ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ, ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՉԱՓՈՐՈՇԻՉՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Վերջին աւելի քան մէկ ամիսը Հայրենի մեր իրականութիւնը ալեկոծ իրավիճակի մէջ է, կապուած նոր ուսումնական ծրագիրի չափորոշիչներուն հետ, որոնք 2022-2023 ուսումնական տարեշրջանէն մուտք պիտի գործեն ուսումնական ծրագիր:

Կրթութեան նախարարութեան կողմէ երաշխաւորուած յանձնախումբերը անցնող շրջանին հրապարակեցին Հայոց պատմութեան եւ Հայ գրականութեան դասանիւթերուն չափորոշիչները, որոնք մեծ աղմուկ եւ ընդվզում բարձրացուցին մեր հանրութեան մէջ: Ցաւալին այն է, որ Կրթութեան նախարարութիւնն ու գործող իշխանութիւնները այդ աղմուկն ու ընդվզումը կ՚ընկալեն որպէս նախկիններու ձեռքի գործ եւ «խաւարէն եկող աղմուկ» կ՚որակեն: Նպատակս այս մասին խորանալ չէ, այդ պատճառով չեմ անդրադառնար նման տգէտ եւ մանկամիտ պատճառաբանութիւններուն եւ արդարացումներուն:

Անդրադառնամ դասանիւթերուն առանձին-առանձին:

Սկսիմ «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» դասանիւթով: Գործող իշխանութիւնները երբ իշխանութիւնը ձեռք ձգեցին, սկիզբը բարձրաձայն եւ «հաստատակամ» յայտարարութիւններով հանդէս եկան՝ վարչապետի, կրթութեան նախարարի եւ այլոց կողմէ, թէ այս դասանիւթը ուսումնական ծրագիրէն դուրս պիտի չբերուի: Սակայն, ինչպէս բազմաթիւ այլ խոստումներ յօդս ցնդեցան, այդպէս ալ եղաւ «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» դասանիւթի պարագան… Այս անգամ արդարացումները եկան ըսելու, թէ անտրամաբանական է «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն»ը բաժնել հայ ժողովուրդի պատմութենէն, անդին, պնդումներ եղան, թէ «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն»ը ներառնուած է այլ դասանիւթերու մէջ, սակայն այդ պնդումներն ալ իրականութեան չեն համապատասխաներ, որովհետեւ ներառնուած բաժինը ներկայ դասանիւթին երեսուն տոկոսն անգամ չի՛ կազմեր:

Իշխանութիւններուն եւ նախարարութեան պնդումները մէկ բան ցոյց կու տան, որ իրենք յստակ կերպով խնդիր ունին հոգեւոր եւ բարոյական դաստիարակութեան հետ, աւելի՛ն. յստակ խնդիր ունին հայագիտական դասանիւթերուն հետ, որոնց միջոցով հայ մանուկը, պատանին ու երիտասարդը կը սորվին, թէ ինչո՞ւ համար անհրաժեշտ են իրենց համար ազգային պատկանելիութիւնը, ազգասիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը, եկեղեցասիրութիւնը, ծնողասիրութիւնը եւ այլ բազմաթիւ արժէքներ:

Շատեր «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն»ի միացումին կողմ արտայայտուած են, պատճառաբանելով, թէ իրապէս իմաստ չունի զայն բաժնել Հայոց պատմութենէն: Բարի, յարգելիներ, հետեւեալ մի քանի հարցումներուն պատասխանները եթէ ունիք, հետեւաբար խնդիր չկայ, թող միանան այդ երկու դասանիւթերը.

