ՎԱԳՐԵՐԸ՝ ՏԱՍՆ ՕՐ ՎԵՐՋ

Անտառները հեռացան վանդակին մէջ բանտարկուած վագրին քովէն, բայց ան չկրցաւ մոռնալ զանոնք, բարկացած նայուածքը սեւեռեց իր վանդակին շուրջը դեգերող մարդոց, որոնք հետաքրքիր եւ անվախ աչքերով կը հետեւէին իրեն եւ անոնցմէ մէկը կը խօսէր հանդարտ եւ հրամայական շեշտով.

-Եթէ իսկապէս կ՚ուզէք սորվիլ արհեստս՝ գազանները մարզող (ընտանեցնող), ուրեմն երբեք պէտք չէ մոռնաք, որ ձեր հակառակորդին ստամոքսն է առաջին թիրախը. պիտի տեսնէք, որ դժուար եւ միեւնոյն ատեն դիւրին աշխատանք մըն է:

Տեսէք հիմա այս վագրը, ան շատ խիստ է եւ ցասկոտ, շատ հպարտ իր ազատութեամբ, զօրութեամբ եւ բռնութեամբ, բայց պիտի փոխուի եւ դառնայ հաւատարիմ, հնազանդ փոքր մանուկի պէս... տեսէք, թէ ի՛նչ է տարբերութիւնը ճաշ ունեցողին եւ չունեցողին միջեւ... եւ սորվեցէք:

Եւ մարդիկը սկսան ըսել, որ իրենք այս արհեստը սորվիլ (ուզող) հլու աշակերտներ պիտի ըլլան:

Հրճուանքով ժպտաց մարզիչը, ապա արհամարհական շեշտով հարցուց վագրին.

-Ինչպէ՞ս է մեր սիրելի հիւրին վիճակը:

Վագրը պատասխանեց.

-Բե՛ր ինչ որ պիտի ուտեմ, քանի ճաշիս ժամն է:

Մարզիչը շինծու զարմանքով պատասխանեց.

-Դո՛ւն՝ բանտարկեալս, ինծի՞ կը հրամայես. որքա՜ն ծիծաղելի վագր մըն ես. պէտք է հասկնաս, որ միայն ե՛ս եմ, որ իրաւունք ունիմ հրամաններ արձակելու:

Վագրը ըսաւ.

-Ոչ ոք կը հրամայէ վագրերուն:

Մարզիչը պատասխանեց.

-Բայց դուն հիմա վագր մը չես, դուն անտառներուն մէջ վագր ես, վանդակին մէջ, պարզապէս գերի մըն ես, որ կ՚ենթարկուի հրամաններուս եւ կ՚ընէ ինչ որ ուզեմ:

Վագրը շեշտելով ըսաւ.

-Ո՛չ ոքին գերի կ՚ըլլամ:

Մարզիչը ըսաւ.

-Դուն ստիպուած ես ինծի հնազանդելու, քանի կերդ ի՛մ քովս է:

-Չե՛մ ուզեր կերդ:

-Ուրեմն անօթեցի՛ր, որքան որ կ՚ուզես, ես ալ չեմ ստիպեր ընել ինչ որ չես ուզեր,- եւ շարունակեց աշակերտներուն դիմելով,- պիտի տեսնէք, թէ ինչպէ՞ս պիտի փոխուի, քանի բարձր գլուխը պարապ ստամոքսը չի կշտացներ:

Վագրը անօթեցաւ եւ յուզումով յիշեց այն օրերը, երբ հովի պէս, անկապանք կը սուրար իր որսը հետապնդելով:

Երկրորդ օրը մարզիչն ու աշակերտները շրջապատեցին վագրին վանդակը, մարզիչը ըսաւ.

-Անօթի չե՞ս, դուն վստահ քեզ տանջող եւ ցաւցնող անօթութիւն կը զգաս... ըսէ՛ որ անօթի ես եւ կը ստանաս որքան միս որ կ՚ուզես:

Վագրը լուռ մնաց, մարզիչը ըսաւ վագրին.

-Ապուշ մի՛ ըլլար, ըրէ՛ ինչ որ կ՚ըսեմ: Խոստովանէ անօթութիւնդ եւ իսկոյն կը կշտանաս:

Վագրը ըսաւ.

-Անօթի եմ:

Մարզիչը խնդալով ըսաւ աշակերտներուն.

-Ահաւասիկ ան ինկաւ թակարդի մը մէջ, որմէ ազատում չկայ:

Եւ հրամայեց, որ առատ միս բերեն վագրին:

Երրորդ օրը մարզիչը ըսաւ վագրին.

-Եթէ այսօր կ՚ուզես ճաշ ունենալ, կատարէ՛ ինչ որ խնդրեմ քեզմէ:

Վագրը ըսաւ.

-Քեզի չեմ հնազանդիր:

Մարզիչը ըսաւ.

-Մի՛ աճապարեր, խնդրանքս շատ պարզ է: Դուն կը պտտիս վանդակիդ մէջ, երբ ըսեմ «կեցի՛ր», պէտք է կենաս:

Վագրը ըսաւ ինքնիրեն.

-Իսկապէս աննշան խնդրանք մըն է, չ՚արժեր յամառիլ եւ անօթի մնալ:

Մարզիչը գոռաց խիստ եւ հրամայական ձայնով.

-Կեցի՛ր:

Վագրը իսկոյն քարացաւ, մարզիչը զուարթ շեշտով ըսաւ.

-Կեցցե՛ս:

Վագրը ուրախացաւ եւ գոհացած կերաւ, մինչդեռ մարզիչը կ՚ըսէր աշակերտներուն.

-Քանի մը օրէն թուղթէ վագրի պիտի վերածուի:

Չորրորդ օրը վագրը ըսաւ մարզիչին.

