի տարածքին 19-րդ դարու 80-ական թուականներէն մինչ օրս իրականացուած հնագիտական աշխատանքներու արդիւնքին ուսումնասիրողները տակաւին չեն յայտնաբերած նախաքրիստոնէական կառոյցներու հետքեր, մինչդեռ պահպանուած յիշատակութեան մը համաձայն, հոս հեթանոսական տաճարի մնացորդներ եղած են:

Մեծ վանքի հատուածի գլխաւոր եկեղեցին կը կոչեն Կաթողիկէ եկեղեցի, իսկ համալիրին բոլոր շինութիւնները կառուցուած են մեծ՝ մինչեւ 2 մեթր բարձրութիւն ունեցող տուֆ քարերէ: Ներսէն աւանդատուները աստիճաններով կը միանան բեմին:

Եկեղեցին ունի ճոխ արտաքին զարդարանք. այդ զարդարանքը առաւել ամբողջական կը դարձնեն արեւելեան եւ հիւսիսային պատերուն մէջ բացուած երկուքական խորշերը: Արտաքին զարդարանքին մէջ առանձնակի տեղ ունի տասներկու նիստերէ բաղկացած թմբուկը, որուն վեղարը հովանոցի ձեւ ունի: Ընդհանուր ճարտարապետական իր յօրինուածքով Մարմաշէն վանական համալիրի Կաթողիկէ եկեղեցին մասնագէտներ կը նմանցնեն Անիի Մայր տաճարին:

Չնայած վանքի զանգակատունէն պահպանուած են միայն հիմքի քանի մը շերտին քարերը, սակայն ուսումնասիրութիւններու արդիւնքին որոշ մասնագէտներ կը պնդեն, որ այն եղած է Պահլաւունիներուն դամբարանը: Ի դէպ, Մարմաշէնի զանգակատան օրինակով յետագային կառուցուած է Սանահինի զանգակատունը:

Մարմաշէնի վանքը յետոյ ալ բազմիցս նորոգուած է: 1870 թուականին զայն նորոգած է Մկրտիչ Ջալալեանը եւ կից հիմնած դպրոց: 1900 թուականին վանքին մէջ նորոգման աշխատանքներ կատարուած են Մկրտիչ Ա. Վանեցի (Խրիմեան Հայրիկ) Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ: 1923 թուականին համալիրի Կաթողիկէ եկեղեցին դադրած է գործելէ, իսկ 1988 թուականի երկրաշարժէն վնասուած է, ճաքեր գոյացած են անոր պատերուն: 2000-ականներուն իտալահայ Գայիանէ Կազնատիի ղեկավարած խումբը վերականգնողական ու ամրացման աշխատանքներ իրականացուցած է վանքին մէջ, եւ այդպէսով Կաթողիկէն փրկուած է փլուզումէն:

Համալիրի պահպանուած եկեղեցիներէն զատ, հոս եղած է նաեւ զուարթնոցատիպ տաճար։ Այն աւերուած է անյիշելի ժամանակներէն։ Մինչեւ 1938 թուականը նոյնիսկ յայտնի չէր, որ այդպիսի շինութիւն մը եղած է։ Մինչ այդ վանքի տարածքը ընդգրկուած է գիւղին մէջ, իսկ զուարթնոցատիպ տաճարի աւերակները եղած են տուներէն մէկուն գոմին տակ։ 1950-ականներուն այստեղ առաջին պեղումները կատարուած են, երբ գիւղը արդէն տեղափոխուած էր վերի տարածք։ Աւելի ծաւալուն պեղումներ իրականացուած են 1970-ականներու սկիզբէն եւ տեւած են մօտաւորապէս տասն տարի։ Այդ ժամանակ ալ յայտնաբերուած են թաքնուած բազմաթիւ հետքեր: Այսօր պետական ջանքերով կը նորոգուի Մարմաշէն վանական համալիր տանող ճանապարհը, կը բարեկարգուի շրջակայքը:

Շուրջ երկու տարի առաջ վանքի տարածքին կրկին պեղումներ սկսելու որոշում ընդունուած է, սակայն պատերազմի պատճառով յապաղած է ծրագիրը:

Մարմաշէնի ուսումնասիրողները եւ անով զբաղող հնագէտները վստահ են, որ տակաւին նորանոր բացայայտումներ պիտի ըլլան այս վայրին մէջ: Պատմական Շիրակը լիովին ուսումնասիրուած չէ մասնագէտներու կողմէ: Մինչեւ երկրաշարժը եղած են բաւականին ուսումնասիրութիւններ եւ նոյնիսկ ամրացուած են բազմաթիւ քանդուած կառոյցներ, բայց երկրաշարժը կրկին վնասներ հասցուցած է այդ տարածքի հնագոյն վանքերուն, որոնք առանց այդ ալ ժամանակի բեռը կը կրէին: Այսօր նոյնպէս աղէտներէ, սասանումներէ եւ մարդկային անողոք միջամտութիւններէ ապահով չեն եկեղեցիներն ու վանքերը: Եթէ բնական աղէտներուն վնասը ձեւով մը ընդունելի է, ապա աններելի է մարդու ձեռքին հարուածները, զորս կը կրեն սրբավայրերը: Նոյն Մարմաշէնի տարածքին մարդիկ կը սիրեն հացկերոյթ սարքել. զարմանալի է, որ որոշ մարդոց համար եկեղեցիին տարածքը հանգստանալու վայր է, ուր կարելի է փռել ուտելիքը, շարել խմիչքին շիշերը, միացնել երաժշտութիւն եւ երկննալ ծառերուն տակ: Վերջին տարիներուն յամառօրէն պայքար կը մղուի այս երեւոյթին դէմ, սակայն արմատախիլ չէ վերացուած զեխ ու շուայտ այս վարքը: Չեմ գիտեր՝ կու գա՞յ ժամանակ մը, երբ բոլոր մարդիկ ի վերջոյ հասկնան, որ դարերով մեզի հասած ամէն սրբութիւն գուրգուրանքի, խնամքի եւ սիրոյ կարօտ է: Այդ ժամ միայն գուցէ հանդարտի ամէն բան, անարգ եւ վատթար երեւոյթները չքանան մեզմէ եւ հայուն միտքն ու հոգին խաղաղի հայոց հնամենի երկրին մէջ… Աղօթքը դէպի այդտեղ տանող ամենամեծ ուժն է…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2023