ա. «Հայոց պատմութիւն» դասանիւթին մէջ Սուրբ Թադէոս եւ Բարթուղիմէոս առաքեալները որպէս ի՞նչ պիտի ներկայացուին եւ արդեօք ուսուցիչները պատշաճ ձեւով պիտի խօսի՞ն անոնց մասին եւ պէտք եղած գիտելիքը փոխանցեն մեր մատղաշ սերունդին, թէ ովքե՞ր եղած են իրենց ժողովուրդին առաջին լուսաւորիչները:

բ. Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը ի՞նչ ձեւով պիտի ներկայացուի «Հայոց պատմութիւն» դասանիւթին մէջ: Պիտի խօսուի՞, թէ ինչու Խոր Վիրապ նետուեցաւ եւ մինչ մտնելը կրած չարչարանքներուն մասին, 13 տարի Խոր Վիրապին մէջ մնալուն մասին, դուրս գալէն ետք ծաւալած աշխատանքներուն մասին, իր ներկայացուցիչը Նիկիոյ Տիեզերական Ա. Ժողովին ղրկելու մասին, եւ այլն, եւ այլն:

գ. Սուրբ Սահակ Պարթեւի եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի մասին պիտի խօսուի՞, թէ անոնք հայերէնի թարգմանեցին Աստուածաշունչ Մատեանը, որ անոնք զարգացուցին ու ճոխացուցին մեր հոգեւոր երգերն ու շարականները, թէ Հայաստանի տարբեր վայրերուն մէջ դպրոցներ բացին, եւ այլն, եւ այլն…

դ. Ս. Ներսէս Մեծ, Ս. Յովհան Մանդակունի, Կոմիտաս Աղցեցի, Ս. Յովհան Օձնեցի, Ս. Ներսէս Շնորհալի, Սիմէոն Երեւանցի (անունները կարելի է երկարել…) հայրապետները որպէս ինչպիսի՞ն պիտի ներկայացուին, պիտի խօսուի՞ անոնց գործունէութեան եւ ձգած ժառանգութեան մասին, թէ պարզապէս մի քանի բառ ըսուի…

ե. Ներսէս Լամբրոնացին, Բարսեղ Ճոնը, Խոսրով Անձեւացին, Անանիա Շիրակացին, Ս. Գրգիոր Նարեկացին, Ս. Գրիգոր Տաթեւացին (դարձեալ անունները կարելի է երկարել…) վարդապետները որպէս ինչպիսի՞ն պիտի նկարագրուին…

զ. Պիտի խօսուի՞ արդեօք Հայ Եկեղեցւոյ ժողովներուն մասին, ինչպէս նաեւ կարեւոր հանգրուաններուն մասին, յատկապէս Ռուբինեան թագաւորութեան ժամանակաշրջանին եւ անկէ ետք կաթոլիկութեան վտանգին մասին, ի մասնաւորի ունիթոռական շարժումին մասին, որու ամենէն բուռն հակառակորդներէն մէկը, որ պայքարած է անոնց դէմ, եղած է Ս. Գրիգոր Տաթեւացին:

է. Պիտի խօսուի՞ Հայ Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն մասին, Ասորի, Յոյն, Կաթոլիկ եկեղեցիներուն հետ…

ը. Հայ Եկեղեցւոյ տօները, աւանդութիւնները, խորհուրդները եւ այլն, ինչքանո՞վ արտացոլուած պիտի ըլլան նոր չափորոշիչներուն մէջ եւ ի՞նչ ձեւով պիտի հրամցուին աշակերտներուն:

թ. Ի վերջոյ եւ ամենէն կարեւորը, Աստուածաշունչը եւ քրիստոնէական բարոյագիտութիւնը ինչքանո՞վ տեղ պիտի գտնեն նոր չափորոշիչներուն մէջ եւ արդեօք Հայոց պատմութեան, Հասարակագիտութեան եւ այլ դասանիւթերու ուսուցիչներ պիտի յաջողի՞ն ճիշդ կերպով ներկայացնել այս բոլորը…

Հարցումներուն շարքն ալ տակաւին կարելի է երկարել, բայց այսքանը այստեղ բաւարար է: «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն»ը ո՛չ թէ լոկ պատմութիւն է, այլ՝ ամբողջական արժեհամակարգ մըն է, որ կը փոխանցէ մեր սերունդներուն, որու միջոցով հայ մանուկը, պատանին եւ երիտասարդը ա՛լ աւելիով կը կապուի իր հայրենիքին, իր ժողովուրդին:

