ՍՐՏԻ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ

Աշխարհի նոր իրողութիւնը սա է. «բոլորը կախեալ է բոլորէն»։ Չկան տարածքային կամ կրօնական որեւէ սահման այն հարցերու մէջ, որոնք կը հետաքրքրեն ամբողջ մարդկութիւնը։ Ժամանակն է գիտակցիլ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը հաւասար է այս մոլորակի վրայ։ Ուզենք կամ ոչ՝ պէտք է ըլլանք միասնական։ 

Պատմութիւնը մեզի ցոյց կու տայ հետեւեալը. երբ մարդիկ միայն հետամուտ են իրենց ազգային շահերուն, անոնց կը վիճակին հակամարտութիւններ եւ պատերազմներ։ Սա անհեռատեսութիւն եւ յետամնացութիւն, յետադիմութիւն է։ Եղբայրութեան մէջ ապրիլը խաղաղութեան, գթութեան, փոխըմբռնման, խելամտութեան եւ, ամենակարեւորը՝ արդարութեան տանող միակ ճանապարհն է։ Ժամանակն է գիտակցիլ, թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը նոյնն է այս մոլորակի վրայ։ Ուզենք կամ ոչ, պէտք է գոյատեւենք միասնականութեամբ ու եղբայրական սիրով։ 

Կրօնքը որոշ չափով կրնայ նպաստել այս պառակտումը, անհամերաշխութիւնը յաղթահարելու ճանապարհին։ Համաշխարհային եւ լաիք բարոյականութեան ըմբռնումը շատ աւելի կարեւոր է մանաւանդ՝ այսօր։ Մեզի պէտք է կլոպալ բարոյագիտութիւն, որ կը ներառէ թէ՛ հաւատացեալները եւ թէ անհաւատները, թէ՛ գիտունները եւ թէ անգէտները, թէ՛ մանուկները եւ թէ չափահասները…

Իմ փափաքն է, որ օր մը պաշտօնական կրթութիւնը «կարեւորէ» հոգեւոր դաստիարակութիւն՝ սէր, գթութիւն, մարդասիրութիւն, անաչառութիւն, ներողամտութիւն, ողջախոհութիւն, հանդուրժողականութիւն եւ խաղաղութիւն ջամբելը։ Այսպիսի կրթութեան համակարգ մը անհրաժեշտ է մանկապարտէզէն մինչեւ համալսարաններ։ Ես կը խօսիմ ընկերային, հոգեբանական եւ առաքինի ուսուցման մասին։ Մեզի անհրաժեշտ է համաշխարհային ձեւաչափով նախաձեռնութիւն՝ որ կրնայ այս դարաշրջանին դաստիարակել սրտերն ու մտքերը։ 

Մեր կրթական համակարգերը այժմ կը կեդրոնանան հիմնականին նիւթական արժէքներու եւ մարդու «իմաստութեան» մշակման վրայ։ Բայց ճշմարտութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, թէ մենք միայն «հասկնալով» չենք կրնար հասնիլ «հասկացողութեան»։ Մենք պէտք է առաւել ուշադրութիւն դարձնենք ներքին արժէքներուն։

Անհանդուրժողականութիւնը պատճառ կը դառնայ ատելութեան ու տարանջատման, բաժանման։ Մեր երեխաները պէտք է մեծնան՝ այն ըմբռնումով, որ հակամարտութիւններու կարգաւորման ամենանպաստաւոր ճանապարհը փոխըմբռնումը, բանակցիլը եւ հանդուրժողականութիւնն են, ոչ թէ բռնութիւնը։ Երիտասարդ սերունդները հսկայական պատասխանատուութիւն ունին աշխարհը բոլորին համար աւելի խաղաղ վայր մը դարձնելու ուղղութեամբ։ Անոնք այս բանը կրնան իրականացնել միայն այն պարագային, եթէ մենք «մարզենք» ո՛չ միայն մեր ուղեղները, այլեւ՝ մեր սիրտերը։ Ապագայի կրթական համակարգերը պէտք է կարեւորեն «մարդկային կարողութիւններու» ամրապնդումը. ինչպէս՝ անկեղծութիւնը, միասնութեան զգացումը, մարդասիրութիւնը եւ ընդհանրապէս սէրը։ 

Աւելի յստակ կը տեսնեմ, որ մեր հոգեւոր հանգստութիւնը, բարեկեցութիւնը կախուած է ո՛չ միայն կրօնէ, այլեւ՝ մարդկային բնութենէ, բարութենէ, գթութենէ, ուրիշներու հանդէպ հոգատարութենէ… Անկախ մեր դաւանած կրօններու, բոլորս, ըստ էութեան, մեր մէջ ունինք մարդկային բարոյականութեան աղբիւր։ Մենք պէտք է զարգացնենք այս ընդհանուր բարոյականութեան հիմքը՝ աղբիւրը։ 

Մարդկային համակեցութեան հիմքը հասկացողութիւնն է։ Իմ համոզմամբ, մարդկութեան զարգացումը կախուած է ո՛չ թէ մրցակցութենէ, այլ՝ համատեղ աշխատանքէ։ Գիտութիւնը եւ պատմութիւնը մեզի ցոյց կու տան այս բանը։ 

Մենք պէտք է սորվինք, որ ամբողջ մարդկութիւնը հսկայական ընտանիք մըն է։ Բոլորս եղբայրներ ենք՝ ֆիզիքապէս, նաեւ մտաւորական եւ հոգեկան առումներով։ Բայց մենք տակաւին կը կեդրոնանանք մեր տարբերութիւններու, ո՛չ թէ նմանութիւններու վրայ։ Մինչդեռ, մեզմէ իւրաքանչիւրը, ի վերջոյ՝ կը ծնի եւ կը մահանայ։

Ամէն ինչի հիմքին կայ հարցում մը. ո՞րն է կեանքի նպատակը։ Իւրաքանչիւր անձ իր կեանքի ողջ տեւողութեան կը ձգտի հասնիլ «երջանկութեան» եւ խուսափիլ տառապանքներէ։ Ո՛չ ընկերային պայմանները, ո՛չ կրթական մակարդակը կրնան փոխել այս իրողութիւնը։ Բոլորս կ՚ուզենք պարզապէս երջանիկ ըլլալ, բայց ամենակարեւորն է գիտնալ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է երջանիկ ըլլալ։ 

Այս աշխարհին վրայ, մեզմէ իւրաքանչիւրը ժամանակաւոր հիւր է։ Որքա՜ն յիմարութիւն է այս կարճ ժամանակը անցընել առանձին, դժբախտ կամ «մրցակիցներու» հետ հակասութեան մէջ։ Համաշխարհային խաղաղութիւնը պէտք է սկսի ներքին խաղաղութենէ։ Խաղաղութիւնը չի նշանակեր, թէ չկայ բռնութիւն։ Խաղաղութիւնը իմ տեսանկիւնէն մարդկային խղճի դրսեւորումն է։ Խիղճը կրօնի հետ կապ չունի, այլ մարդկային է։ Այդ պերճանք չէ, մեր սեփական խաղաղութիւնն ու մտաւոր կայունութիւնը կենսական նշանակութիւն ունին մարդու գոյութեան համար։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 26, 2021