ՆՈՒԻՐԵԱԼԻ ՄԸ ՀՐԱԺԵՇՏԸ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ շա­բա­թա­վեր­ջին իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է հայ գրա­կա­նու­թեան նուի­րեալ սպա­սա­ւոր­նե­րէն մին՝ բա­նաս­տեղծ Զա­րեհ Խրա­խու­նի (Ար­թօ Ճիւմ­պիւ­շեան)։ Իր կո­րուս­տով մեր գրա­կան ան­դաս­տա­նէն հրա­ժեշտ կ՚առ­նէ յատ­կան­շա­կան ա­նուն մը, որ իր վիթ­խա­րի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ անջն­ջե­լի եւ վառ հետք մը թո­ղած է՝ հա­յոց մշա­կոյ­թին եւ Մես­րո­պեան բա­նա­կի ծա­ռա­յու­թեան ճա­նա­պար­հին։

1926 թուա­կա­նին Իս­թան­պու­լի մէջ ծնած էր Ար­թօ Ճիւմ­պիւ­շեան, որ Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի սա­նե­րէն մին էր։ Ա­ւար­տած էր Իս­թան­պու­լի հա­մալ­սա­րա­նի Գրա­կա­նու­թեան ֆա­քիւլ­թէի փի­լի­սո­փա­յու­թեան, հո­գե­բա­նու­թեան եւ ըն­կե­րա­բա­նու­թեան բա­ժի­նը։ Ե­րի­տա­սար­դու­թեան տա­րի­նե­րուն Փա­րիզ մեկ­նած էր՝ ընդ­լայ­նե­լու հա­մար իր ծա­նօ­թու­թիւ­նը գե­ղա­րուես­տի եւ մշա­կոյ­թի պատ­մու­թեան ուղ­ղու­թեամբ։ Տաս­նա­մեակ­նե­րու իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քին տե­ւո­ղու­թեան ան ար­տադ­րած էր լուրջ թա­փով եւ այդ բո­լո­րէն վերջ այ­սօր ար­դէն թո­ղած է գրա­կան լուրջ ժա­ռան­գու­թիւն մը, որ իր կեն­դա­նու­թեան իսկ շրջա­նին ար­դէն սկսած էր ար­ժե­ւո­րուիլ՝ նե­րա­ռեալ գի­տա­կան հար­թու­թիւ­նը։ Իր գրա­կա­նու­թեան հա­մա­կիր­նե­րը ան­բա­ցատ­րե­լի հրճուան­քով կը թղթա­տէին իր գիր­քե­րը՝ քա­նի որ ան կը յա­ջո­ղէր ու­րոյն ո­ճով իր պատ­գա­մը հասց­նել ըն­թեր­ցող­նե­րուն։ Իր հրա­տա­րա­կած գիր­քե­րուն ա­ռըն­թեր, լուրջ ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցած էր Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան «Սան» եր­բեմ­նի գրա­կան-մշա­կու­թա­յին հան­դէ­սին, նաեւ ե­րախ­տա­շատ սպա­սա­ւո­րու­թիւ­նը բե­րած էր նաեւ հա­յա­տառ մա­մու­լին։

87 տա­րե­կա­նին մեզ­մէ հրա­ժեշտ ա­ռած Զա­րեհ Խրա­խու­նիին վաս­տա­կը ար­ժա­նա­ցած էր բարձր գնա­հա­տան­քի։ Ան նուա­ճած էր զա­նա­զան պար­գեւ­ներ կամ մրցա­նակ­ներ։ Այդ ամ­բող­ջին մէջ ա­մե­նա­յատ­կան­շա­կան­նե­րը կը հա­մա­րուին՝ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի կող­մէ ի­րեն շնոր­հուած «Ս. Սա­հակ-Ս. Մես­րոպ» շքան­շա­նը եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան «Ս. Մես­րոպ» շքան­շա­նը։

Զա­րեհ Խրա­խու­նի կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կ՚ապ­րէր ա­ռող­ջա­կան վե­րի­վայ­րում­ներ, ո­րոնց կը դի­մադ­րէր շրջա­պա­տուած ըլ­լա­լով ըն­տա­նե­կան ջերմ մթնո­լոր­տի մէջ, նաեւ իր բա­րե­կամ­նե­րուն եւ հա­մա­կիր­նե­րուն բա­րո­յա­կան զօ­րակ­ցու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձած ըլ­լա­լով։ Այս բո­լո­րէն վերջ ան հրա­ժեշտ ա­ռաւ կեան­քէն՝ անմ­խի­թար թող­լով բո­լո­րը։

Յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան վայրն ու թուա­կա­նը ա­ռանձ­նա­պէս պի­տի հրա­պա­րա­կուին ըն­տա­նե­կան մա­հազ­դով։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան տնօ­րի­նած է, որ­պէս­զի Զա­րեհ Խրա­խու­նիին հրա­ժեշտ տրուի Ազ­գա­յին յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան կար­գով։

Այս տխուր առ­թիւ մեր խո­նար­հու­մը կը բե­րենք Զա­րեհ Խրա­խու­նիի ար­տադ­րա­կան մեծ վաս­տա­կին առ­ջեւ, խո­րա­պէս վշտակ­ցե­լով իր այ­րիին՝ բազ­մա­մեայ կրթա­կան մշակ Մառ­լէն Ճիւմ­պիւ­շեա­նին եւ իր բո­լոր հա­րա­զատ­նե­րուն, ինչպէս նաեւ իր գրականու-թեան համակիրներուն, որոնք կը սգան Խրախունիի կորուստը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2015