«ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՄԻՇՏ ԿԸ ԿԱՆՉԷ։ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ Է»

Հայրենիքի մասին խօսիլ, կը նշանակէ խօսիլ ազգի մը, ժողովուրդի մը ողջ պատմութեան մասին: Ո՛չ միայն անցեալի, այլ նաեւ ներկայի եւ ապագայի: Ո՛չ միայն պատմութեան, այլ նաեւ հաւատքի, մշակոյթի, ժառանգութեան, ճարտարապետութեան, գիր ու գրականութեան, մէկ խօսքով, այն բոլոր մասնիկներուն մասին, որոնք կը կազմեն ու գոյ կը պահեն ազգն ու ժողովուրդը: Ազգ մը, ժողովուրդ մը առանց Հայրենիքի, առանց մայրական օճախին չի՛ կրնար երկար գոյատեւել, ինչքան ալ զօրաւոր եւ ամուր ըլլան իր կապերը իր անցեալին, իր ժառանգութեան հետ, վկայ ցանկացած ժողովուրդի կամ ազգի սփիւռքեան իրականութիւնները, որոնք տարուէ տարի կը ձուլուին եւ կը դիմագրաւեն ընդհանուր ձուլման վտանգը: Իսկ Հայրենիքի գոյութիւնը, հայրենի հողի առկայութիւնը ազգերու եւ ժողովուրդներու գոյութեան գրաւականն է:

Այստեղ ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնենք փունջ մը մտածումներ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն:

Բարի ընթերցանութիւն.

- Հայրենիքը եղած է ու կը մնայ հայութեան յոյսը, ներշնչանքն ու զօրութիւնը, պարծանքն ու փառքը:

- Հայրենիքը յոյսի խարիսխն է համայն հայութեան:

- Ժողովուրդները կ՚ապրին եւ կը գոյատեւեն հայրենիքով, իսկ հայրենիքը կը ծաղկի իր զաւակներուն նուիրումով ու զոհողութիւններով:

- Այսօր վերստին փառք կը բարձրացնենք Երկինք, որ մեր հայրենի երկիրը իր անկախ պետականութեամբ օրաւուր կը զօրանայ, յոյսն ու մխիթարութիւնը կը դառնայ աշխարհասփիւռ հայրենի հայոց զաւակներուն, որովհետեւ ուր որ ալ ապրած ենք, հայոց անկախ պետականութիւնը տենչացած ենք:

Գոհութիւն Աստուծոյ, որ մեզի պարգեւած է Իր ամենառատ շնորհքները եւ այսօր հայոց ազգը կ՚ապրի եւ կը բերկրի իր անկախ երկիրով ու իր պայծառ Եկեղեցիով։

Սիրելի՛ բարեպաշտ զաւակներ Մեր, միայն Աստուծոյ ապաւինած, միայն Քրիստոսին հաւատարիմ ժողովուրդ ըլլալով է, որ մենք կրցած ենք ապրիլ եւ յարատեւել, կառուցել մեր նոր կեանքը եւ պայծառացնել մեր Սուրբ Եկեղեցին, աղօթքներով զօրանալ եւ Աստուծոյ ողորմութիւնը Երկինքէն մեր կեանք իջեցնել։ Արդարեւ, մեր հոգիի ջերմ հաւատքն է, որ մշտապէս պիտի իջեցնէ Աստուծոյ Միածին Որդին Իր փառքի լոյսերով։ Հետեւաբար, շարունակե՛նք մեր կեանքը հաւատարմութեան այս ընթացքով եւ միշտ օրհներգենք մեր հայրերու աղօթասաց շարականով՝ «Էջմիածին ի Հօրէ եւ լոյս փառաց ընդ նմա»։

- Հայրենիքը մեր յոյսերու խարիսխն է, ազատ, ապահով, բարեշէն կեանքի, մեր գալիքի երաշխիքն է, ազգս համախմբող աստուածապարգեւ մեր տունը:

- Համայն հայոց Հայրենիքն է Հայաստանը, որ այսօր սիրող մօր նման աչքը յառած՝ կը փնտռէ ու կը սպասէ իր զաւակներուն, կը սպասէ ձեզի, սիրելի՛ հայորդիներ, որպէսզի գաք. ձեր տանիքն ու յարկը կառուցէք նուիրական մեր հողին վրայ:

- Հայրենիքը մենք ենք՝ իւրաքանչիւրս եւ բոլորս: Միաբանութեամբ ու համերաշխութեամբ պիտի գծենք Հայրենիքի ծառայութեան մեր ճանապարհը: Սիրով իրարու ծառայելով պիտի վկայենք մեր ճշմարիտ հայրենասիրութիւնը եւ մեծագոյն հաւատարմութիւնը Հայրենիքին:

- Արդարութիւն պէտք է կատարել Հայրենիքին դիմաց, Հայրենի՛ք, որ մեզի համար միայն երկիր ու հող չէ, որ մեր պատմութիւնն է, մեր ինքնութիւնն է, մեր կենսագրութիւնը, մեր լինելութիւնը եւ մեր յաւերժութեան գրաւականը, Հայրենիք, որ այսօր ալ կը մաքառի իր անկախ պետականութեան կերտումին համար՝ բազմաթիւ փորձութիւններու մէջէն անցնելով, բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարելով, արիւն եւ քրտինք թափելով նուիրական այս սուրբ հողին:

- Հայրենիքին պարտական ենք բոլորս, մշտապէ՛ս: Հայրենիքը միշտ իրաւացի է՝ սկիզբ եւ ինքնութիւն պարգեւող իր զօրութեամբ, իր զաւակները միաւորող խորհուրդով: Հայրենիքին առջեւ զինաթափ ենք բոլորս:

