«ԵՐԿԱԹԷ ԿՐՈՒՆԿ»

«Երկաթէ կրունկ»ը ամերիկացի նշանաւոր ու աշխարհահռչակ գրող Ճեք Լանտընի հակաիւթոփիական վէպն է։ Առաջին անգամ 1908 թուականին լոյս տեսաւ գիրքը, որ կը նկատուի արդիական հակաիւթոփիական վէպերու ամենահինը։ Ի հարկէ, Ճեք Լանտընի իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւնը ունի ուրոյն նշանակութիւն, սակայն վերոյիշեալ վէպը կ՚առանձնանայ իր յատկանշական անդրադարձներով։ 

Ճեք Լանտըն ընկերվարականութեան եւ բանուորականութեան վառ կողմնակիցներէն մին էր եւ իր մեծագոյն շարք մը գործերը նուիրուած է այս մտայնութիւններուն։ Լանտըն ունեցած է ծանր մանկութիւն։ Վաղ տարիքին դժբախտութիւնը ունեցած է թողելու իր կրթական կեանքը եւ քայլ նետած է աշխատանքային ասպարէզ։ Իր կեանքի փորձառութիւնները ձեռնտու եղած են իր հեղինակած գործերու ստեղծման փուլին։ Առաւե՛լ. իր ստեղծագործութիւններուն մէջ ներկայացուած են զանազան բնագաւառներու իրողութիւններ:

1897 թուականին Ալասքայի մէջ ոսկի յայտնաբերուեցաւ ու երկիրը չքաւորներու համար դարձաւ հարստութեան աղբիւր։ Ոսկեխուզութեան համար Ալասքա մեկնեցաւ նաեւ Ճեք Լանտըն, որ այդ ժամանակ դեռ նոր սկսած էր գրելու։ Լանտըն չյաջողեցաւ այդտեղ, սակայն իր յետագայ ստեղծագործութիւններուն համար հաւաքեց նիւթեր, որոնց միջոցաւ աշխարհ տեղեակ դարձաւ հիւսիսի բնութեան դաժան օրէնքներուն։ Հեղինակի ուրոյն ոճի ազդեցութիւնները կարելի է տեսնել 20-րդ դարու մի քանի յայտնի գրողներու գործերուն մէջ՝ մանաւանդ Ճորճ Օրուէլի ամենայայտնի վէպին՝ «1984»ի մէջ։ Լանտընի առաջին գործերու մայր գաղափարն է մարդկային արժէքներն ու կեանքի նկատմամբ սէրը պահպանելու ձգտումը։ Ժամանակի թաւալումով ականատես եղած անգութ գործողութիւնները եւ մարդոց հարստանալու կամ աւելի հարուստ դառնալու նպատակով գործած արարքները նկատի ունենալով՝ իր վերջին գործերուն մէջ խոշորացոյցի տակ կը դնէ մանաւանդ ագահութիւնն ու անտարբերութիւնը։

Գիրքի գլխաւոր հերոսը՝ Էրնեսթ խիզախ, ինքնավստահ ու համեստ երիտասարդ մըն է, որ ընկերվարականութեան ու բանուորականութեան կողմնակից է։ Իր կեանքը ամբողջութեամբ կը փոխուի, երբ կը ծանօթանայ Էվիսի հետ։ Էվիս հարուստ ու ուսեալ ընտանիքի մը զաւակն է։ Էրնեսթ կը փափաքի համոզել Էվիսը, որպէսզի իր մտայնութեան համաձայնի։ Էրնեսթ կը քննադատէ ժամանակակից հասարակութեան համակարգը, սակաւապետական, բռնատիրական ու դրամատիրական վարչակարգերու աշխատանքային շահագործումը, սակայն չի կրնար յաջողիլ համոզել Էվիսը։ Էրնեսթ վերջինս կը խրախուսէ, որպէսզի կատարէ հետազօտութիւն մը բանուորներու աշխատանքային պայմաններուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին։ Հետազօտութեան արդիւնքները այնքան զարմանալի ու սարսափելի կ՚ըլլան, որ ընդունելի կը դառնայ Էրնեսթի տեսակէտները։ Էրնեսթ իր մտայնութիւնը եւ գաղափարները տարածելու համար կը գումարէ ժողովներ, սակայն գրեթէ բոլորն ալ կը կասեցուին բանակին կողմէ։ Ան երբ ժողով կը գումարէ երկրի վերնախաւերուն հետ, փաստերով կ՚ապացուցանէ իշխանութեան ճնշման տակ ժողովուրդի առկայ վիճակի համայնապատկերը։ Այս մասին ան կը ստանայ պատասխան մը․ «Այս բոլորը ճիշդ են, սակայն այժմ իշխանութիւնը մեր ձեռքն է։ Մեր հարստութեան եւ կամ ուժին երկարող ձեռքեր անխնայօրէն կը կտրուին։ Թնդանօթներու ձայներուն ներքեւ կը լսեք մեր պատասխանը»։ 

Էրնեսթ սակաւապետական իշխանութիւնները կ՚անուանէ «երկաթէ կրունկ»։ Յուսահատուած ու ճարահատեալ գործաւորներ կ՚ապստամբին իշխանութեան եւ իրենց գործատէրերուն դէմ, սակայն ատիկա կը խափանուի բանակին կողմէ․ բանակը պետութեան գործիքը դարձած է իշխանութեան տիրապետութեան օրօք։ Իշխանութեան ճանապարհին արգելք հանդիսացող անհատներ կը ձերբակալուին ու կը դատապարտուին ամենադաժան պատիժներով։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցները կը գրաքննուին պետութեան շահերուն համաձայն եւ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները կը քարոզեն ընկերվարականութեան դէմ։ 

Էրնեսթ իր արտասանած ազնիւ ճառերով ու յորդորներով կը յաջողի Ամերիկայի շարք մը նահանգներու մէջ ընդունելի դարձնել իր գաղափարները։ Շիքակոյի մէջ բանուորներ դարձեալ կը փորձեն ապստամբիլ՝ գլխաւորութեամբ Էրնեսթի։ Այս դէպքը աւարտին կը հասնի բանակի յաղթանակով. գործաւորներ կը ճնշուին «երկաթէ կրունկ»ի տակ։ 

Բանուորներու դասակարգին մասին յօրինուած են բազմաթիւ գիրքեր Պալզաքի, Հիւկոյի, Ֆլաոպերի, Թոլսթոյի եւ նման հեղինակներու կողմէ, սակայն սակաւապետութիւնը՝ որպէս քաղաքաֆինանսական զանգուած առաջին անգամ գրի առնուած է «Երկաթէ կրունկ»ի մէջ։ Վէպի մէջ պատկերուած կերպարներն ու դէպքերը իրական դէպքերու հետ ունին զուգահեռներ։ Գիրքի մէջ կանխատեսուած որոշ պատահարներ ուշադրութեան առարկայ դարձան վերլուծաբաններու կողմէ։ Գիրքի հետաքրքրութեան արժանի երեսակներէն մին է հետեւեալը․ կազմողական վիրաբուժութիւնը (plastic surgery) առաջին անգամ պարզաբանուած է այս գիրքին մէջ, որ այդ ժամանակուայ փորձագիտական ու բժշկական միջոցներով կարելի չէր նման գործողութիւն մը կատարել։ Իր երեւակայութեան արդիւնքները տարիներով ուղեցոյց եղած են յաջորդ սերունդներու քաջալերման ու զարգացման համար։ 

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2019