-Ես անօթի եմ, հրամայէ որ կենամ:

Մարզիչը ըսաւ աշակերտներուն.

-Ահաւասիկ, ան սկսաւ սիրել հրահանգներս,- ապա շարունակեց խօսիլ վագրին հետ,- այսօր չես ուտեր, եթէ կատուներու մլաւիւնը չծաղրես:

Ան ծաղրեց կատուներու մլաւիւնը, մարզիչը խոժոռեցաւ եւ ժխտական շեշտով ըսաւ.

-Ձախող է, մռնչիւնը մլաւիւն կրնա՞յ ըլլալ:

Վագրը դարձեալ ծաղրեց կատուներու մլաւիւնը, սակայն մարզիչը մնաց խոժոռած դէմքով եւ արհամարհելով ըսաւ.

-Լռէ՛, լռէ՛, տակաւին ձախող է: Այսօր պիտի ձգեմ, որպէսզի մարզուիս կատուներու մլաւիւնով, վաղը կը տեսնենք. եթէ յաջողիս, կ՚ուտես, իսկ եթէ չյաջողիս, չես ուտեր:

Մարզիչը դանդաղ քայլերով հեռացաւ վագրին վանդակէն, աշակերտները շշնջալով կը խնդային եւ կը հետեւէին իրեն:

Վագրը կարօտով կանչեց անտառները, բայց անոնք չկային:

Հինգերորդ օրը մարզիչը ըսաւ.

-Օ՛ն, եթէ վարպետօրէն ծաղրես կատուներու մլաւիւնը, մեծ կտոր մը միս կը ստանաս:

Վագրը ծաղրեց կատուներու մլաւիւնը, մարզիչը ծափահարեց եւ հաստատօրէն ըսաւ.

-Բացառի՜կ, փետրուարեան կատուի պէս կը մլաւես:

Եւ նետեց մեծ կտոր մը միս:

Վեցերորդ օրը, երբ մարզիչը կը մօտենար վագրին, վագրը իսկոյն սկսաւ կատուներու մլաւիւն արձակել, բայց մարզիչը մնաց պռստուն դէմքով. վագրը ըսաւ.

-Ահաւասիկ կը ծաղրեմ կատուներու մլաւիւնը:

Մարզիչը ըսաւ.

-Ծաղրէ՛ աւանակի զռոցը:

Վագրը արհամարհական շեշտով ըսաւ.

-Ես վագր եմ, որմէ կը սոսկան անտառի բոլոր կենդանիները: Աւանակին ձա՞յնը պիտի ծաղրեմ: Կը մեռնիմ եւ չեմ կատարեր հրամանդ:

Մարզիչը հեռացաւ վանդակէն առանց բառ մը արտասանելու:

Եօթներորդ օրը մօտեցաւ վանդակին ժպտադէմ եւ խոնարհատեսք եւ ըսաւ վագրին.

-Չե՞ս ուզեր ուտել:

-Կ՚ուզեմ ուտել:

-Կերած միսդ գին ունի. զռայ աւանակի պէս, ճաշ կը ստանաս:

Վագրը փորձեց յիշել անտառները, բայց չյաջողեցաւ, աչքերը փակ սկսաւ զռալ: Մարզիչը ըսաւ.

-Զռոցդ յաջող չէ, բայց քեզի կտոր մը միս պիտի տամ, որպէս ողորմութիւն:

Ութերորդ օրը մարզիչը ըսաւ.

-Ճառի մը նախաբանը պիտի արտասանեմ, երբ վերջացնեմ, գոհացած ծափահարէ:

Վագրը ըսաւ.

-Պիտի ծափահարեմ:

Մարզիչը սկսաւ ճառը արտասանել, ըսաւ.

«Ո՛վ հայրենակիցներ... Նախապէս, բազմաթիւ առիթներու ընթացքին, մեր կեցուածքը յստակեցուցինք բոլոր ճակատագրական հարցերուն շուրջ, այս յստակ եւ պատասխանատու կեցուածքը անփոփոխ է: Որքան որ հակառակորդները փորձեն մեզ վտանգել, հաւատքո՛վ պիտի յաղթենք»:

Վագրը ըսաւ.

-Չեմ հասկնար ինչ կ՚ըսես:

Մարզիչը ըսաւ.

-Պէտք է բոլոր ըսածներս հաւնիս եւ ծափահարես:

Վագրը ըսաւ.

-Ներէ՛ ինծի ես տգէտ եւ անուս եմ, իսկ քու խօսքերդ գերազանց են, պիտի ծափահարեմ, ինչպէս որ կ՚ուզես:

Վագրը ծափահարեց, իսկ մարզիչը ըսաւ.

-Ես չեմ սիրեր կեղծաւորութիւնն ու կեղծաւորները: Այսօր, որպէս պատիժ, ճաշէ զրկուած ես:

Իններորդ օրը մարզիչը եկաւ խուրձ մը խոտ ձեռքին, նետեց վագրին եւ ըսաւ.

-Կե՛ր:

Վագրը ըսաւ.

-Ի՞նչ է այս: Ես մսակեր եմ:

Մարզիչը ըսաւ.

-Յետայսու միայն խոտ պիտի ուտես:

Երբ վագրին անօթութիւնը սաստկացաւ, փորձեց խոտ ուտել, համը զգաց, հեռացաւ պժգանքով, բայց վերադարձաւ նորէն եւ կամաց-կամաց համին ընտելանալ սկսաւ:

Տասներորդ օրը մարզիչը, աշակերտները, վագրն ու վանդակը անհետացան, վագրը եղաւ քաղաքացի, իսկ վանդակը՝ քաղաք:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2021