- Կը փափաքիմ վստահեցնել ձեզ, որ թէեւ Հայրենիքը ծանր օրեր կ՚ապրի, բայց հաւատացէ՛ք, որ մեր ժողովուրդին զաւակները իրենց ամուր կամքով եւ հաւատքով պիտի յաղթահարեն բոլոր դժուարութիւնները եւ պիտի կերտեն մեր բոլորին երազներու Հայրենիքը, որ օրհնութիւն պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր աշխարհասփիւռ հայորդիի համար:

- Հայրենիքը բոլորէն եւ ամէն ինչէն վեր է: Խոնարհի՛նք Հայրենիքի սիրոյն եւ Հայրենիքի հանդէպ մեր պարտքին առջեւ:

- Հայրենիքը աստուածապարգեւ է, երկնաշնորհ:

- Աղօթախօ՛ս անցնինք կեանքի մեր ուղին, մեր հոգիներուն մէջ վա՛ռ պահենք պատկերն Արարատի, Լուսաւորիչի Կանթեղին լոյսը, որ նոր ներշնչանքով ու սիրով կը դարձնէ մեր հայեացքը դէպի Սուրբ Էջմիածին: Ուր ալ ապրինք, մենք բոլորս ալ զաւակներն ենք նոյն ժողովուրդին եւ Հայ Առաքելական մէկ Եկեղեցւոյ: Ուր ալ ըլլանք, պահե՛նք մեր հաւատարմութիւնը Հայրենիքի սրբութիւններուն նկատմամբ, որով կը պայմանաւորուի մեր արժէքը որպէս մարդ եւ որպէս հայ:

- Ազատ է մեր Հայրենիքը հայրենեաց սուրբ արժէքներով ապրելու, իր վաղուան նոր օրը կառուցելու, ազատ է՝ աշխարհասփիւռ իր զաւակները հայրենի տան յարկին տակ խնդութեամբ ընդունելու, ազատ է՝ իր ստեղծագործ ոգիի արգասիքները շնորհելու ժողովուրդներու ու պետութիւններու բարեկամութեան եւ համագործակցութեան: Հաւատարի՛մ մնանք մեր ընտրութեան, ըլլանք տէ՛րն ու բարի տնտեսը մեր Աստուածապարգեւ երկրին եւ մեր գործերով, մեր սիրով ու նուիրումով արդիւնաւորենք անոր իւրաքանչիւր օրը:

- Ուխտի գալ Հայրենիք՝ կը նշանակէ նուիրական զգացումներով գալ եւ այդ նուիրական զգացումները այստեղ սնուցել հայրենի պատմութեամբ ու ներկայով:

- Միշտ յիշենք՝ միայն համախմբուածութեամբ հնարաւոր է իրագործել հզօր Հայրենիքի մեր տեսիլքը, միայն օրինայարգութեամբ, արդարասիրութեամբ, ծառայական նուիրումով, յանձնառութիւններով ու զոհողութիւններով կրնանք ծաղկեցնել մեր կեանքը եւ ամուր ու հաստատուն պահել մեր պետականութիւնը: Միայն հզօր պետութիւն ունենալով կրնանք սատար կանգնիլ Սփիւռքի մեր համայնքներուն, ազգային ինքնութեան պահպանութեան անոնց նուիրական ջանքերուն եւ նեցուկ կանգնիլ նեղութիւններու մէջ յայտնուած մեր ազգի զաւակներուն:

- Կարելի չէ Հայրենիքէն երես դարձնել ձախողած գործի եւ կամ տեղ գտած անարդարութեան պատճառով: Կարելի չէ Հայրենիքէն երես դարձնել, եթէ նեղութիւններու, փորձութիւններու եւ մարտահրաւէրներու դիմաց է եւ կամ նուազ հարուստ ու յարմարաւէտ է: Հայրենիքի զինուորն ու ծառան ենք: Ա՛յս պէտք է ըլլայ մեր նշանաբանը: Մենք Հայրենիքը պիտի սիրենք պարզ այն պատճառով, որ մերն է, մեր հայրերուն արիւնով ու քրտինքով նուիրագործուած է ու մեզի աւանդուած: Մեզմէ իւրաքանչիւրս Հայրենիքով է զօրաւոր՝ որպէս ազգի զաւակ, որպէս կրողն ու շարունակողը հայրենեաց ժառանգութեան, իսկ մեր Հայրենիքին զօրութիւնը մեր ժողովուրդն է՝ ի Հայրենիս եւ ի սփիւռս միասնաբար:

- Ազգային եւ հոգեւոր զօրացած կեանքով ու ամուր միասնութեամբ է, որ պիտի շէնցնենք մեր Հայրենիքը, բարօր դարձնենք մեր ժողովուրդին կեանքը, պաշտպանենք մեր արդար իրաւունքները, աներեր պահենք մեր երկրին կայունութիւնը, աներեր՝ գալիքին հանդէպ լաւատեսութիւնը...:

- Հաւատքով մենք ապրած ենք, հաւատքով մենք արարած ենք, հաւատքով մեր պատմութեան փառապանծ էջերը կերտած ենք: Հաւատքով մենք յաղթանակած ենք, հաւատքով մենք մեր ընթացքը պիտի շարունակենք՝ կեանքի կոչելով ազգային մեր իղձերը, հզօրացնելով մեր Հայրենիքը, պաշտպանելով մեր արդար դատը եւ ամուր, հաստատուն դարձնելով խաղաղութիւնը հայրենի մեր սահմաններուն մէջ: Իւրաքանչիւրս մեր բաժին պարտքն ունինք բերելու այս նուիրական գործին՝ Հայրենիքի շէնացման, հայրենիի հզօրացման, մեր ժողովուրդի խաղաղ ու բարօր կեանքի կերտման նուիրական ու սուրբ գործին մէջ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2020