Գամ Հայոց պատմութեան դասանիւթին: Տուեալ դասանիւթին մասնագէտները իրենց ընդվզումը արդէն բարձրացուցին հրապարակուած չափորոշիչներուն հետ կապուած: Փաստօրէն, չափորոշիչները կազմողները որոշած են, որ մեր երեխաները պէտք չէ երկար-բարակ կարդան ու սորվին մեր ժողովուրդի անցեալի պատմութեան մասին, որովհետեւ այդպիսով անոնք՝ մեր երեխաները շա՜տ կը ծանրաբեռնուին: Հետաքրքրական է, մարդ, ան ալ հա՛յ մարդը ինչպէ՞ս կրնայ նման կերպով մտածել:

Զարմանալը աւելորդ է, որովհետեւ այս չափորոշիչները կազմող յանձնախումբի ղեկավարը հետեւեալ գրառումը կատարած էր իր դիմատետրի էջին վրայ արդարացնելով իրենց գործելաոճը. «Ի՞նչ կայ… Սիրելի ընթերցասէր հայ ժողովուրդ, հանրակրթական դպրոցում ուզում էք համալսարանների բանասիրական ֆակուլտետների ծրագրերն իրացնե՞լ. լաւ, մեր երեխաները՝ 6-18 տարեկան, ի՞նչ մեղք են գործել, ձեր մեղքը չե՞ն գալիս… Մի անգամ թոռնիկս /8 տարեկան/ շատ լաւ ասաց.

-Եթէ մեր ազգը էսքան հին չլինէր, ես էսքան սովորելու դաս չէի ունենա…»… Նախ կը ցաւիմ ձեր թոռնիկին համար… Իսկ ձեր գրածին պատասխանը կու տամ Գարեգին Նժդեհին. «Վաղը պիտ անասնանան ու կործանուեն այն ժողովուրդները, որոնց որդիներն այսօր ուսումնասիրում են իրենց պատմութիւնը Մարքսից կամ Լենինից եւ ոչ իրենց նախահայրերից սկսած»… Դպրոցներուն մէջ չե՛նք ուզեր մեր զաւակներուն համալսարանականներու ծրագիրներ իրականացնել, այլ կ՚ուզենք որ մեր զաւակները պարզապէս ատակ ըլլան համալսարան մտնելու եւ արդէն իսկ հարուստ պաշարով ուսումնասիրելու եւ ըմբռնելու իրենց ինքնութիւնը եւ պատմութիւնը, իսկ այդ ընելու համար անհրաժեշտ ու կարեւոր է դպրոցներէն ներս ճիշդ կերպով ուսում ստանան իրենց ժողովուրդի, իրենց նախնիներու ինքունթեան եւ ծագումին մասին:

Ինչ կը վերաբերի Հայ գրականութեան: Այլ կարգի այլասերուածութիւն կը տիրէ Հայ գրականութեան դասանիւթին մէջ: Չափորոշիչները կազմողներուն ամենէն էական հարցը եղած է, նախ եւ առաջ «հայ» բառը հանել «գրականութիւն» բառին առջեւէն, պատճառաբանելով թէ Հայ գրականութիւնը մաս կը կազմէ համաշխարհային գրականութեան… Գաւառամտութեան աղաղակող օրինակ…

Գրականութեան մասնագէտները եւս իրենց ընդվզումը արտայայտած են այս մասին, իրենց տրամաբանական եւ փաստացի դիտողութիւնները ներկայացնելով, սակայն՝ «ձայն բարբառոյ յանապատի»…

Նոր չափորոշիչները ողողուած են արտասահմանեան գրողներու հեղինակութիւններով, ինչպէս նաեւ մեր ժամանակակից հայ գրողներու գրութիւններով: Դասական գրողներու ծանրակշիռ մասը բացակայ են նոր չափորոշիչներուն մէջ…, չեմ խօսիր սփիւռքահայ գրողներու մասին… Հեղինակներուն առանձին ժամեր չեն տրամդրուած, այլ՝ ժանրերու եւ տեսակներու մասին յատուկ դասաժամեր, եւ այլն…, կարծէք թէ 2-րդ կամ 3-րդ դասարանի աշակերտին համար շատ դիւրահասկնալի կրնան ըլլալ գրական ժանրերն ու տեսակները… Եւ այս բոլորը կատարուած են «բարեփոխում» անուան տակ:

Աւելի չերկարեմ: Գրութիւնս աւարտեմ ժամանակակից գրող՝ Արփի Ոսկանեանի (որուն մէկ գրութիւնը ներառնուած է նոր չափորոշիչին մէջ) չափորոշիչներու մասին գրած՝ «Կրթական բարեփոխումներ. թող հին մեռելները իրենց տեղը զիջեն նոր մեռելներին» (20.08.2020 - www.groghutsav.am) գրութենէն մի քանի հատուածներ մէջբերելով, որոնք այնքան խօսուն եւ իմաստալից են: Այսպէս.

- «Կրթական բարեփոխումների շուրջ մոլեգնած վէճերը հանդարտուեցին, եւ հիմա ժամանակն է սթափ մտքով վերլուծելու դրանք։ Միանգամից ասեմ՝ իմ պատմուածքներից մէկը նոյնպէս ներառուած է գրականութեան ցուցակի մէջ, սակայն ես դէմ եմ ժամանակակից, դեռեւս ողջ, ապրող ու ստեղծագործող հեղինակին դպրոցական դասագիրք մտցնելուն եւ այս հայեցակարգն իր չափորոշիչներով ոչ միայն չեմ համարում առաջադիմական կամ յեղափոխական, այլեւ կարծում եմ, որ գաւառամտութեան դրսեւորում է»:

- «Քանի որ վաղուց հասունացել է կրթութեան արդիականացման անհրաժեշտութիւնը, կարելի է ենթադրել, որ այսպիսով փորձ է արւում ինչ-որ կերպ լուծելու այդ խնդիրը, սակայն ինչպէս մեր կեանքի այլ ոլորտներում, այստեղ նոյնպէս մակերեսային ու պարզունակ կերպով են պատկերացրել արդիականացումը»: Տակաւին. «Ամենակարեւոր պատճառներից մէկը, թէ ինչու ժամանակակից գրականութիւնը չի կարող յայտնուել դասագրքերում, որեւէ որակաւորող, արժեւորող ու միեւնոյն ժամանակ լեգիտիմ մարմնի բացակայութիւնն է (դասական գրականութեան պարագայում այդ մարմինը ժամանակն է)։ Խորհրդային տարիներին այդպիսի մարմին էր Գրողների միութիւնը, ինչպէս նաեւ “Գրական թերթն” ու “Գարուն” ամսագիրը, որտեղ տպագրուելը նոյնքան մեծ պատիւ էր, որքան եւ դժուար պատահող բարեբախտութիւն։ Գիրքը լոյս տեսնելուց առաջ անցնում էր զանազան ֆիլտրների միջով, գրքի տպագրութիւնը կարող էր տասնեակ տարիներ ձգուել։ Այսօր ցանկացած մարդ կարող է գիրք տպել եւ, փաստօրէն, լինել գրող։ Իսկ գրող լինելուց անմիջապէս յետոյ՝ յաւակնել գրականութեան դասագրքում տեղ զբաղեցնելուն։ Ո՞վ պիտի որոշի, թէ որ գրական գործն է արժանի ներկայացուելու դասականների կողքին, թէ ո՛ր ստեղծագործութիւնն է տեղաւորւում հայ գրականութեան յղացքի մէջ՝ դառնում աւանդոյթների շարունակողը՝ դրանք վերաիմաստաւորելով կամ մերժելով։ Չէ՞ որ ճաշակները շատ տարբեր են, եւ այն, ինչ մէկի համար գրական մեծ արժէք է, միւսի համար կարող է լինել ակնյայտ աղբ, ինչին մենք ականատես եղանք վերջին, կատաղի քննարկումների ընթացքում։ Այդ դերը կարող էր եւ պարտաւոր էր ստանձնել քննադատութիւնը, որ Հայաստանում այդպէս էլ չկայացաւ։ Թէ ինչու՝ սա մի առանձին յօդուածի թեմա է:

Եւ ահա, այս պայմաններում գրականութիւն արժեւորող ու գնահատող ինստիտուտը դառնում է հանրակրթական դպրոցը, գրականագէտները՝ մեր բոլորի երեխաները։ Նախարարը Պետրոս Ղազարեանին տուած իր հարցազրոյցում բառացի ասում է․ “Ժամանա՜կը պէտք է ցոյց տայ՝ արդեօ՞ք արժէքաւոր են այդ նիւթերը եւ ստեղծագործութիւնները, եւ արդեօ՞ք էդ հեղինակները արժանի են յետագայում էլ դասագրքերում տեղ ունենալու”։ Փաստօրէն, այն, ինչ չեն կարողանում անել գրականագէտները, գիտութեան թեկնածուներն ու դոկտորները, պրոֆեսորներն ու ակադեմիկոսները, պիտի անեն խեղճ աշակերտները։ Եւ մէկը չկայ նրա շրջապատում, որ ասի՝ հերթականութիւնը սխալ է ընտրուած, պարոն նախարար, սկզբում պէտք է ժամանակը ցոյց տայ, յետոյ, եթէ արժանի լինեն, նոր տեղ ունենան դասագրքերում։ Որովհետեւ մեր երեխաները փորձադաշտ չեն, մեր երեխաները մեր ամենաթանկն են, ու ինչպէս ամենաթարմ ուտելիքը ու ամենահամեղ պատառներն ենք տալիս նրանց, այդպէս էլ պարտաւոր ենք տալ ամենալաւ կրթութիւնը եւ ոչ թէ նրանց յիշողութիւնը զբաղեցնել անկարեւոր ինֆորմացիայով ու անուններով, որ վաղը մոռացուելու են կամ կը մոռացուեն, եթէ չընդգրկուեն դպրոցական ծրագրում»: 

«Դասական գրականութիւնը ժամանակակից գրականութեան հիմքն է եւ ճիշդ այդպէս ժամանակակից գրականութիւնը դասական գրականութիւնը ըմբռնելու լաւագոյն գործիքն է։ Սակայն ծանօթութիւնը ժամանակակիցների հետ պէտք է լինի զերծ պարտադրանքից, պիտի թողնի հաճելի հետք, պիտի մղի աշակերտներին հետաքրքրուել նոր գրականութեամբ, փնտռել ու գտնել հետաքրքիր հեղինակների։ Առաւելագոյնը, որ այս հարցում դպրոցը կարող է անել, մէկ դասաժամով ներկայացնելն է անկախութեան շրջանի գրականութիւնը հիմնական միտումներով, որ կան, եւ նորից ու նորից՝ պետութիւնը չպիտի հովանաւորի որեւէ խմբակի, հրատարակչութեան ու առանձին գրողների առաջխաղացումը։ Բարեբախտաբար մենք ապրում ենք համացանցի դարում, եւ անսահմանափակ են ինչպէս գրողների հնարաւորութիւնները՝ ճանաչուած լինելու, այնպէս էլ աշակերտների հնարաւորութիւնները՝ ճանաչելու նոր գրողներին։ Կարիք չկայ ձախ ձեռքով աջ ականջը բռնելու, կարելի է դպրոցները բաց պահել գրողների հետ հանդիպման համար, կարելի է դպրոցական ծրագրով նախատեսել այդպիսի հանդիպումներ ու բիւտջէ յատկացնել դրա համար, ինչպէս նաեւ՝ հաշուետուութիւններ պահանջել դպրոցներից։ Հասկանալի է, որ բիւտջէից արդէն միջոցներ են ծախսուել, սակայն ժամանակին կանգ առնելը թոյլ կը տայ խուսափել աւելի մեծ ծախսերից՝ մեծ քանակութեամբ նոր դասագրքերի ու մեթոդական նիւթերի տպագրութիւն, կադրերի վերապատրաստում եւ բազում այլ ծախսեր, որոնք երբեք արդարացուած չեն լինելու»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

31 օգոստոս 2020, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2020